İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՅՈՒՆԱՑ ՆՈՐ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Այս շաբթուան մէջ Յունաց Պատրիարքութեան Սէն Սինոտի Ժողովի ընթացքին առնուած որոշումին համաձայն Գատըգիւղի Յունաց Նոր Մետրոպոլիտ ընտրուած էր՝ Ֆրանսայի Էմմանուէլ (Ատամաքիս) Սրբազան Մետրոպոլիտը։ 

Նորընտիր Մետրոպոլիտին գահակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, 20 Մարտ 2021, Շաբաթ, ժամը 13.00-ին, Գատըգիւղի Այա Թրիատա Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարին մէջ։ Արարողութեան ներկայ էին Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Տիեզերական Պատրիարքը, բազմաթիւ մետրոպոլիտներ, եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցեաց ներկայացուցիչներ։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ արարողութեան ներկայ եղան՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ներկաներու շարքին էին նաեւ Ա.Մ.Ն.ի Անգարայի Մօտ Աւագ Դեսպան Տէվիտ Սաթըրֆիլտ, Աթէնքի Քաղաքապետ Քոստաս Պաքոյանի, Ս. Գրոց Ընկերութեան Տնօրէնուհին Թամար Քարասու, դիւանագիտական բազմաթիւ դէմքեր եւ վարչայիններ։  

 Արարողութեան սկիզբը նորընտիր Էմմանուէլ Մետրոպոլիտը թափորով մուտք գործեց տաճարէն ներս եւ կատարուած արարողութիւններէ յետոյ բազմեցաւ իր առաջնորդական աթոռը։ Արարողութեան ընթացքին, հրապարակաւ յայտարարուեցաւ Սէն Սինոտի որոշումը, ըստ որում Գատըգիւղի նոր մետրոպոլիտ ընտրուած էր՝ Էմմանուէլ Սրբազանը։ Այս առիթով, իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Պատրիարքը եւ Էմմանուէլ Մետրոպոլիտին յաջողութիւն մաղթեց իր նոր պաշտօնին մէջ։ Ան, յայտնեց թէ, ըստ Յոյն Եկեղեցւոյ աւանդութեան, Գատըգիւղի Մետրոպոլտական Աթոռը, Յունաց Տիեզերական Պատրիարքական Աթոռէն յետոյ երկրորդ բարձրաստիճան Աթոռն է։ Այս պատճառաւ, գահակալութեան արարողութիւնը առաւել եւս մեծ հանդիսաւորութեամբ կազմակերպուած էր։ Ապա, արտայայտուեցաւ Գատըգիւղի Յունաց Եկեղեցեաց Վարչութեան Ատենապետ Փրօֆ. Տքթ. Եորկո Ստեֆանոփուլոս եւ յանուն վարչութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց նոր մետրոպոլիտին գործակցելու։ Էմմանուէլ Մետրոպոլիտը եւս իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, գլխաւորութեամբ Նորին Սրբութեան։ Ինք Կրետէ ծնած հոգեւորական մը ըլլալով, աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած էր։ Ֆրանսայի իր վերջին պաշտօնը կը փոխարինուէր Գատըգիւղի Մետրոպոլիտութեան պատասխանատու պաշտօնով։ Իր խօսքերու աւարտին ըսաւ թէ՝ «յետ այսու Գատգըիւղի մէջ պիտի ծառայեմ եւ խնդրեմ այլեւս զիս կոչեցէ՛ք Գատըգիւղցիներէն մին»։ 

Արարողութեան աւարտին, նորընտիր մետրոպոլիտը ընդունեց շնորհաւորութիւնները։ Այս առիթով, Աթոռոյս պատուիրակութեան անդամ հոգեւոր հայրեր, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր խնդակցութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցելով, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Նորին Ամենապատուութեան շնորհաւորեցին Էմմանուէլ Սրբազան Մետրոպոլիտը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın