İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մխիթարեան Երկմտանքի Մէջ Է Ա. Էս. Ռոմայի Հետ Նոր Պայմանագրութիւն Ստորագրելու Գծով

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի ապագան` իտալական Ա. Էս. Ռոմայի հետ, կը շարունակէ մնալ հարցականի տակ:

Ըստ իտալական մամուլին, թէեւ հռոմէական ակումբը կը փափաքի նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրել 32 տարեկան միջնապահին հետ, սակայն Մխիթարեան եւ անոր փոխանցման գործողութիւններով զբաղող Մինօ Ռայոլա կը մնան երկմտանքի մէջ:

Ըստ շրջան ընող լուրերուն, կը կարծուի, թէ այս գծով Մխիթարեան վերջնական որոշում մը տայ այս տարեշրջանի աւարտին:

Մխիթարեանի գործող պայմանագրութիւնը` Ա. Էս. Ռոմայի հետ, նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանի աւարտը:

Ըստ շրջան ընող ոչ պաշտօնական լուրերուն, Իտալիոյ գործող ախոյեան Եուվենթուս կը փափաքի իր կազմին միացնել Մխիթարեանը:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.