İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Պըրպանքի Քաղաքային Խորհուրդը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Պըրպանք քաղաքի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ճանչցաւ Արցախը իբրեւ անկախ հանրապետութիւն եւ նոյն ատեն ջնջեց Պըրպանք-Հատրութ քաղաքներու բարեկամութեան կարգավիճակը` նկատի ունենալով, որ վերջինս բռնագրաւուած է Ազրպէյճանի կողմէ: Ամերիկեան քաղաքի հայ համայնքը սեպտեմբեր 2020-ին վերսկսած պատերազմէն ետք ամիսներ շարունակ աշխատանք տարած է Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Պըրպանքի քաղաքային խորհուրդին եւ Պըրպանքի բնակիչներուն` ինքնորոշման եւ ազատութեան համար պայքարին մէջ Արցախի ժողովուրդի ցուցաբերած աջակցութեան համար», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Պըրպանքի մասնաճիւղի նախագահ Սարգիս Սիմոնեան:

Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆին, քալիֆորնիացի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյին եւ նահանգի ներկայացուցիչ այլ գործիչներու:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.