İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբի Մեծարանքի 14-րդ Առցանց Հանդիսութիւն

Հինգշաբթի, 25 փետրուարին, առցանց դրութեամբ, տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի 14-րդ հանդիսութիւնը, որ նախատեսուած էր կատարել անցեալ հոկտեմբերին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ:

Հանդիսավարն էր լրատուական բնագաւառին մէջ ծանօթ եւ նախապէս ամերիկեան ֆութպոլի «Շիքակօ Պերզ» խումբի անդամ Ճոն Նաճարեանը, որ իր խօսքին մէջ ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ 2020 տարուան անբնական տարի մը ըլլալուն` նշելով, որ «Քորոնա» ժահրը տակնուվրայ ըրաւ մարդոց կեանքը, իսկ Արցախի վրայ գործուած յարձակումները ցնցիչ եղան բաւական: Ան հաստատեց, որ այդ առցանց մեծարանքի հանդիսութեան նպատակն է հիւրերուն հետ բաժնեկցիլ Հայ դատի ծիրին մէջ յանձնախումբին կատարած աշխատանքներն ու ներկայացնել կատարուելիքները: Նաճարեան աւելցուց, որ, մերօրեայ պայմաններու բերումով, թէեւ հանդիսութիւնը առցանց է, սակայն 23 հոկտեմբեր 2021-ին անիկա պիտի կայանայ բնական կերպով, Ֆիլատելֆիոյ մէջ:

Ապա Յուշեր Պզտիկեան մեկնաբանեց Միացեալ Նահանգներու քայլերգը, իսկ, յատկանշական քայլով մը, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները Մարտունիէն եւ Մարտակերտէն մեկնաբանեցին «Համազգայինը Արցախի մանուկներուն կողքին» ծրագիրին մասնակից պարման-պարմանուհիներ: Համազգայինի այս ծրագիրին թիրախը Արցախ վերադարձած կամ Արցախէն տեղահանուած ու ներկայիս Հայաստան գտնուող մանուկներն ու պատանիներն են:

Ապա լռութեամբ յարգուեցաւ յիշատակը Արցախի պատերազմին պատճառով նահատակուած զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ անհետ կորսուածներուն եւ պատերազմի պատճառով իրենց բնական կեանքէն զրկուածներուն:

Ճոն Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս նեցուկ կանգնած են Հայ դատի աշխատանքներուն, շեշտելով, որ իւրաքանչիւրին լուման կարեւոր է գործի շարունակականութիւնը երաշխաւորելու:

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատու Թամար Գրիգորեանը, որ, տարուած աշխատանքներու ընդհանուր պատկեր մը ուրուագծելով, ըսաւ, որ 2019-ի դեկտեմբերին ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւի ընդունումէն ետք, 2020 թեւակոխեցինք եռանդով եւ յոյսով զինուածԱրցախի պետականութեան ճանաչման, անոր նիւթական յատկացում ապահովելու եւ այլ տեսլականներով: Բայց եւ այնպէս, նշեց Գրիգորեան, 2020 թուականը ամբողջովին այլ բան պատրաստած էր մարդկութեան ընդհանրապէս եւ հայութեան յատկապէս: Ըստ անոր, «Քորոնա» ժահրը թէեւ սահմանափակումներ պարտադրեց, բայց Հայ դատի յանձնախումբը շարունակեց աշխատանքը առցանց դրութեամբ նուիրեալներով, նեցուկ կանգնողներով եւ ամբողջ գործիքակազմով: Սեպտեմբեր 2020-ին Արցախի վրայ եղած յարձակումը մղեց բազմապատկելու ջանքերը տարբեր մակարդակներու վրայ, յատկապէս` ամերիկեան շրջաններուն կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումներու ապահովման ի խնդիր: Թամար Գրիգորեան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբը ոտքի կանգնեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի համար, դիտել տալով, որ այդ առցանց հանդիսութիւնը նաեւ տօնակատարութիւն է Հայ դատը իրականութիւն դարձնողներուն եւ անոր կողքին կանգնողներուն ի պատիւ: Ան եզրափակեց, որ այսօր եւս Հայաստանը, Արցախը եւ հայ ազգը կարիք ունին բոլորիս, ուստի մենք վճռական ենք մեր պայքարին մէջ, եւ ոչինչ պիտի կասեցնէ մեզ ու մեր աշխատանքը:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մընուիրուած նահատակներուն եւ Հայ դատի այն անդամներուն, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին «Քորոնա» ժահրի կամ այլ պատճառներով, նաեւ «Վահան Քարտաշեան»-ի շքանշանակիր Արամ Ճգնաւորեանի: Շեշտը դրուեցաւ յատկապէս ներքին եւ արտաքին մակարդակներու վրայ տարուած բազմաճիւղ աշխատանքներուն վրայ:

