İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Զգուշացնէ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Դիմատետրի իր էջին վրայ անդրադարձաւ հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն եւ կատարեց հետեւեալ գրառումը.

Հայաստանը կը գտնուի անդունդի եզրին։ Երկրէն ներս տիրող քաոսային վիճակը հետզհետէ կը խորանայ։ Քաոսը աղբիւր է աննախատեսելի հետեւանքներու։ Զգո՜յշ…։ Հայրենիքի փրկութիւնը կը պահանջէ զիջում բոլորին կողմէ, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հասկացողութիւն ու վստահութիւն։ Այս գիտակցութեամբ հարկ է գործել, կրնայ վաղը ո՜ւշ ըլլալ…։


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.