İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Համազգայինի Երախտաւորներուն Յիշատակը Վառ Պիտի Պահենք

Տ. Ճ.

Համազգայինը ստեղծուեցաւ բռնագաղթի միջոցով իր հայրենիքէն օտարուած, սփիւռք դարձած զանգուածներուն հոգեւոր հայրենիք դառնալու համար: Օտարանալու դատապարտուած հայ մարդը հայ պահելու համար անհրաժեշտ էր անոր ապահովել հայեցի կրթութիւն եւ մշակութային ու ստեղծագործական ասպարէզ: Պէտք էր ապահովուէր իրերայաջորդ սերունդներուն համար ազգային դաստիարակութիւն եւ ազգային ապրումներով, ազատութեան ու անկախութեան տենչերով տոգորուած հայ մտաւորականութիւն:

Համազգայինի հիմնադիրներուն համար հայկական ինքնութեան պահպանումը չէր կրնար մշակութային արժէքներու լոկ քարոզչութեամբ կատարուիլ: Մշակոյթը արդէն ստեղծուած ու կայուն երեւոյթ չէ: Մշակոյթի պահպանումը կարելի է նոր ստեղծագործումներու, նոր արարումներու միջոցով միայն: Ստեղծագործութիւններ, որոնք հինն ու աւանդականը յարգելով հանդերձ, նոր ժամանակներուն ու նոր պայմաններուն համահունչ կ՛ըլլան:

Եւ այսպէս, յառաջացաւ մտաւորականներու, կրթական մշակներու, գրողներու, երաժիշտներու, կիրարական արուեստագէտներու հոյլ մը, որ հետզհետէ ստեղծեց սփիւռքեան մշակութային միջավայրը:

Այս ստեղծագործութիւններէն շատերը մնայուն են ու մաս կը կազմեն հայ մշակոյթի գանձարանին: Ուրիշներ, ինչպէս թատերական ներկայացում մը կամ համերգ մը, կրնան մոռացութեան մատնուիլ: Սակայն անոնք իրենց ժամանակին հայ մարդուն ազգային դիմագծութեան զարգացման համար ունեցած են իրենց դերակատարութիւնը եւ ատով մնայուն են:

Այս աշխատանքը անշուշտ մարդերով կ՛ըլլայ: Արուեստագէտը իր յղացումը ժողովրդականացնելու համար կարիքը ունի կազմակերպողի: Համազգայինի ու այլ մշակութային կազմակերպութիւններու անդամները կը կատարեն արուեստագէտին ու ժողովուրդին միջեւ միջնորդի այնքան անհրաժեշտ դերը: Վարչականներուն, յանձնախումբերու անդամներուն, գործնական աշխատանքներ կատարողներուն յաւելենք բարերարներն ու մեկենասները եւ կ՛ունենանք կրթութեան ու մշակոյթի գործիչներու գրեթէ ամբողջական հոյլը:

Անցնող տարուան ընթացքին Համազգայինը այս հոյլէն շատ երախտաւորներ կորսնցուց: Ինչպէս կորսնցուցած էր նաեւ նախորդ տարիներուն: Երախտագիտութեամբ յիշենք անդարձ մեկնածները եւ խոստանանք, որ մահացողներուն ձգած բացը նորերով պիտի համալրենք: Կրթութեան ու մշակոյթի ջահը, Համազգայինի հիմնադիրներու աւանդը վառ պիտի պահենք:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.