İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Սուրիա – Հալէպ. 10 տարի ետք

 ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ 

Մինչեւ 2011 թուականի Մարտի 15-ը Սուրիան օրհնուած երկիր էր, թերեւս օր մը վերադառնայ այդ օրհնութիւնը: Թերեւս, բայց ե՞րբ…

Կը յիշէ՞ք ինչպէս սկիզբ առաւ Սուրիոյ տագնապը:

Կը յիշէ՞ք, Սուրիոյ հարաւային քաղաք Տարա՛այի դպրոցական աշակերտները, որոնք ազդուած «Արաբական գարուն»ի յառա’ացուցած մթնոլորտէն, դպրոցի պէտքարաններու պատերուն վրայ գրած էին «Ժողովուրդը իշխանութեան ահկումը կ’ուզէ», կը յիշէ՞ք, իրենց արարքին, որպէս պատիժ այդ մանկահասակներու եղունգներուն քաշուիլը, կը յիշէ՞ք Տարա՛ացի ծնողներն ու աշիրաթապետերը, որոնք իրենց գլխարկները դրած էին նահանգապետի սեղանին՝ ներում հայցելով իրենց մանուկներու անգիտակից «ոճրագործութեան» համար. ապա  նահանգապետի արհամարհանքին դէմ Տարա՛ացիներու բողոքի հաւաքը Օմարի մզկիթէն ներս. կը յիշէ՞ք, թէ ուժային կառոյցներու ինչպիսի բրտութեամբ զանոնք վտարած էին: Եթէ այսքանը կը յիշէք, պիտի յիշէք նաեւ որ ժողովուրդը կ’ակնկալէր սիրուած նախագահին այպանական խօսքերը պատասխանատուներուն ուղղուած, մինչդեռ նախագահը, Ազգային ժողովի իր ճարին մէջ  Տարա՛այի ցուցարարները «Սարասիր» «ուտիճ միջատներ»՝տարական անուանեց: Ճի՛շդ է, քմծիծաղով արտայայտուած այդ որակումը ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ պատգամաւորներուն կողմէ, սակայն պատճառ դարձաւ այդ որակումի տիրոջ ժողովրդականութեան մեծապէս անկումին:

Ամբողջ Սուրիան ողողուեցաւ իշխանութեան նախ բարեփոխումը եւ ապա անկումը պահանջող կամ իշխանութեան զօրակցութիւն յայտնող ցոյցերով: Հալէպ քաղաքին մէջ կը թուէր թէ բոլորը իշխանութեան կողմնակիցներ են: 40-50 զինուորներով  Հիմնուեցաւ  «Ազատ զօրք»ը, որուն շուտով միացան կանոնաւոր բանակէն փախստական հազարաւոր սիւննի զինուորներ: «Գարուն»ը Հալէպ հասաւ շատ ուշ՝ մէկ տարի ետք, սակայն Հալէպ շատ շուտ բաժնուեցաւ երկուքի՝ քաղաքին արեւելեան մասը, ուր ընդդիմադիրները մեծ թիւով համակիրներ ունէին, արեւելան մասը ամբողջութեան անցաւ զինեալ ընդդիմադիրներու հակակշռին տակ: Արեւմտեան թաղամասերը կոչուեցան «Ապահով շրջաններ»: Սկզբնական շրջանին Երկու կողմերու միջեւ կ’երթեւեկէինք. Կը յիշէ՞ք, ինչ ճամբաներով օդակայան կը հասնէին ճամբորդները, որոնք կ’անցնէին ընդդիմադիրներու թաղերէն: Կը յիշէք, չէ՞, քաղաքէ քաղաք ճամբորդութեան ընթացքին հայ կանայք էշարբներով կը ծածկէին իրենց գլուխները: Նախ հայերուն հանդէպ ընդդիմադիրներուն վերաբերմունքը յարգալիր էր, սակայն շուտով անոնք մեզ նկատեցին «շէպպիհէթ նիզամ»՝ «իշխանութեան ուրուականներ», որովհետեւ մենք՝ բոլոր հայերս, անվերապահօրէն գօրակցեցանք իշխանութեան: Սկիզբ առին առեւանգումները եւ փրկագինի պահանջները. Մեծահարուստներն ու բժիշկները ժամանակաւորապէս հեռացան երկրէն՝ դէպի Պէյրութ կամ երեւան. «Քանի մը ամիս Հայաստան կը մնանք, կը վերադառնանք» մտածեցին շատեր… քանի մը ամիսը երկարեցաւ, իշխանութիւնները չկրցան տիրապետել իրադրութեան, ընդհակառակը, ընդդիմադիրները, որոնց միացան աշխարհի տասնեակ երկիրներէ ժամանած ծայրայեղականներ, որոնց շարքին ահաբեկիչներ, երկու-երեք տարուայ ընթացքին գրաւեցին երկրին կէսը, որոնց մէջ մայրաքաղաք Դամասկոսէն արուարձանային թաղամասեր: Ամբողջ արաբական աշխարհը դէմ էր Սուրիոյ, որ Արաբական Լիկայէն վտարուած էր դեռ 2011-ի Նոյեմբերին: Մեզի դէմ էր Թուրքիան, դէմ էին Ամերիկան եւ Եւրոպան, մեր միակ բարեկամները Իրանն ու Ռուսիան էին: 2013 թուականը իշխանութիւններուն համար ամէնէն ողբերգական տարին էր. Նախագահը Մուսկուա գնաց եւ Սուրիան յանձնեց Փութինի ողորմածութեան: Ռուսական օդանաւերը գործի անցան, Սուրիական օդանաւերը պայթուցիկներով լեցուն տակառներ նետելով քարուքանդ ըրին ընդդիմադիր շրջանները: Հալէպի համար ալ 2013-ը վատթարագոյնն էր, ջուր չկար, ելեկտրականութիւն չկար, քաղաքը ամբողջութեամբ շրջափակուած էր, հայկական դպրոցներուն մեծամասնութիւնը դռները փակած էր, ամէն օր ամէն տեղ տասնեակ հրասանդներ կը տեղային եւ աւերներ կը գործէին: Նոր Գիւղը սահմանագիծ էր. հայ տղաքը զէն ի ձեռին կը պաշտպանէին մեր թաղերը, գիշեր- ցերեկ կը հսկէին  բազմաթիւ հայկական կառոյցներ, մեր շտապ օգնութեան ինքնաշարժը ամէնէն շուտ կը հասնէր ուր որ պէտք էր: Յանուն արդարութեան պէտք է արձանագրել, որ այդ անձնազոհ տղոց բացարձակ մեծամասնութիւնը դաշնակցական էր:

