İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպ-Երեւան՝ մտորումի իրաւունքով

Մանուէլ Քէշիշեան

Վստահ եմ, անկախ այն իրողութենէն, թէ Սփիւռքի հայերը կրնա՞ն Հայաստանին օգնել ներկայ ծանր վիճակէն դուրս գալու, թէ՞՝ ոչ. անկախ անկէ, թէ ո՞վ, ի՞նչ հնարաւորութիւն ունի կամ ի՞նչ դժուարութիւններ ունի, մէկ բան աւելի քան յստակ է.-Սփիւռքահայը Հայաստանի դէպքերը կ’ընդունի սրտին շատ մօտիկ, Հայաստանցիին չափ կը տագնապի, թէեւ մարմնական չարչարանքի եւ տառապանքի չ’ենթարկուիր անոր պէս, զրկանքներու չ’ենթարկուիր, չէ՞ որ իրապէս նոյն ազգի զաւակներն ենք, միթէ՞ զաւակ, եղբայր, ամուսին չկորսնցնողը, հարազատի պէս խորապէս չի՞ ցաւիր մեր բոլոր զոհերուն համար՝ ուր ալ ապրելու ըլլայ՝ Հայաստան, թէ՛ այլուր: Սփիւռքահայը հոգեպէս կը տառապի եւ կ’ուզէ, Հայաստանցիի մը չափ, որ հայրենիքը, նեռարեալ Արցախը, ապահով ըլլայ, բարգաւաճի, եւ օր մըն ալ ետ վերադարձնէ իրմէ խլուած հողերը:

Այս ամէնուն առաջին պայմանը ներքին համերաշխութիւնն է:

Սփիւռքի մէջ ապրելով պիտի համարձակիմ մտորումներս բարձրաձայն յայտնել (ոչ ոք կրնայ մտորելու իրաւունքս խլել) եւ մտորելու ատեն Հայաստանցիներէն արտօնութիւն պիտի խնդրեմ «Մենք»ով խօսելու:

Ան որ կ’ընդունի զիս, որպէս մեր ընդհանուր «ՄԵՆՔ»ի մաս, շատ շնորհակալ եմ անոր, իսկ ան որ չընդունի, ստիպուած չէ ծանօթանալու մտածելակերպիս, կրնայ չշարունակել կարդալը, կամ կարդալէն ետք, կրնայ ինքնիրէն իրաւունք վերապահել երեսիս շպրտելու.

-Ասոր նայեցէ՛ք արտասահման նստած քիթը մեր գործերուն մէջ կը մտցնէ:

Աստուած գիտէ ինչ նոր հայհոյանք մըն ալ կը յօրինէ յատուկ ինծի համար. չէ՞ որ հիմա շատ քիչ են առանց հայհոյանքներու իրար բան մը ըսել ուզողները:

Ըսեմ, որ ես Փաշինեանը դաւաճան սեպողներէն չեմ, բայց կը կարծեմ, թէ ինք աւելի շահաւոր կ’ըլլար եթէ կանուխ ընտրութիւններու դիմէր: Թերեւս, Հայաստանն ալ հեռու մնալով անհարկի ցնցումներէ, չէր վնասեր: Ես ալ շատերուն պէս համոզուած եմ, որ Փաշինեանը շատ սխալներ թոյլ տուաւ, որոնցմէ առաջինը կարծելն էր, որ Ազրպէյճանը չի յարձակիր Հայաստանի վրայ, Թուրքիան բացէ ի բաց չի կրնար օգնել Ազրպէյճանին, Ռուսիան չ’արտօներ, որ ազերիները այդքան յառաջանան եւ Արցախի խորերը հասնին:

Անկեղծօրէն ըսէք.

-Բոլորս այդպէս չէի՞նք կարծեր:

Բոլորս այդպէս կը կարծէինք, բայց Փաշինեանը պէտք է այդպէս չկարծեր, պէտք է իր իմացածներէն հետեւութիւններ ընէր:

Պատերազմէն յետոյ ալ, սխալեցաւ, ճի՛շդ է, յայտարարեց որ ամէն պատասխանատուութիւն ինք կը կրէ, բայց անընդհատ աշխատեցաւ այն տպաւորութիւնը ձգել, որ ինք անմեղ է եւ միայն նախկին իշխանաւորներն են մեղաւոր: Ըսել կ’ուզեմ լուծումներ փնտռելու մեղաւորներ փնտռեց, մեր պարտուողական վիճակը փոխելու, ուզեց ժողովուրդին ուշադրութիւնը կրկին շեղել՝ առաջին գիծ բերելով նախկիններու փտածութեան դէմ պայքարը: Իր իշխանութիւնը պահելու համար սխալ չէ՞ր ամէն կերպ հաճոյանալ Ռուսիոյ, շատ աւելի ենթարկուելով անոր քան ուրիշ ոեւէ ղեկավար անկախութենէն ի վեր: Ու հոս ալ բաժակը յորդեցաւ մեր մեծ դաշնակցին համար աններելի սխալով մը՝ «Իսկէնտէր»ի պատմութեամբ մը: Ռուսիան կրնա՞ր Փաշինեանին ներել եւ իր ամէնէն շատ ծախուող զէնքերէն մէկուն վարկաբեկումը անպատիժ թողուլ:

Փաշինեանի գլխաւոր սխալը մեր բոլորին պէս հայավարի վարուիլն էր՝ կռուըտուքը, մեծամտութիւնը, յախուռնութիւնը, անհամբերութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը, ինքնահաւանութիւնը եւայլն… մէկ խօսքով դիւանագէտ չեղաւ, ո՛չ ներքին, ո՛չ ալ արտաքին քաղաքականութեան մէջ:

Այս բոլորով հանդերձ Փաշինեանը մեր երկրի օրինաւոր վարչապետն է, որ իր գործած սխալներուն համար պարտաւոր է հեռանալ, հեռանալ օրինաւոր ճանապարհներով:

Հայրենիքի փրկութեան կոչուած ընդդիմադիրներուն ալ կողմնակից չեմ: Ճի՛շդ է, որ անոնք իրենց գրաւը դրած են Փաշինեանին դաւաճանութեան պիտակ կպցնելուն վրայ սակայն նկատած եմ, որ անոնք յստակ ծրագիր մը չունին, անոնք իրենց վարքը կը դրսեւորեն օրուան պատահարներէն մեկնելով՝ փորձելով օգտուիլ իշխանութեան սխալներէն, ամէն առիթի վարկաբեկելով Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութիւնը: Չեմ զարմանար, որ Բաղրամեանի վրայ խորոված կը պատրաստեն, անուշ ըլլայ, բայց կը զարմանամ, որ ինչպէ՞ս կրնան իրենք իրենց արտօնել վարչապետին եւ անոր տիկնոջ գնդակահարումը բեմադրել եւ սփռել աշխարհով մէկ, կը զարմանամ, տեսնելով որ ինչպէ՞ս քայլերթի ընթացքին առաջին շարք գտնուողները կը խօսին, կը խնդան մինչ իրենց հետեւորդներուն վանկարկել կու տան.«Առանց Նիկոլ Հայաստան»… կը զարմանամ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է յոխորտալ եւ խաբել ժողովուրդը ըսելով, որ եթէ իրենք իշխանութեան գլուխ գան, ապա գերիներուն տունդարձը օրերու հարց է միայն:

Այստեղ փակագիծ բանալով հարկ կը տեսնեմ ըսելու, թէ մեր թշնամիները մեզ կը զբաղեցնեն գերիներու խնդրով: Սխալ չհասկնաք, չկայ հայ մը, որ չուզէ ժամ առաջ գերիներու տուն դարձը տեսնել, բայց ուրիշ հարցի մասին բանակցութիւններ կը կատարուի՞ն, բացի ճանապարհներու ապաշրջափակումէն, որմով կը թուի, թէ այնքան շահագրգռուած են ազերիներն ու թուրքերը:

Երկու կողմերն ալ ունին իրենց հետեւորդները, եւ էական չէ, թէ ո՞վ աւելի շատ: Երկու կողմերուն ղեկավարներն ալ անզիջող են, եւ երկուքը միասին «ձեռք ձեռքի տուած» մեզ՝ մեր երկիրն ու ժողովուրդը կործանման կ’առաջնորդեն:

Հիմա երկու կողմերն ալ կրնան ըսել.

-Դուն արտասահմանի մէջ նստած ի՞նչ կը հասկնաս: Ի՞նչ պարապ-սարապ կը խօսիս: Եթէ միայն այսքանը ըսեն շատ շնորհակալ կ’ըլլամ, որ առանց հայհոյանքներու եւ լուտանքներու ազատեցայ:

Ըսէ՛ք, ի՛նչ կ’ուզէք, ըսէք, բայց խօսքս պիտի աւարտեմ:

Լուծում պէտք է գտնենք. Երկու (կամ աւելի) կողմերը պէտք է արտահերթ ընտրութեան մը շուրջ համաձայնութեան գան: Բանակը կրնար կողմերուն միջեւ միջնորդի դեր կատարել, բայց կարծէք բանակն ալ կողմ դարձաւ: Լուծումը պէտք է վստահինք անկողմնակալ մարմնի մը: Այդպիսին կրնայ հանրապետութեան նախագահը դառնալ:

1-Ժամանակաւորապէս ամէն լիազօրութիւն կը տրուի նախագահին, որ երկիրը կ’առաջնորդէ արտահերթ ընտրութիւններու՝ Ազգային Ժողովին որոշումով, կամ բանակին զօրակցութեամբ:

Կամ.

2-Բանակը իշխանութիւնը ժամանակաւորապէս իր ձեռքը կ’առնէ, երկրին մէջ կը հաստատէ արտակարգ վիճակ (արդէն պատերազմի պատճառաւ յայտարարուած է), կ’արգիլէ բոլոր հաւաքները եւ կիրքերու ստիպողական հանդարտումէն ետք, կը կազմակերպէ ընտրութիւններ: Հակասահմանադրակա՞ն է, Հայրենիքը ըլլալ-չըլլալու պարագային, թող առնուի հակասահմանադրական քայլ եւ… եւ հաւատացէ՛ք, բան չենք վնասեր եթէ մեծ պետութիւնները մեզ ժողովրդավարութեան դաւաճանած ըլլալու մէջ մեղադրեն:

Մտորումներս անկեղծօրէն կիսեցի ձեզի հետ, թերեւս երկու կողմերէն ալ հայհոյողներ ըլլան, բայց կը հաւատամ, որ ըսածներուս համաձայնողներուն թիւը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլայ, որովհետեւ գիտեմ, մեզմէ ո՛չ մէկը կ’ուզէ երկիրը անդունդ գլորել, կամ ժողովուրդը կործանել:

Հալէպ, 28 Փետրուար 2021


https://www.civilnet.am/news/2021/03/01/%D5%80%D5%A1%D5%AC%D5%A7%D5%BA-%D4%B5%D6%80%D5%A5%D6%82%D5%A1%D5%B6%D5%9D-%D5%B4%D5%BF%D5%B8%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%B4%D5%AB-%D5%AB%D6%80%D5%A1%D6%82%D5%B8%D6%82%D5%B6%D6%84%D5%B8%D5%BE/421076

Yorumlar kapatıldı.