İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

30 Տարուան Դադարէ Մը Ետք Քաղսիի Մէջ Բացուեցաւ Դահուկարշաւի Մարզական Ակումբը

Հայկական մարզական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Կոտայքի մարզի Քաղսի գիւղին մէջ 30 տարուան դադարէ մը ետք Վարսենիկ Վարդանեանի թափած ջանքերուն շնորհիւ բացուեցաւ դահուկարշաւի մարզական ակումբը` նպատակ ունենալով նպաստել այս մարզաձեւի առաւելագոյն ձեւով զարգացման:

Առաջին մրցաշարքը նուիրուած էր արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին զոհուած քաղսեցիներ Սեւակ Մնացականեանի եւ Սամուէլ Մելքոնեանի յիշատակին:

Մրցանակաբաշխութիւնը կատարեց Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Գագիկ Սարգսեան:

Նշենք, որ աւարտին Քաղսիի միջնակարգ դպրոցին անունով հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն յանձնուեցան շնորհակալագիրներ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.