Սուրիան այս տարիներու ընթացքին տուաւ նուազագոյն հաշուով հինգ հարիւր հազարէ աւելի զոհ, որոնց մէջ շատ մեծ թիւով կանայք, ծերեր եւ մանուկներ: Այս զոհերուն մէջ կան նաեւ 160 աւելի հայեր:

Սարսափի տարիներ էին. Հայկական Քեսապը զաւթուեցաւ, կողոպտուեցաւ եւ կրկին մեզի վերադարձուեցաւ: Հայկական Եագուպիէն մինչեւ հիմա կը մնայ ծայրայեղ իսլամիստներու իշխանութեան տակ, եագուպիէի հայերը կը մնան վտարանդի:

Այդ տարիներուն երկրէն գաղթեցին մօտաւորապէս 10 միլիոն սուրիացիներ, որոնց մէջ աւելի քան 30 հազար հայեր, ասոնցմէ մօտ 18 հազարը՝ Հայաստան: ցաւոք Հայաստան ապաստանողներէն ոմանք գաղթեցին Եւրոպա կամ Գանատա: Ամօթ մեզմէ ոմանց, որոնք եւրոպայի մէջ ապաստան գտնելու համար չվարանեցան իրենց շնորհուած հայկական անձագրերը պատռել եւ մէկ կողմ շպրտել…

Երեք տարիէ ի վեր Հալէպ քաղաքը ամբողջութեամբ վերդարձած է պետական իշխանութեան, մինչ թրքական եւ Թուրքիոյ հնազանդ ընդդիմադիրներ տակաւին կը մնան քաղաքին մօտիկ, տեղ-տեղ ընդամէնը 15 քիլօ մեթր հեռավորութեամբ: Հալէպի կէսը քանդուած է այսօր: Եթէ պատերազմի 7-8 տարիներուն սուրիական լիրան իր արժէքը 10 անգամով կորսնցուցած էր, ապա այս երեք տարիներու ընթացքին  արժեզրկումը հասաւ մօտաւորապէս հարիւրապատիկի: Ի գործ դրուեցաւ «Կեսար»ի օրէնքը, ըստ որուն ոչ միայն Սուրիան ենթարկուած է պատժամիջոցներու, այլ նաեւ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն որեւէ կերպ գործակցիլ Սուրիոյ հետ: Փակագիծ բանալով նշեմ, որ «Կեսար»ը գաղտնանունն է այն սուրիացի զինուորականին, որ սուրիական բանտերու մէջ գաղտնաբար լուսանկարած էր բանտարկեալներու տանջանքի ենթարկման տեսարաններ եւ զանոնք ցուցադրած ԱՄՆ-ի քոնկրէսականներուն:

