İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, ամէն տարի, Ս. Քառասուն Մանկանց Տօնի նախօրեակին Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եւ Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիներուն ուխտագնացութիւն կը կատարուի եւ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Անցեալ տարի, Քորոնա Համավարակի պատճառաւ, բոլորովին ջնջուած էր այս ուխտագնագնութիւնը։ 

Այս տարի եւս, նկատի ունենալով Քորոնա Համավարակի սահմանափակումները կարելի պիտի չըլլար, Ստանպուլէ եւ արտասահմանէ բազմաթիւ ուխտաւորներու մասնակցութեամբ ուղղուիլ դէպի Կեսարիա եւ Աղեքսանդրիկ։ Իսկ միւս կողմէ, Կեսարիոյ շրջակայքի, Իսքէնտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի մերազն ժողովուրդը առանձին չձգելու նպատակաւ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, հոգեւոր հայրերէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը ուղղուեցաւ գաւառ։ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի գլխաւորութեամբ, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան Ստապուլէն ճամբորդեցին դէպի գաւառ, արարողութիւններ կատարեցին ու Պատրիարք Սրբազան Հօր հայրական ողջոյնները փոխանցեցին ներկայ ժողովուրդին։ Պատուիրակութեան միացան նաեւ Իսքէնտէրունի եւ շրջակայից Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Բրկ. Եուսուֆ Դպ. Թապաշեան եւ թէքնիք պատասխանատու Ռաֆֆի Էթեէմէզ։ Իւրաքանչիւր արարողութեան ընթացքին, Պատրիարք Հայրը  համացանցի դրութեամբ քարոզեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Կեսարիոյ, Իսքէնտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի ժողովուրդին։ Ներկաներ եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած պաստառներէն ուղիղ ձեւով ունկնդրեցին Մեր Հոգեւոր Պետին պատգամները։

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԿԱՅԱՆԸ՝ ԿԵՍԱՐԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Քորոնա համավարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով, Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը իրականացաւ, 11 Մարտ 2021, Հինգշաբթի առաւօտ։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ Բրկ. Եուսուֆ Դպ. Թապաշեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Եւ Տ. Նաթան քահանաները։ Արարողութեան մասնակցելու համար Ստանպուլէն Կեսարիա փութացած էին Ս. Գրիգոր Լուսաւրիչ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամներ, Ատենապետ՝ Զատիկ Թօքէր, Համբօ Թանըշման եւ Կարօ Պաղտատ։ Տօնական այս արարողութեան, ներկայ էին նաեւ սակաւ թիւով հաւատացեալներ։  

Յաւարտ Ս. Պատարագի, պաշտօն կատարուեցաւ Կեսարիոյ թեմի հանգուցեալ առաջնորդներուն, հոգեւոր հայրերուն եւ ժողովուրդին հոգիներուն խաղաղութեան համար։

Արարողութեան աւարտին տեսասփռուեցաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր պատգամը։ Պատրիարք Հայրը, նախ յայտնեց թէ շատ կը փափաքէր անձամբ նախագահել աւանդական այս ուխտագնացութեան, սակայն համավարակի պատճառաւ այս մէկը կարելի չէր եղած։ Բայց եւ այնպէս, ինք Պատրիարքարանի յարկէն կը միանար Կեսարիոյ Եկեղեցւոյ հոգեւոր ցնծութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետը ապա յիշեց Կեսարիոյ քաղաքի Քրիստոնէական տեսակետէ կարեւորութիւնը եւ ապա՝ եկեղեցւոյ պատմականին անդրադարձաւ։  Յայտնեց թէ՝ ներկայիս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիին բարոյապէս կապուած բազում անձեր կը գտնուին։ Թէ՛ Կեսարացիներու եւ թէ՛ Հայոց համար կարեւորագոյն ուխտի կեդրոն մը ըլլալու հանգամանքը կը պահէ։ Հետեւաբար, ուխտի եւ աղօթքի տեսակէտէ իր խորհրդաւոր ներկայութիւնը կը պահէ Կեսարիոյ Եկեղեցին։ 

Պատրիարք Հայրը այս առիթով Զատիկ Թօքէրի գլխաւորած Ծխական Խորհուրդի անդամները մեծապէս գնահատեց եւ իրենց գործունէութեանց մէջ յաջողութիւն մաղթեց։ Յայտնեց թէ, իրենց կատարած գործունէութիւնը առաւել եւս թանկագին կը դառնար, քանի անոնք կը սատարէին եկեղեցիի մը, որ ներկայիս մնայուն ծուխ չունէր։ Սակայն, նման ծառայութիւնը կը նշանակէր եկեղեցւոյ անցեալին հաւատարմութիւն։ Մեր Հոգեւոր Պետը, մաղթեց որ Քորոնա Համավարակի ազդեցութիւնը ի մօտոյ հեռանայ մարդկային իրականութենէն եւ առաջին առիթով իր ուխտի այցելութիւնը կատարէ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիին։  

Արարողութենէ յետոյ, եկեղեցւոյ վարչութեան անդամները յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, որուն տնօրինութեամբ եկեղեցւոյ մէջ Ս.Պատարագ կը մատուցուէր։ Այս առթիւ, ներկայ հոգեւոր հայերուն եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին, ըսելով թէ՝ եկեղեցին շէնցած էր իրենց ներկայութեամբ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın