İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Թուրքեւազրպէյճանական «Մշակութային» Գործակցութիւն` Արցախի Մէջ

Ա. Ա.

Հայաստան կ՛ապրի վտանգաւոր եւ ճակատագրական փուլ մը, երբ իշխանութիւններ- ընդդիմութիւն տարակարծութիւնները կը շարունակեն արցախեան երկրորդ պատերազմէն մեծապէս ցնցուած երկիրը պահել վտանգաւոր գօտիի մը մէջ: Հարաւկովկասեան միւս հանրապետութիւնըՎրաստան եւս մխրճուած է իշխանութիւններ-ընդդիմութիւն տարակարծութիւններու պատճառով անկայուն իրավիճակի մը մէջ, որ քսանվեց փետրուարէն ի վեր կը շարունակուի ցոյցերով եւ բողոքի հաւաքներով, նաեւ ձերբակալութիւններով եւ ոստիկան ուժեր-ցուցարարներ յաճախակի բախումներով: Եթէ Վրաստանի պարագային Եւրոպական Միութիւնը աճապարեց միջնորդական առաքելութեամբ մը Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը Թիֆլիս առաքել, Հայաստանի պարագային ներքին քաղաքական անկայունութիւնը, որ առաւել սրեցաւ նախ սպայակոյտի պետի տեղակալը, ապա պետը պաշտօնազրկելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումներէն ետք, ցարդ Եւրոպական Միութիւնն ու միջազգային ընտանիքը մղած են միայն հանդարտութեան եւ զուսպ ըլլալու կոչերով բաւականանալու:

Սակայն հարաւկովկասեան այս բաւական անկայուն իրավիճակին մէջ չափազանց մտահոգիչը Թուրքիա-Ազրպէյճան համագործակցութեան թափն ու բնոյթն է այն պահուն, երբ Հայաստանի մէջ իրավիճակը առաւել կը սրի, եւ նոյնիսկ, քաղաքական որոշ մեկնաբաններու կարծիքով, քաղաքացիական պատերազմի մը վտանգին հաւանականութիւնը օրէ օր աւելի կը բարձրանայ, եթէ թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ՛ ընդդիմութիւնը խելամտութիւնը չունենան փոխադարձ զիջումներով հասկացողութեան մը հասնելու եւ երկիրը անել վիճակէն դուրս բերելու համար:

Թուրքիա ոչ իսկ կը մտածէ Արցախի հանդէպ իր ախորժակները թաքցնելու մասին եւ առիթը չի փախցներ Ազրպէյճանի մատուցած իր «ծառայութիւններուն» դիմաց Լեռնային Ղարաբաղի միջոցով Հարաւային Կովկասի մէջ իր ռազմաքաղաքական ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը ամրապնդելու առիթներ պահանջել Ազրպէյճանէն:

Ձախէն աջ` Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմով եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու

Թրքական այս ծրագրին նորագոյն դրսեւորումը եղաւ երկու մարտին Անգարայի մէջ կայացած արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմովի միջեւ հանդիպումը, որուն ընթացքին Չաւուշօղլու յայտնեց պաշտօնական Անգարայի պատրաստակամութիւնը«աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական գրաւման տարիներուն Ազրպէյճանի մշակութային ժառանգութեան վնասուած կոթողներուն վերանորոգման աշխատանքներուն»: Չաւուշօղլու նաեւ յայտարարեց, որ Թուրքիա զօրավիգ պիտի կանգնի եւ Ազրպէյճանի պիտի աջակցի միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնց շարքին յատկապէս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ կատարուելիք աշխատանքներուն, որոնց նպատակն է միջազգային ընտանիքին ներկայացնել այսպէս կոչուած «հայկական վանտալիզմի զոհ գացած ազրպէյճանական մշակութային կոթողներուն վնասն ու նիւթական հատուցման պահանջը»:

Մինչ Անգարայի մէջ Չաւուշօղլու թրքական այս պատրաստակամութիւնը կը յայտարարէր, անդին Ազրպէյճանի Առաջին տիկին եւ փոխ նախագահ Մեհրիպան Ալիեւա, որ 2004-էն ի վեր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպան է, Լեռնային Ղարաբաղի գրաւեալ շրջաններ կ՛այցելէր իր ամուսնոյնԻլհամ Ալիեւի հետ, եւ ազրպէյճանական լրատու աղբիւրները մրցումի կ՛ելլէին իրարու հետ, թէ ո՛վ աւելի տպաւորիչ կերպով պիտի ներկայացնէ եւ հրապարակէ Ալիեւներուն «քաջագործութեան» լուսանկարը եւ տեսերիզը: Իլհամ եւ Մեհրիպան Ալիեւներ կը լուսանկարուէին բաց դաշտի մը մէջ իրենց ոտքերուն տակ տապալած հայատառ Ղարաբաղ ցուցանակով: Պատկերը առաջին հայեացքով իսկ կը յուշէր, որ Ազրպէյճան պիտի տրորէ ու քանդէ Արցախի գրաւեալ տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային բոլոր կոթողները, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ազրպէյճանցի զինուորներ 2005-ին պուլտոզըրներով ջարդուփշուր ըրին Նախիջեւանի մէջ Հին Ջուղայի միջնադարեան հայկական գերեզմանատան արուեստի մէկական գլուխ գործոց խաչքարերը, իսկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ պարզապէս բաւականացաւ անդիմագիծ ու անջիղ հաղորդագրութեամբ մը: Գրեթէ նոյն ժամանակ կ՛արձանագրուէր եւ ապա կը բացայայտուէր դրամական գայթակղութիւն մը` Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի այդ օրերու ընդհանուր տնօրէնին ամուսնոյն փոխանցուած գումարի մը պատմութեամբ:

Բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ հիմա ալ Ազրպէյճան, այս անգամ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ, պիտի մաքրագործէ Արցախի գրաւեալ տարածքներէն հայկական քաղաքակրթական եւ մշակութային ժառանգութեան բոլոր հետքերը: Այս ծրագրին պատճառով է, որ Պաքուի իշխանութիւնները չեն արտօներ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մասնագիտական խումբը մուտք գործէ Արցախի գրաւեալ տարածքներ, ստուգէ հայկական մշակութային կոթողներուն վիճակը, արձանագրէ, տեսագրէ եւ վաւերագրէ անոնց աշխարհագրական տեղը եւ մանրամասն տեղեկագիր մը պատրաստէ: Պաքու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մասնագէտներուն կրնայ արտօնել, որ Արցախի գրաւեալ տարածքներ մուտք գործեն, Թուրքիա-Ազրպէյճան «մշակութային» գործակցութեան համատեղ աշխատանքներու իրականացումէն ետք…

… Իսկ մինչ այդ Երեւանի մէջ…


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.