İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Այսօրուան Ընդդիութիւնը Միայն «Նախկինները» Չեն. Հայեր Միացէ՛ք

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Սիրելիներ եւ ընկերներ

Այսօրուան գլխակարգուած (capitulant), անհեռատես եւ արժեզրկուած ՆՓ-ի քաղաքական խմբակցութեան դէմ ընդդիմութիւնը օրէ օր կը մեծնայ։ Ան շերտաւորուած է եւ կը ներառէ մեր զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնն ու սպայակոյտը, խորհրդարանական ընդդիմութեան ֆրակցիան, 22 կուսակցութիւններ (եւ ոչ թէ 17), մեր նախագահը, մեր հոգեւոր հայրերը, սփիուռքեան հիմնական հաստատութիւնները, հայ քաղաքական մտքի վերնախաւը, Հայաստանի համալսարանականներ եւ դասախօսներու հիմնական մասը, արցախահայութեան կարեւոր զանգուածը եւ շատ մը ուրիշ շերտեր, որոնց բոլորին կարելի չէ հոս անդրադառնալ։

Այսօրուան ազգային մեր ճգնաժամին դիմաց ստեղծուած ընդդիմութիւնը կը ներառէ ԲՈԼՈՐ անոնք, որոնց հաւաքական կամքով կրնան թարգմանել ազգային յանձնառութիւնը, բոլոր անոնք, որոնց սրտերը կ՛արիւնին այս մութ ճգնաժամին ի տես եւ որոնց համար հաւաքական ազգային արժանապատուութեան հարցը տակաւին վեհ արժէք կը մնայ։

Այսօր, 44 օրուան հայ-թրքական-ազրպէյճանական պատերազմի պարտութեան անմիջական պատասխանատուները պէտք է անյապաղ հեռանան քաղաքական դաշտէն՝ յանուն մեր պետութեան շահերուն, որպէսզի մեր յաջորդ ազգային կառուցողական ընթացքն ու ապա, գուցէ, մեր նոր վերելքն ու զարթօնքը սկսին։

Այսօրուան ընդդիմութիւնը մեր ժողովուրդի այն շերտն է, որ հայկական բանակը «քաղաքական ինստիտուտ» չի համարեր, ոչ ալ քաղաքական գործընթացներու մէջ զայն ներգրաւելու փորձերը ընդունելի կը գտնէ, այս այն ընդդիմութիւնն է, որ կանգնած կը մնայ իր բանակին հետ (որ ռազմական յեղաշրջման չգնաց) մինչեւ վե՛րջ։

Այսօրուան ծաւալող ընդդիմութիւնը օրէ օր սկսած է նաեւ ներառել «2018 ժողովրդային շարժման արդար պահանջատէր այն դասակարգը», զոր այլեւս կարելի չէ խաբել աժան հռետորութեամբ։

Այսօրուան ընդդիմութեան անմիջական օրակարգը Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնն է եւ յետոյ մեր երկրին խիստ կարեւոր բաեփոխումները (ուր նախկին փտածութեան տեղ չկայ)։

Այսօրուան ընդդիմութիւնը միայն «նախկինները» չե՛ն, սիրելինե՛ր. ընդդիմութիւնը այլազան է եւ պիտի ներառէ շատեր, որոնք իրարու հետ միշտ համաձայն պիտի չըլլան (մասնաւորապէս ժողովրդավարն ու ազգայինը), բայց ես վստահ եմ, որ պիտի ներառէ ԲՈԼՈՐ անոնք, որոնք պատրաստ են կերտել մեր նահատակներուն վայել հզոր հայկական պետութիւնը։

Հայաստանի եւ հայութեան զարգացումն ու վերելքը անյետաձգելի են. ամբողջական հայութեան պետականութեան պահը հասած է:

Հայե՛ր, հիասթափութեան պահը չէ՛։

ՄԻԱՑԷ՛Ք։


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.