İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Երիտասարդներու Անհնազանդութեան Շարժում` Համալսարաններուն Մէջ

Երէկչորեքշաբթի, 24 փետրուարին երիտասարդները Ալեք Մանուկեան փողոցին մէջ անհնազանդութեան շարժում կատարեցին պահանջելով Փաշինեանի հրաժարականը: Անոնք «Ուսանո՛ղ, միացի՛ր» գոչելով մտան Երեւանի պետական համալսարան: Երիտասարդները ուսանողներուն եւ դասախօսներուն կոչ ուղղեցին` միանալու «Առանց Նիկոլ Հայաստան» պայքարին:

Ցուցարարները շրջեցան նախ` Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) իրաւաբանական բաժանմունքին մէջ, ապա մտան միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունք:

«Կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել Երեւանի պետական համալսարանին եւ այն բոլոր համալսարաններուն, որոնք միացած են Հայրենիքի փրկութեան շարժումին` հեռացնելու դաւաճանը», յայտարարեցին ցոյցին կազմակերպիչները:

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան դիտել տուաւ, որ ներկայիս բոլորին հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ պետութեան պաշտպանութիւնը:

ԵՊՀ-ի նախագահի պաշտօնակատար Գեղամ Գէորգեան վերահաստատեց իր` նախօրօք արտայայտած դիրքորոշումը. «Ես եւս կը կարծեմ, որ այս կառավարութիւնը պէտք է հրաժարական տայ»:

Ապա ցոյցին մասնակիցները դուրս ելան ԵՊՀ-ի կեդրոնական մասնաշէնքէն եւ երթով ուղղուեցան դէպի Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարան: Անոնք փորձեցին մտնել, սակայն մեծաթիւ ոստիկանները հրեցին ու չարտօնեցին: Հրմշտուք սկսաւ քաղաքացիներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ: Ցուցարարները այլ մուտքով մը մտան Երեւանի պետական տնտեսագիտական համալսարան:

Ցուցարարները մտան համալսարանի նախագահին ընդունարանը եւ յայտարարեցին, որ Նիկոլ Փաշինեան այլեւս Հայաստանի մէջ իշխանութիւն չունի, եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը կը պահանջէ, որ բոլոր գիտակից ու արժանապատիւ քաղաքացիները միանան շարժման: Ցուցարարները մտան լսարաններ եւ յայտարարեցին, որ պէտք է դուրս ելլել պայքարի:

Բողոքի աւարտին երիտասարդները արձանագրեցին, որ երկու համալսարաններուն մէջ ալ իրենց կը սատարէին թէ՛ ուսանողները եւ թէ՛ դասախօսները:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.