İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Սաղաթէլեան. «Նախագահ Սարգսեանի Հրաւիրած Հանդիպումին Կը Մասնակցինք Միայն Մեր Առաջարկած Օրակարգով»

Երէկ` հինգշաբթի, 11 մարտ 2021-ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ գտնուող վրանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի մամլոյ ասուլիսը:

Իշխան Սաղաթէլեան, հրապարակելով Հայրենիքի փրկութեան շարժումի յայտարարութիւնը, ներկայացուց քաղաքական կլոր սեղան կազմակերպելու Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի առաջարկին վերաբերեալ շարժումին դիրքորոշումներն ու գնահատականները, նաեւ պատասխանեց լրագրողներուն հարցումներուն:

«Մենք կարեւոր կը նկատենք երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակէն, ճգնաժամէն հրատապ դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը, պատրաստ ենք հանդիպումին, բայց այդ հանդիպումը պէտք չէ ըլլայ ձեւական: Աւելի մատչելի ըսեմ` եթէ կ՛ուզեն ստեղծել ընդդիմութեան եւ Նիկոլ Փաշինեանի այնպիսի հանդիպումի տեսարան, ինչպէս երէկ եղաւ Զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան հետ, ապա այդ հաճոյքը անոնց պիտի չպարգեւենք: Բայց եթէ իրականութեան մէջ կ՛ուզեն երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակէն ելքեր գտնել, ապա մենք պատրաստ ենք այդ հանդիպումին», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան նշեց, որ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւիրած հանդիպումին կը մասնակցին միայն այն օրակարգով, զոր իրենք կ’առաջարկեն, հակառակ պարագայինորեւէ ցուցադրութեան ականատես չեն ուզեր ըլլալ: «Մինչեւ հիմա յստակ չէ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունա՞ծ է Արմէն Սարգսեանի հանդիպումին առաջարկը, թէ՞ ոչ, ես չեմ գիտեր անոնք պայմանաւորուածութիւն ունի՞ն, թէ՞ ոչ, բայց մեզի ատի չի ալ հետաքրքրեր», դիտել տուաւ Սաղաթէլեան, որ հաստատեց, որ իրենց պայքարին եւ վճռականութեան մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն պիտի ըլլայ: «Նիկոլ Փաշինեանը ընտրութիւններուն մասին կը խօսի այն ժամանակ, երբ շարժումը թափ կը հաւաքէ, կ՛ուժեղանայ: Երբ շարժումին թափը որոշակիօրէն կը կոտրի, ան կ՛ըսէ` ժողովրդական պահանջ չկայ, ընտրութիւն պիտի չըլլայ: Ան յաճախ այս քայլերով կրցած է ազդել շարժումին ընթացքին վրայ, այս անգամ պիտի չյաջողի», նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:

Ի. Սաղաթէլեան շեշտեց, որ Փաշինեան ընտրութեան չի ձեռնարկեր, որովհետեւ մտահոգ է, որ չընտրուի, այդ պատճառով ալ կ’ուզէ յուշագիրներ ստորագրել խորհրդարանէն:

«Նախագահը պէտք է ողջունէ մեր օրակարգը: Բայց եթէ այդ սեղանին շուրջ պէտք է քննարկուին Սահմանադրական բարեփոխումներ, ընտրական օրէնսգիրք, օրէնքներ, ապա երթանք ի՞նչ խօսինք: Մենք այս առումով կասկածներ ունէինք, որ կողմերը այս առաջարկին մէջ անկեղծ չեն եւ աւելի հետաքրքրուած են ստանալով իրենց ուզած տեսարանը, իսկ մեզի համար հիմնականը իրավիճակէն ելքեր գտնելն է», ընդգծեց ան:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.