İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Կարմիր Վարդեր Եռաբլուրի Տղոց Շիրիմներուն (Սիրոյ Տօնին Առիթով)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հիմա դուն յաւերժ զինուոր ես,
իսկ եսյաւերժ զինուորի սպասող…
Դուն հայրենիք ես, իսկ ես
հայրենապաշտ:

Արցախի վերջին պատերազմին, երբ ազգ մը ամբողջ ակնդէտ կը հետեւէր ստեղծուած վիճակին եւ իրադարձութիւններուն, հեռատեսիլի պաստառներու թէ համացանցի վրայ, մենք կը հանդիպէինք նաեւ այնպիսի գրառումներու, ինչպիսին է վերեւ յիշուածը, որոնց ընթերցումով` կ՛ալեկոծէր մեր յուզաշխարհը, կը փոթորկէին մեր սրտերը, մտքերը:

Որովհետեւ, իւրաքանչիւր քսանամեայ զինուորի նահատակութեան լուրը, կը զգետնէր մեր հոգիները, կը բորբոքէր ներաշխարհը, յատկապէս, երբ որդեկորոյս մայրերու բերնէն կը լսէինք տղոց նկարագրային բարեմասնութիւնը, ազնուութիւնը, հայրենասէրի բարձր գիտակցութիւնը, նուիրումը, ուսման հանդէպ սէրը, երազանքը:

Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր նահատակ զինուորի հետ կը մարէր օճախի մը լոյսը, կը դատարկուէր ընտանիքի մը յարկը, աւելի՛ն. կը լիցքաթափէր կեանքի իմաստը, միւս կողմէ նաեւ` իր աւարտին կը հասնէր աննման տղոց սիրոյ հեքիաթը:

Եւ ահա, կը կրկնապատկէր հայ ընտանիքի ցաւը, ժառանգորդի տառապանքը:

Արդ, շատերու տարօրինակ թուի, հաւանաբար, թէ նահատակութեամբ իրենց կեանքը արժեւորած անկրկնելի տղոց սխրանքին մեծութիւնը յիշատակուի նաեւ Սիրոյ տօնին առիթով:

Ճիշդ է, որ դարերու խորերէն հասած համամարդկային տօն մըն է անիկա, որով հմայուած են իրերայաջորդ սերունդներ, այդուհանդերձ, անոր հնչեղութիւնը սկսած է տակաւ կորսցնել իր իմաստընկատի առած նիւթականացած կեանքի ահաւոր վիճակը, մարդու տեսակի եւ ըմբռնումներու որոշակի այլասերումը, խենեշ ու տկլոր վարքագիծ ունենալու նորահաս սերունդի աճապարանքը, նորոյթի թէ արհեստագիտութեան ներմուծումը մարդկային կեանքի իւրաքանչիւր փուլի, այսպէս ըսած, զարգացած մօտեցումներու հանդէպ ցոյց տրուած ընկրկումի եւ ստրուկի հոգեբանութիւնը եւ այլն:

Այդուհանդերձ, մեր շրջապատին մէջ մենք ականատես դարձանք այնպիսի հերոսաբոյր կեցուածքներու եւ ըմբռնումներու, յատկապէս արցախեան վերջին պատերազմին ատեն, երբ 20-ամեայ զոհուած հերոսի սրտակիցը, սիրահարը, կեանքի ընկերուհին, ի տես իր սիրականի նահատակութեան, ի լուր աշխարհին կը յայտնէր իրենց սիրոյ խոստումն ու ապրուած սիրոյ հեքիաթ:

Իրօք, Արցախի վերջին պատերազմի ամէնէն թէժ մարտերուն, երբ հերոսածին մեր տղաքը կը մղէին կենաց մահու պատերազմ, երբ անոնք իրենց արիւնը կը նուիրաբերէին յանուն ազատութեան բագինին, խրամներու թէ դիրքերուն թիկունքին, հազարաւոր օճախներու մէջ, հայ մայրերու եւ քոյրերու կողքին, սեւաչեայ աչքերով մանկամարդ հայուհիներ, սիրահարներ, իրենց լո՜ւռ աղօթքով եւ քաջալերական խօսքերով հանդէս կու գային` ամրացնելու նորակոչիկ տղոց կամքերը, թարմացնելու անոնց սրտերը եւ վկայակոչելու սիրոյ խոստումը:

Անոնքսիրոյ հեքիաթներու սիրուհիներ, թէեւ կարօտով յափշտակուած էին ու կը սպասէին սիրականին, գիտակից էին պահուան լրջութեան, դժուար կացութեան ու պատերազմի ստեղծած անդոհանքին, եւ, առանց կորսնցնելու իրենց հաւատքին մեծութիւնն ու սիրոյ ջերմութիւնը, կը հաւատային հայ զինուորի արիութեան եւ անկոտրում կամքին, բայց մանաւանդ հեզահամբոյր ժպիտով կը սպասէին անոնց վերադարձին:

Ու ահա, իրենց սիրած տղու նահատակութեան լուրով, արդէն կը բացուէր յիշատակներու պաստառը, սիրոյ խոստումներու աշխարհը, վերջին տարիներու ապրուած ամենագեղեցիկ կեանքի վայրկեանները, կարօտով ու համբոյրներով լիացած երեկոները, իրարմով յափշտակուելու գաղտնիքն ու խայտանքը, եւ մենք ականատես կ՛ըլլայինք սրտաճմլիկ նկարներու, վիտէօ-երիզներու եւ գրառումներու:

Փաստօրէն, աւելի քան հինգ հազար սրբազան նահատակներու, նորակոչիկ զինուորներու եւ աստուածացած տղաներու սխրանքին եւ հերոսական նուիրումին առընթեր, մենք կը ծանօթանայինք նաեւ` անոնց սիրոյ հեքիաթին, հայու նոր օճախ կազմելու տենդագին աշխատանքին եւ խոր ապրումին:

Ահա թէ ինչո՛ւ անոնց սուրբ շիրիմները յաւերժական լոյս կը ճառագայթեն, անոնց միւռոնաբոյր տապանաքարերըչերգուած սիրոյ ջերմութիւնը կը փոխանցեն, անոնց կատարած վսեմագոյն քաջագործութեան չափ, անոնց սիրոյ պատմութիւնը նորահաս սերունդներու կեանքը պիտի ջրդեղեն, ոգեւորեն, հոգեզինեն:

Կը հաւատանք, որ Եռաբլուրի տղոց սիրոյ ատաղձը, շաղախը, առանձնապէս հայրենասիրութիւնն էր, որով արժանացան նահատակութեան փառապսակին եւ դարձան մեր ժամանակներու առասպելները, սիրոյ տաճարին հսկաները:

Արդ, քաջ համոզուած ենք, որ հսկաներու յիշատակը չի խամրիր, երբե՛ք:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.