İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Մեր Գունաւոր Աշխարհը» Գիրքը Բաժնուեցաւ Լիբանանահայ Երկու Վարժարաններու Մանկապարտէզի Աշակերտներուն

Արդէն իսկ հրապարակի վրայ է Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութիւնը հանդիսացող հայերէնով մանկական դաստիարակչական «Լալան ու Արան» ծրագիրի առաջին գիրքը` «Մեր գունաւոր աշխարհը»:

Ողջունելի նախաձեռնութեամբ մը, նուիրատուներու եւ շրջանաւարտներու նիւթական ներդրումով, լիբանանահայ երկու հայկական վարժարաններու` Ազգային Միացեալ վարժարանի մանկապարտէզի եւ Ճեմարանի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները, գիրք նուիրելու օրուան առիթով, ստացան Լալային ու Արային այս նոր, պատկերազարդ ու դաստիարակչական գրքոյկը:

Այս նախաձեռնութիւնը մղիչ ըլլայ, որ աշակերտները դառնան աւելի ընթերցասէր եւ տպագիր գիրքին հետ անոնց կապը պահպանուի ու ամրապնդուի:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.