Ճոն Նաճարեան կրկին անդրադարձաւ հանդիսութեան նպատակինհաստատելով, որ շքանշանով կը պարգեւատրուին անոնք, որոնք իրենց դրոշմը դրած են Հայ դատի տարբեր մակարդակներու աշխատանքներուն վրայ: Մեծարանքի 14-րդ առցանց հանդիսութեան «Վահան Քարտաշեան» շքանշանը ստացան Սարգիս Աղասարգիսեան (Ճորճիա), Պերճ Պարսումեան (Թենըսի) եւ Սթիւ Յակոբեան (Հարաւային Իլինոյ): Իսկ «Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուեցան ներկայացուցիչներԻլիոթ Էնկել (Նիւ Եորք – դեմոկրատական) եւ Քրոսթոֆըր Սմիթ (Նիւ Ճըրզի – հանրապետական) Հայ դատի ծիրին մէջ հետեւողական կերպով ծառայած ըլլալնուն համար: Ճ. Նաճարեան ներկայացուց շքանշանակիրներն ու անոնց տարած աշխատանքը: Ապա յաջորդաբար խօսք առին մեծարեալները:

Իլիոթ Էնկել շեշտեց, որ ինք միշտ ալ հաւատացած է ժողովրդավարութեան, հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման, արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան: Ասկէ մեկնած եւ այս առաջնահերթութիւններով առաջնորդուած` ան պատիւ ունեցած է Հայ դատի յանձնախումբին հետ աշխատելու եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման ի խնդիր: Էնկել յայտնեց, որ աշխատած է Արցախի տագնապին եւ Քոնկրեսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման նպատակով, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ՛իրականանայ. ան շեշտեց, որ ջանք պիտի չխնայէ, որպէսզի Միացեալ Նահանգները ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ սերտ յարաբերութիւնները պիտի շարունակէ հայութեան եւ իր հայ բարեկամներուն հետ, որոնք արժէքաւոր են իրեն համար:

Քրոսթոֆըր Սմիթ բարձր գնահատեց Հայ դատի յանձնախումբին տարած բացառիկ աշխատանքըտեղեկութիւններ փոխանցելու, հայ-ամերիկեան հարցերը լուսարձակի տակ բերելու եւ ուղղորդելու առումով մղիչ հանդիսանալու եւ ղեկավարելու յատկութիւններով օժտուած: Ան նշեց, որ մեծ յարգանք կը տածէ յանձնախումբին ծաւալած աշխատանքին նկատմամբ հաստատելով, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէնէն ազդու եւ կարեւոր ծրագիրները կ՛իրականացնէ անիկա: Քրոսթոֆըր Սմիթ անդրադարձաւ այն աշխատանքներուն, զորս ինք տարած է ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման ի խնդիր, հաստատելով, որ պէտք չէ երբեք մոռնալ նման ոճիրներ: Ապա ան խօսեցաւ սեպտեմբեր 2020-ին Արցախի վրայ ազրպէյճանական-թրքական ծրագրուած եւ նախապատրաստուած յարձակումին մասին յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով Թուրքիոյ դերակատարութիւնըզինամթերք տրամադրելով եւ իսլամ ծայրայեղականներ այս պատերազմին մասնակից դարձնելով: Սմիթ դիտել տուաւ, որ այս տագնապը մեծաթիւ մարդոց կեանքը խլած է, եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնները հրաւիրեց հետախուզութիւններ կատարելու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ այս պատերազմին օգտագործուած զէնքերուն մասին: Իր խօսքը եզրափակելով ան դատապարտեց Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը` շեշտելով, որ գործելու ժամը հասած է արդէն:

