İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՆՈՐԱՏԻՊ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԻՆԱԿԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 23 Փետրուար 2021, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանը, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանը, Նարեկացի Դպրաց Դասու Դպրապետ՝ Բրշ. Արման Սրկ. Մարաշլեանը եւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Հայազատ Կազէրօղլուն։

Այցելուներ յայտնեցին թէ յանուն Պէշիկթաշի Եկեղեցւոյ ներկայ կը գտնուէին Պատրիարքարանի մէջ եւ իրենց երախտագիտական պարտականութիւնը կատարելու համար կը ներկայանային՝ Նորին Ամենապատուութեան։ Հոգեկան անհուն  ուրախութիւն էր, հրատարակութիւնը ողջունել՝ Գրիգոր Աւ. Քահանայի գրի առած «Պէշիկթաշի Յուշամատեան»ի հրատարակութիւնը։ Այցելուներ առաջին հերթին Պատրիարք Հօր նուիրեցին գիրքի առաջին օրինակը, զոր մակագրուած էր գրքի հեղինակին կողմէ։ Ապա, որդիաբար շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարք Հօր, որ Պատրիարքական Օրհնութեան Գիրով իր օրհնութիւնը բերած էր գրքին։ Ներկաներ, այս առիթով գրքի աշխատութեան նախաքայլերուն, զարգացման եւ հրատարակութեան պատրաստութեան փուլին մասին տեղեկութիւն փոխանցեցին։ Բաց աստի, անոնք եկեղեցւոյ հետ առընչուած յուշեր բաժնեցին Մեր Հոգեւոր Պետին հետ, որ անցեալին ինք եւս որպէս սարկաւագ ծառայած է Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ։ Պէշիկթաշի Ընտանիքի անդամները, Պատրիարք Հօր ներկայութեան, որդիական երախտագիտութիւն յայտնեցին Հայր Սուրբին եւ Տէր Հօր։

Պատրիարք Հայրը, առաջին հերթին ուրախութեամբ ողջունեց «Պէշիկթաշի Յուշամատեան»ի հրատարակութիւնը, բան մը որ պատմական իմաստով մնայուն արժէք պիտի ներկայացնէր ապագայ սերունդին։ Անցեալին եւս նման աշխատութիւններ կատարուած էին զանազան եկեղեցիներէ ներս, որոնց շնորհիւ ներկայ սերունդը տեղեկութիւն կը գտնէր անցեալի մասին։

Պէշիկթաշի Եկեղեցին արդէն իսկ իր արտաքին տեսքով եւ ներքին շքեղանքով, համաշխարհային չափանիշներով ծանօթ է շատերուն եւ այս գրքի ճամբով եկեղեցւոյ պատմականը ալ աւելի մատչելի պիտի դառնար։  Պատրիարք Հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տէր Հօր մասին, որուն յուշամատեանի աշխատութիւններուն օղակ մը եւս կ՚աւելնար այս շքեղ գիրքով։ Պատրիարք Հայրը, դրուատեց նաեւ Պէշիկթաշի Եկեղեցին, հանդերձ իր մեծ ընտանիքով ու մաղթեց որ իրենց գործունէութիւնը մնայ պայծառ։

Պատրիարք Հայրը, թելադրեց նաեւ որ այս գիրքը ծանօթացուի շնորհահանդէսով մը։ Այցելուներ յայտնեցին, որ արդէն իսկ այս ուղղութեամբ յանձնախումբ մը գործի լծուած է, առաջնորդութեամբ՝ Հայր Սուրբին, որ Ս. Զատկի յաջորդող օրերուն կը նախատեսէ գիրքը ծանօթացնել, Պատրիարք Սրբազան Հօր բարձր հովանաւորութեամբ։ Քորոնա Համավարակի սահմանափակումներուն ընթացքին համաձայն յաջորդաբար տեղեկութիւն պիտի փոխանցուի նաեւ այս ծրագրի մասին։

Հանդիպման աւարտին, ներկաները ջերմ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Մեր Հոգեւոր Պետին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın