İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Լոյս Տեսած Է Հրանուշ Յակոբեանի «Յիշում Ենք Եւ Պահանջում» Գիրքը

Լոյս տեսած է Հրանուշ Հրանդի Յակոբեանի «Յիշում ենք եւ պահանջում» խորագիրը կրող վերտառութեամբ ծաւալուն (840 էջ) գիրքը: Աշխատութիւնը կ՛ամփոփէ հեղինակի գիտական, հրապարակային զեկուցումները, ելոյթները, որոնք մեծ մասամբ նուիրուած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախապատրաստման, տարածաշրջանային յանձնախումբերու հետ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքներուն:

Աշխատութեան մէջ ներկայացուած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի գործունէութիւնը, նիստերուն ընթացքին հեղինակին ելոյթները, որոնք յատկապէս կը վերաբերին սփիւռքի տարբեր տարածքներու մէջ կատարուած աշխատանքներուն:

Անդրադարձ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Համահայկական հռչակագիրին, անոր բովանդակութեան ու հիմնական սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ համապետական, համահայկական հնչեղութիւն ունեցող ձեռնարկներուն, անոնց նշանակութեան:

Գիրքին մէջ տեղ գտած է նաեւ հեղինակի «Հայկական սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհում» գիրքին այն հատուածը, որ նուիրուած է ցեղասպանութեան` «Հայոց ցեղասպանութիւնից 100 տարի անց» խորագիրով:

Աշխատութիւնը հրատարակութեան երաշխաւորած է Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) Պատմութեան ուսումնարանի գիտական խորհուրդը:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.