Սարգիս Աղասարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս շքանշանին համար եւ ըսաւ, որ յաջողութեան հասնիլը կ՛ենթադրէ հետեւողական աշխատանք եւ յարատեւութիւն: Ան շեշտեց, որ ինք մէկն է Աղասարգիսեան մեծ ընտանիքէն, որուն անդամները եւս Հայ դատին ծառայած են տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր առումներով, յատկապէսՀայոց ցեղասպանութենէն վերապրած մեծ մայրը, որ մինչեւ իր կեանքին վերջը մասնակից եղած է ձեռնարկներուն: Աղասարգիսեան շեշտեց, որ Հայ դատի յանձնախումբին հետ աշխատած են վերադարձնելու հայութեան կորսնցուցածները, որոնց վրայ կառուցուած է Թուրքիան, որ այսօր ալ Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի հետ կը պայքարի ամբողջացնելու կիսատ մնացածը: Ըստ անոր, աւելի քան 100 տարի անցած է, սակայն Թուրքիա չէ փոխուած: Ան դիտել տուաւ, թէ հայութիւնը գիտէ ինչպէս իրարու կողքին կանգնիլ եւ ինչպէս միասին պայքարիլ ազգային շահերուն համար: Սարգիս Աղասարգիսեան ըսաւ, որ Հայ դատի յանձնախումբը հսկայական դերակատարութիւն ունի երաշխաւորելու Հայաստանի եւ Հայաստանէն դուրս ապրող հայութեան ներկան ու ապագան:

Պերճ Պարսումեան շնորհակալութիւն յայտնելով` ըսաւ, որ իւրաքանչիւր ամերիկահայու պատասխանատուութիւնն է Հայկական հարցին մասին իրազեկել ամերիկեան բարձրաստիճան կառոյցներն ու անձնաւորութիւնները:

Սթիւ Յակոբեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ իրեն տրուած շքանշանը կը բաժնեկցի անոնց հետ, որոնք իր կողքին էինտարուած աշխատանքը արդիւնաւորելու: Ըստ անոր, ինք ամերիկահայ գաղութին ճամբով ներգրաւուած է ամերիկեան քաղաքական համակարգին մէջ ու լաւապէս գիտէ, թէ իւրաքանչիւր ամերիկահայու մեծ ու փոքր աշխատանքը իր արժէքն ու կշիռը ունի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն Հայոց ցեղասպանութեան ճողոպրածներուն, ինչպէս նաեւ տարբեր պատերազմներէ փախուստ տուած եւ աւելի լաւ կեանքի մը ձգտումով եկածներուն ապաստան տուած ըլլալուն համար: Սթիւ Յակոբեան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները կը նկատէ փարոս, որուն կը նայի աշխարհը տագնապներու ընթացքին, բայց եւ այնպէս միշտ չէ, որ ան ճիշդ է, որովհետեւ արցախեան պատերազմին որդեգրուած ամերիկեան լռութիւնը յուսախաբութիւն պատճառեց: Ան աւելցուց, որ հո՛ս է, որ դերակատար պէտք է ըլլայ ամերիկահայ գաղութը, որուն զաւակները իրականութիւնը լուսարձակի տակ պիտի բերեն եւ ներկայացնեն տարբեր միջոցներով` դէմ դիմաց, նամակներով, առցանց դրութեամբ: Իւրաքանչիւր ամերիկահայու պարտքն է մեր ներկայացուցիչներուն դիտել տալ, թէ ճիշդ չէ Ցեղասպանութեան ուրացումը հանդուրժել, Հայաստանի ու Արցախի վերաբերող հարցերը մոռացութեան տալ:

Ապագայ խոստացող երիտասարդի «One to watch» մրցանակին տիրացաւ Մարի Մանուկեան` Միշիկըն նահանգի երիտասարդ ներկայացուցիչը, որ շեշտեց, թէ պէտք է հայկական հարցերու հետապնդումը շարունակուի հետեւողական կերպով, հաստատելով, որ ինք անձամբ պիտի ըլլայ հայութեան պահանջատէր ձայնը պետական կառոյցներուն մէջ:

Ապա Ճոն Նաճարեան ներկայացուց Հայ դատի յանձնախումբի«Լէօ Սարգիսեան» եւ վարժողական առցանց ծրագիրներու մասնակիցները Նայիրի Տիրացուեան, Կարինէ Գուշաքճեան, Նիքըլըս Գրիգորեան, Արամ Հարունի եւ Տաթեւիկ Խաչատրեան, որոնք իրենց փորձառութեան մասին խօսեցան:

Մեծարանքի 14-րդ հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան, որ բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին ծաւալած գործունէութիւնը, որ կենսականն եւ անփոխարինելի է, յատկանշուած է` հաւատքով, նուիրումով, վճռականութեամբ: Ան հաստատեց, որ յանձնախումբն ու անոր շրջագիծին մէջ աշխատողները պայքարեցան Արցախի եւ Հայ դատի համար, իսկ ձեռք բերուած արդիւնքներուն համար բոլորս հպարտ ենք:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.