10 տարի ետք Սուրիոյ տագնապը տակաւին կը շարունակուի. երկրին ցորենով, բամպակով եւ նաւթով հարուստ շրջանը քիւրտերուն ձեռքն է, նաեւ Թուրքիոյ եւ ամերիկայի իշխանութեան տակ: Հալէպը որ Սուրիոյ արտածուող արդիւնաբերութեան կեդրոնն էր, գրեթէ դադրած է այդպիսին ըլլալէ: Հալէպէն Դամասկոս ճամբուն վրայ հարիւրաւոր քիլոմեթրեր անմարդաբնակ են, Մա՛արան եւ Խան Շէյխունը մեռեալ քաղաքներու վերածուած են, անոնց բնակիչները երկրէն գաղթած են կամ փոխադրուած ընդդիմադիրներու հակակշռին տակ գտնուող Իտլիպ նահանգ:

Երկրին մէջ Սուրիական պետութեան կողքին կ’իշխեն նաեւ օտարները, մանաւանդ  ռուսերը, պարսիկները, թուրքերը. քիւրտերը կ’ուզեն ինքնավար դառնալ… ձիթենիներով հարուստ հիւսիսային քրտական շրջանները թրքական զօրքերու իշանութեան տակ կը գտնուին: Ամերիկացիները բեռնատար ինքնաշարժերով իրենց ազդեցութեան տակ գտնուող շրջաններու ցորենի բերքը կը փոխադրեն Իրաք, իսկ հարեւան՝ Սուրիոյ պետութեան շրջանի ցորենի դաշտերը յաճախ իրենց օդանաւերու միջոցաւ կրակի կու տան: Պետութիւնը միջոցներ չունի երկրին անհրաժեշտ ամէն ինչը ներմուծելու: Այս ամէնը սնանկացուցին մեզ՝ պետութիւն եւ ժողովուրդ: Անհամեմատ թանկացումը նաեւ առարկայականի կողքին արհեստական պատճառներ ալ ունի՝ ըսել կ’ուզեմ, անչափ վատթարացումին մէջ դեր ունին նաեւ պետական բարձրաստիճան եւ ցածրաստիճան պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ  առեւտրականները. առաջինները սովորական երեւոյթ դարձած իրենց համատարած կաշառակերութեամբ, վաճառականներն ալ թանկացումին իրենց սահման չճանցող շահի ագահութեամբ:

Կեանքը կը շարունակուի Սուրիոյ մէջ. Մեր հաւաքական կեանքը կը վերականգնուի, կը վերանորոգուին մեր եկեղեցիները, մեր դպրոցները կը վերածաղկին, սակայն մենք՝ անհատապէս կը շարունակենք մեր գոյութիւնը քաշքշել, յոյսերնիս դուրսէն եկող նպաստներն են: Օրերը այնքա՜ն նման են իրարու, միակ տարբերութիւնը ամէն օր լիրայի անկումն ու ամէն ինչի աւելի սղիլն է: Մեծ է թիւը երկրէն հեռանալ ուզողներուն, շատ քիչ է թիւը Սուրիոյ ապագային հաւատացողներուն:

Գիտէ՞ք ամենախղճալին որոնք են.- անոնք, որոնք կը հաւատային, որ իրենց արաքը ժողովրդական յեղափոխութիւն է՝ յանուն ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան, անոնք հիմա ինքզինքնին յանցակից կը զգան Սուրիան քանդողներուն: Անոնք կ’ըմբռնեն Օպամայի ըսածը՝ .«Սուրիան եթէ չ’ուզեր Արաբական Գարունին իրեն հասնիլը, պէտք է հրաժարի Իրանի եւ Հըզպ Ալլահ»ի բարեկամութենէն:

ՍԷՀԷԹ ԷԼ ՀԱԹԱՊ, ԱՆԿԻՒՆԸ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ՍԻՍԻ ՃԱՇԱՐԱՆՆ Է, ԳՄԲԷԹԸ ՄԱՐՈՆԻԹՆԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆՆ Է

Մենք չհրաժարեցանք, մինչեւ այսօր ալ չենք հրաժարիր այդ բարեկամութենէն:

ՀԻմա ի՞նչ կ’ուզեն մեզմէ մեր թշնամիներն ու թերեւս նաեւ բարեկամ ռուսերը…

Շշուկներ կը շրջին Իսրայէլի հետ հաշտութեան մասին: Սուրիացիները կը մտածեն այս մասին եւ շրջափակման աւելի ու աւելի սեղմուելուն հետ համատարած սովի սպառնալիքին հետ, կը սկսին ընդունիլ, որ միայն Իսրայէլի հետ հաշտութեան պարագային պիտի վերադառնան երանելի ժամանակները…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 20 Մարտ 2021

https://www.civilnet.am/news/574034/%D5%BDուրիա-հալէպ-10-տարի-ետք/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın