İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԸ

Օրհնութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր, երկարատեւ աշխատութենէ մը յետոյ լոյս տեսաւ, «Յուշամատեան Պէշիկթաշի» գեղատիպ ու շքեղ գիրքը, զոր գրի առնուած է Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ երբեմնի հոգեւոր հովիւ՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։

Այս աշխատութեամբ, վերջին շրջաններուն Տէր Հօր կողմէ պատրաստուած, «Գանտիլլիի Յուշամատեանին» եւ «Գատըգիւղի Յուշամատեանին» կը միանայ նոր յուշամատեան մը եւս, զոր հանգամանօրէն կը ներկայացնէ Պէշիկթաշի պատմականը։ Յուշամատեանի պատրաստութեան ներուժը կը բնութագրուի հետեւեալ ձեւով. «Ինչպէս բոլոր համայնքային հաստատութիւնները, այնպէս ալ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին իր սահմաններուն մէջ ծառայած է թաղեցի ժողովուրդին։ Թաղին մէջ իրագործուած հոգեւոր, կրթական, բարեսիրական եւ մշակութային գործունէութիւններ իրենց գոյութիւնը կը պարտին զոհողութիւններ յանձն առած նուիրեալ անձնաւորութեանց փաղանքին։ Ծառայութեան շղթան հասած է մինչեւ մեր օրերը»։ 

Պատմական ընդարձակ տեղեկութիւններով զարդարուած գիրքը, կը սկսի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտօնական նկարներով։ Ապա, կը յաջորդէ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր Օրհնութեան Գիրը, որով Մեր Հոգեւոր Պետը կ՚ողջունէ Պէշիկթաշի Յուշամատեանը եւ իր հայրական օրհնութեամբ կը գնահատէ գրքի պատրատութեան նպաստած բոլոր սպասաւորները։ Բաց աստի, ներկայացուած են նաեւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանի, Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի, Նարեկացի Դպրաց Դասու Տնօրէն Խորհուրդի, Պատրիարքական Աթոռոյս միաբան՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի եւ հեղինակ Քահանայ Հօր սրտի խօսքերը։

Ըստ  Գրիգոր Աւ. Քահանայի, գրքի պատրաստութիւնը, կամքէ անկախ պատճառներով յապաղած, սակայն ի վերջոյ կեանքի կոչուած է։ Այլապէս, գիրքի նօթերը, ականատեսները եղած են Երանաշնորհ Շնորհք, Գարեգին Բ. Եւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքներու վախճանմանց ու հուսկ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի գահակալութեան։

Յուշամատեանը կը բաղկանայ երկու բաժիններէ. Պատմական գիտելիքներ եւ լուսանկարներ։

Առաջին բաժինը կը սկսի Պէշիկթաշի մասին պատմական ընդհանուր տեղեկութիւններով, որով կը ներկայացուի թաղի հայութեան առաջին շրջանները, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ կառուցումը եւ մինչեւ վերանորոգութեան յաջորդող դէպքերը։ Եկեղեցւոյ անունը տակաւին մինչեւ այսօր նոյնացած է Պալեան Ընտանիքի հետ, որոնց ներդրումով աւելի քան 180 տարիներ առաջ եկեղեցին իր հրաշալի տեսքով վերանորոգուած է։ Ուստի սկսեալ 1838ի կառուցումէն, եկեղեցւոյ յետ առընչուած նշանաւոր դէմքեր ու դէպքեր ժամանակագրական կարգով կը ներկայացուին։ Պատմական գիտելիքներ, նաեւ զարդարուած են նիւթերու հետ առընչուած բազմաթիւ նկարներով եւ էջատակի ծանօթագրութիւններով։ Պալեան եւ Տատեան ընտանիքներու թաղէն ներս մնայուն ներկայութիւնը, տեսանելի կը դառնայ գիտելիքներով։ Ներկայացուած  են նաեւ Վազգէն Ա., Գարեգին Ա. Եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետներու, ինչպէս նաեւ Գարեգին Բ., Մեսրոպ Բ. եւ Սահակ  Բ. Պատրիարքներու հովուապետական այցելութիւնները։ Այս բաժնին մէջ, յատկանշական տեղ կը գրաւէ Եկեղեցւոյ 150-ամեակին առթիւ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքին գրի առած օրհնութեան գիրը եւ եկեղեցւոյ վերջին երկու ի հիմանէ վերաշինութեանց նկարագրութիւնները։ 

Բացի, եկեղեցւոյ հետ առընչուած դէպքերէն, մանրամասնօրէն ներկայացուած են Պէշիկթաշի Եկեղեցւոյ քարոզիչ եպիսկոպոսներն ու վարդապետները, որոնց վերջին օղակն է Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքը։ Ներկայացուած են նաեւ, Հեղինակ Քահանայ Հօր եւս տեղ գտած Ս. Աստուածածին Եկեղեցիին ծառայած 78 քահանաները, որոնց վերջին օղակն է ցարդ՝ Տ. Սարգիս Աւ. Քահանան։ Ընթերցողներ պիտի գտնեն նաեւ Նարեկացի Դպրաց Դասու պատմականը, տնօրէն խորհուրդի անդամները, դպրաց դասու վերակազմութեան պատմականը եւ այժմու դպրապետ՝ Բրշ. Արման Սրկ. Մարաշլեանի ծառայութիւնը։ Եկեղեցական երաժշտութեան ոլորտէն ներս Պէշիկթաշ եղած է աչքառու թաղ մը, իր երաժշտապետներով, որոնց վերջին օղակը կը դառնայ՝ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեան։ 

Բացի եկեղեցական կեանքէն, ընդարձակ բաժինով մը կը պատկերացուի Պէշիկթաշի աւելի քան 160 տարուայ եկեղեցա-վարչական կեանքը։ Սկսեալ Սարգիս Պատրիարքէ, մինչեւ Սահակ Բ. Պատրիարք, իւրաքանչիւր Պատրիարքի եւ կամ Տեղապահի շրջանին համապատասխան վարչական խորհուրդները, հանդերձ իրենց անդամներով եւ կանոններով կը ներկայացնեն վարչական կեանքը։ Երկարապատում այս ցանկին վերջին օղակն է այժմու վարչական կազմը, որուն ատենապետն է՝ Հայազատ Կազարօղլու։ Թաղային Խորհուրդին կը յաջորդէ նաեւ, Ազգային երեսփոխանական յաջորդականութիւնը։

Եկեղեցական կեանքի անբաժան մէկ մասնիկը նկատուած է նաեւ կրթական կեանքը։ Նմանողութեամբ եկեղեցական կեանքի, Պէշիկթաշի կրթական կեանքը եւս ընթարձակօրէն կը յայտնուի։ Սկսեալ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի շրջանին հաստատուած դպրատունէն, մինչեւ Մաքրուհեան Վարժարանի բացումը եւ յետ բացման շրջանը, խմբանկարներ, ուսուցիչներ, վկայուած աշակերտներ եւ վարժարանի տեսուչներ եւս լոյս տեսած են պատմական բաժնին մէջ։ Կրթական կեանքին միացած է նաեւ միութենական կեանքը։ Թաղի աղքատախնամ առաքելութիւնն ու օժանդակ մասնախումբերը եւս չեն մոռցուած։

Յուշամատեանի ամենէն յատկանշական հատուածներէն մին է, Պէշիկթաշի Գերեզմանատան պատմութիւնը, որ մինչեւ այսօր մանրամասնօրէն ո՛չ մէկ տեղ լոյս տեսած է։ Գերեզմանատան հաստատման մասին վաւերաթուղթեր եւս իրենց պատճէններով լոյս կը սփռեն, երբեմնի գործօն գերեզմանատան մասին։ 

Պատմական բաժնի աւարտին, Պէշիկթաշի հետ առընչուած նշանաւոր դէմքերու, յատուկ բաժին մը յատկացուած է։ Գրչի մշակներ, կրթական մշակներ, գեղարուեստականներ, ճարտարապետներ, բժիշկներ, դեղագործեր, պետական պաշտօնական դէմքեր եւ երաժշտական գործիչներ եւս, իրենց կենսագրութիւններով եւ նկարներով հանդերձ տեղ գտած են։  Իսկ, եկեղեցւոյ գոյքերու յիշատակարաններով իր աւարտին կը հասնի պատմական բաժինը։   

Իսկ երկրորդ բաժինը, որ արտաքնապէս աւելի ճոխ, գունաւոր նկարներով կը ներկայացնէ եկեղեցւոյ սրբապատկերները, գոյքերը, յիշարժան դէմքերը եւ անցեալէն պատառիկներ։ Յատկապէս այս բաժնին մէջ պալատանման տաճարն ու խորանը, իրենց արտաքին փառքով ընթերցողներուն կը յայտնուին։

Պէշիկթաշի Եկեղեցւոյ մեկենասութեամբ լոյս տեսած գիրքը կը բաղկանայ 504 էջերէ։ Լայնածաւալ գրքին շարուածքը կատարած է Սիրվարդ Մալխասեան, իսկ էջադրութիւնը՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Բրկ. Մուրատ Կ.Սրկ. Կոստանեան։ Բաց աստի, գեղեցիկ կողքը մտայղացումն է Պէշիկթաշցի յայտնի արուեստագէտ Գրիգոր Սահակեանի։

Նկատի ունենալով Քորոնա Համավարակի սահմանափակումները, գիրքի շնորահանդէսը կը նախատեսուի Ս. Զատկի յաջորդող շրջանին մէջ, որուն դասաւորման համար այժմէն գործի լծուած է Շնորհահանդէսի Յանձնախումբը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın