İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ ԻՍՔԷՆՏԷՐՈՒՆԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Քորոնա համավարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով, Իսքէնտէրունի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը իրականացաւ, 12 Մարտ 2021, Ուրբաթ առաւօտ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Բրկ. Եուսուֆ Դպ. Թապաշեան եւ Տաւուտ Սարաչօղլու։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Արժ. Տ. Տրդատ Աւ., Տ. Շահէն եւ Տ. Աւետիս քահանաները։ Արարողութեան ներկայ էին Ատենապետ՝ Կարպիս Քըսատուրի գլխաւորած Ծխական Խորհուրդի անդամներ եւ հաւատացեալներ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, պաշտօն կատարուեցաւ Իսքէնտէրունի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերուն եւ ժողովուրդին հոգիներուն խաղաղութեան համար։

Արարողութեան աւարտին տեսասփռուեցաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր պատգամը։ Պատրիարք Հայրը, նախ իր ողջոյնը փոխանցեց Իսքէնտէրունի Եկեղեցւոյ համայնքի անդամներուն ու յայտնեց թէ համավարակի պատճառաւ կը բացակայէր։ Ապա, յատուկ ձեւով անդրադարձաւ Տ. Աւետիս Քահանային եւ ընտանիքին ու յայտնեց թէ աւելի քան 10 տարիներ առաջ Իսքէնտէրունի եւ շրջակայքի համար ձեռնադրուած էր Տէր Հայրը։ Ան մինչեւ այսօր թէ՛ իր ժողովուրդին, թէ՛ շրջակայից պաշտօնական մարմիններու եւ թէ՛ քոյր յարանուանութիւններու գնահատանքին արժանացած էր։ Այս մէկը անշուշտ թէ, արդարօրէն ուրախութիւն կ՚առթէր Պատրիարաքական Աթոռի մօտ։ Մեր Հոգեւոր Պետը գնահատելով Տէր Հայրը, մաղթեց որ Իր ծառայութիւնը մնայ պայծառ, դառնալով մխիթարութիւն իրեն յանձնուած հօտին։

Պատրիարք Հայրը, աւելի վերջ անդրադարձաւ Ս. Քառասուն Մանկանց վարքագրութեան եւ իրենց նահատակութեան մասին խօսեցաւ։ Իրենց նահատակութիւնը արեամբ մկրտութեան լաւագոյն օրինակն էր։ Անոնք միացած ըլլալով Քրիստոսին, Անոր սիրոյն նահատակուած էին եւ ստացած՝ պսակներ։ Այս առիթով թելադրեց որ, մենք ալ տէր կանգնինք մեր մկրտութեան ուխտերուն եւ կատարեալ ձեւով օգտագործենք մկրտութեամբ մեզի շնորհուած շնորհքները։

Պատրիարք Հայրը այս առիթով Կարպիս Քըսատուրի գլխաւորած Ծխական Խորհուրդի անդամները գնահատեց եւ իրենց գործունէութեանց մէջ յաջողութիւն մաղթեց։

Եկեղեցւոյ արարողութեանց աւարտին, հոգեւոր հայրեր համախմբուեցան Իսքէանտէրունի գերեզմանատան մէջ։ Կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով գերեզմանատան մէջ ամփոփուած հաւատացեալները, հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան։

Արարողութեան աւարտին Աւետիս Քահանան եւ Իսքէնտէրունի Ծխական Խորհուրդի անդամները, շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան հայրական հոգածութեան համար։ Այս առթիւ, ներկայ հոգեւոր հայերուն եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին, ըսելով թէ՝ եկեղեցւոյ տօնակատարութիւնը առաւել եւս ճոխ ու հոգեւոր ցնծութեամբ անցած էր իրենց եւս մասնակցութեամբ ու աղօթակցութեամբ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın