İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ծառայասէր Ճորճ Գալօղլեանի Յիշատակին

ԶԱՒԷՆ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Ճորճ Գալօղլեանի մահէն 40 օրեր անցած է: Ան իր դաստիարակութեան ու աշխատանքներուն շնորհիւ տէր կանգնած է իր ընտանիքին` պահպանելով մարդկային եւ հայկական արժէքները:

Իսկ Գալօղլեանի հասարակական-ծառայողական աշխատանքները ունեցած են երկու ուղի. մէկըարմատներու պահպանում, իսկ երկրորդը սերունդներու դաստիարակութիւն:

Քիլիսցի հայրենակիցը աւելի քան յիսուն տարիներ մաս կազմած է քիլիսցիներու հայրենակցական միութեան, որուն ատենապետի պաշտօնը ստանձնած է վերջին քսան տարիներուն:

1980-ականներու սկզբնաւորութեան մաս կազմած է Ազգային Մարտիկեան վարժարանին, ապա Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի խնամակալութիւններուն: Այս առիթով ան գործակցած է քոլեճի չորս տնօրէններու հետ` Սարգիս Չոլոյեանին, Մանուշակ Պոյաճեանին, Բաբգէն Փափազեանին եւ Սեդա Պոյաճեանին:

Ճորճ Գալօղլեանը ժողովական էր, եւ երբեք չէր բացակայեր հաւաքներէն: Ճշդապահութիւնը սկզբունքի վերածած էր, եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ հետեւողական կերպով աշխատանքները կը հետապնդէր: Ան հաւաքական աշխատանքի կը հաւատար, պատրաստ էր բոլորին տեսակէտները մտիկ ընել եւ աշխատանքները համակարգել:

Լուրջ էր ժողովներուն ընթացքին, սակայն նեղ շրջանակի մէջ կատակասէր էր, եւ միայն մտերմութեան մէջ կարելի էր գիտնալ Գալօղլեանի հոգին, ընկերական ջերմութիւնը եւ հարազատութիւնը:

Ծառայասիրութեան ոգին կ՛արտայայտուէր իր խօսքերուն եւ գործերուն մէջ, երբ բծախնդրութեամբ կը կատարէր իրեն վստահուածը: Ան հայ աշակերտին նկատմամբ ունէր յատուկ սէր մը, որ կարելի չէր բառերով արտայայտել, եւ հայ դպրոցի պահպանման համար իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէր, որպէսզի հայ աշակերտը հայ դպրոց յաճախէր, հայկականութիւնը պահպանուէր, արմատները ամուր մնան…

Լիբանանահայութիւնը կորսնցուց նուիրեալ մը, որ մեզմէ հեռացաւ` իր ետին ձգելով յիշատակներ եւ բարի վաստակ…

Յիշատակը անթառամ մնայ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.