İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ / PATRİK HAZRETLERİ ANKARA’DA (TR⇓)

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք  Հայրը, 2 Մարտ 2021, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, ընդառաջելով Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահութենէ եկած յատուկ հրաւէրին, օդային ճամբով մեկնեցաւ Անգարա։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերակցեցան՝ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ 

«Մարդկային Իրաւանց Գործողութեանց Ծրագրի Ծանօթացում» խորագրով ժողովը տեղի ունեցաւ Հանրապետական Պալատի Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ։ Ժողովը սկսաւ ժամը 13.30-ին, որու ընթացքին Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղան հանդէս եկաւ մարդկային իրաւանց մասին Թուրքիոյ Հանրապետութեան ապագայ գործունէութեանց մասին զեկուցումով մը։  Ժողովին մասնակցեցան Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի Նախագահ Մուսթաֆա Շէնթոփ, նախարարներ, կուսակցութիւններէ ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ, փոքրամասնութիւններէ հոգեւոր առաջնորդներ եւ ներկայացուցիչներ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէ (BM) եւ Եւրոմիութենէ (AB), Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանաց Դատարանէ (AİHM) ներկայացուցիչներ, հասարակական կազմակերպութիւններէ նախագահներ, ակադեմականներ, իրաւաբաններ եւ լրագրողներ։ 

Վսեմաշուք Նախագահը իր զեկոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ 11 հիմքերու վրայ հիմնաւորուած ծրագիրը կը ներառէ 9 նպատակ, 50 նշանակէտ ու 393 գործունէութիւն եւ ծրագրին բոլորովին կեանքի կոչումին համար կը նախատեսուի 2 տարի։ Առ այդ, անդրադարձաւ նաեւ փոքրամասնութեանց հետ առընչուած նիւթերու, որոնց կարգին յայտնեց թէ՝ փոքրամասնութեանց վարչային խորհուրդներու ընտրութեանց կատարման համար հարկաւոր բարւոքումները պիտի կատարուին։

Պատրիարք Հայրը երեկոյեան Ստանպուլ պիտի վերադառնայ:

——————–

Kadasetli Patrik Sahak II. Hazretleri, Cumhurbaşkanlığı’ndan gelen özel davete icabet ederek, 2 Mart 2021, Salı, saat 10:00’da, hava yoluyla Ankara’ya gitti. Patrik Hazretleri’ne Surp Pırgiç Ermeni Hastanesi Vakfı Yönetim Kurulu Başkanı Bedros Şirinoğlu ve Peder Şirvan Mürzyan eşlik ettiler. 

“İnsan Hakları Eylem Planı Tanıtım Toplantısı” başlıklı toplantı, Beştepe Millet Kongre ve Kültür Merkezi’nde, saat 13:30’da başladı. Toplantı esnasında, Türkiye Cumhuriyeti Cumhurbaşkanı Recep Tayyip Erdoğan yaptığı konuşmayla eylem planını tanıttı. Toplantıya, Türkiye Büyük Millet Meclisi (TBMM) Başkanı Mustafa Şentop’un yanı sıra, bakanlar, siyasi partilerden temsilciler, milletvekilleri, azınlık cemaatlerden ruhani önderler ve temsilcileri, Birleşmiş Milletler (BM), Avrupa Birliği (AB) ve Avrupa İnsan Hakları Mahkemesi’nden (AİHM), sivil toplum kuruluşlarının başkanları, akademisyenler, hukukçular ve gazeteciler katıldılar.

Sayın Cumhurbaşkanı konuşması esnasında 11 temel prensip üzerinde şekillenen bu planın 9 amaç, 50 hedef ve 393 faaliyet içerdiğini belirtirken, projenin tamamıyla hayata geçmesi için 2 yıl öngörüldüğünü belirtti. Azınlık cemaatlerine de değinen Sayın Cumhurbaşkanı, Azınlık vakıfları yönetim kurulu seçimlerine ilişkin yönetmelik için de düzenleme yapılacağını belirtti.

Patrik Hazretleri, akşam saatlerinde İstanbul’a dönecek.

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

Kaynak: Türkiye Ermenileri Patrikliği https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın