İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Ռուսիան Յոյս Ունի, Որ Հայաստանի Մէջ Կացութիւնը Կը Լուծուի Խաղաղ Ճամբով» Կ՛ըսէ Մաթվիենքօ

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած են Երեւանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները:

«Դաշնակցային խորհուրդի նախագահը նշած է, որ Ռուսիան տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կը նկատէ ներքին հարց եւ յոյս ունի, որ կացութիւնը կը կարգաւորուի բացառապէս խաղաղ ճամբով», կը նշուի Ռուսիոյ խորհրդարանի վերին պալատի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.