İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպ․ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը

1928 Մայիս 28-ին, Գահիրէի մէջ խումբ մը մտաւորական հայեր կը հիմնեն համահայկական միութիւն մը՝ «Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութիւն»ը, որուն գլխաւոր հիմնադիրներն են Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կարկառուն դէմքերէն Նիկոլ Աղբալեան, Համօ Օհանջանեան եւ Լեւոն Շանթ: Միութեան նպատակի սահմանումն է. .«Համազգայինի առաքելութիւնը հայ ազգի վերանորոգումը կառուցանել է: Ազգ մը, որ կը մնայ իր մշակոյթին հաւատարիմ, իր դպրոցին սատար եւ կը հաւատայ ընդմիշտ Հայ Դատի յաղթանակին»:

Այս միութիւնը համահայկական անուանեցինք որովհետեւ հատուածի մը պատկանելով հանդերձ, կը միտի ծառայել ամբողջ հայ ազգին:

«ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ

«Համազգային»ի աշխարհասփիւռ  50 մասնաճիւղերէն մէկը՝ Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը ունի հինգ մասնաճիւղեր՝ Հալէպի, Դամասկոսի (1952), Լաթաքիոյ (1965),  Գամիշլիի (1987), եւ Քեսապի (1988): 
Շրջանային Վարչութիւնը կը գտնուի Սուրիոյ ամենամեծ գաղթավայրը հանդիսացող Հալէպի մէջ:

«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿ- ՊԱՏԱԽՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐ, ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ, ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ

«Համազգային»ին որպէս կեդրոն նախ ծառայած է Նոր Գիւղի Մարտիկեան սրահը, ապա Սալիպէի կեդրոնը, Սուլէյմանիէի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը, այժմ միութիւնը հաստատուած է Զաւարեան դպրոցի շէնքին մէջ, որ վերջինիս Ազգային Միացեալ Վարժարանին միանալէն ետք, վերածուած է մշակութային կեդրոնատեղիի:

Հին համազգայնականները երանութեամբ կը յիշեն Սալիպէ շրջանի իրենց կեդրոնը, որ կը գտնուէր Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ  կառոյցին մէջ: Հոն, այդ հին շէնքին մէջ, միեւնոյն ատեն տեղի կ’ունենային թատերախումբին եւ «Զուարթնոց» երգչախումբին փորձերը, միեւնոյն ատեն «Արշիլ Կորքի» նկարչական դպրոցի սաները փորձառու ուսուցիչներու հսկողութեան տակ նկարել կը սորվէին: Այդ երանելի օրերուն, Սփիւռքի մէջ կրնա՞ք երեւակայել նման երեւոյթ մը.-Նոյն օրը, նոյն ժամուն, նոյն միութեան պատկանող երգչախումբ եւ թատերախումբ ելոյթ կ’ունենային: Միւնոյն օրը երկու սրահ լեցնելը ամէն միութեան գործ չէր:

ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԽՈՒՄԲ

ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԽՈՒՄԲՀիները, Սալիպէյէն կը յիշեն նաեւ կիրակնօրեայ հերթական ճաշկերոյթները, որոնց ներկայ կը գտնուէին փոքր եւ մեծ համազգայնականները. այդ ճաշկերոյթները անպայման հագեցած կ’ըլլային գեղարուեստական ճոխ յայտագրերով: Հապա «տոհմիկ օրե՞ր»ը, կարելի չէ՛ մոռնալ այդ համով-հոտով օրերը, որոնց ընթացքին կը ներկայացուէին «էրկրի» հայրեակցական խումբերու կենցաղն ու համեղ ճաշերը:

Նշելի է, որ «Համազգային»ը շատ սերտ կապ ունի Ազգային Առաջնորդարանին հետ, բոլոր մեծ ու փոքր ձեռնարկները կը վայելեն Սրբազան Առաջնորդին բարձր հովանաւորութիւնը: Շատ սերտ կապ ունի նաեւ Ազգային վարժարաններու հետ, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հայ ուսուցիչներն ու բարձր դասարաններու գրեթէ բոլոր աշակերտները համազգայնականներ են կամ Միութեան համակիրներ:

ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ

Մեր դպրոցները հայակերտումի դարբնոցներ են, իսկ մեր միութիւնները կ’ամբողջացնեն անոնց առաքելութիւնը: «Համազգային»ը այս առումով շատ աւելին ըրաւ: 1996-ին տեղծեց Հայագիտական Հիմնարկ մը, որ 25 տարիներէ ի վեր կը գործէ անխափան եւ կը պատրաստէ հայ դպրոցին ծառայելու ատակ ուսուցիչներ, որոնք այսօր սփռուած են աշխարհով մէկ եւ հայեցի կրթութիւն կը ջամբեն նոր սերունդներուն: Հայագիտական այս հաստատութիւնը օժտուած է բազմաթիւ արհեստավարժ մտաւորական դասախօս-ուսուցիչներով, որոնց մասին առնուազն պէտք է ըսել, որ նուիրեալներ են: Քառորդ դարեայ լուսաւոր պատմութիւն ունեցող այս հիմնարկը «Համազգային»ի ամենամեծ նուաճումն է:

ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱՆՈՑ

ԷՍԹՐԱՏԱՅԻՆՄինչ այս յօդուածը, գրած էի Հ.Բ.Ը.Միութեան մասին, նպատակ ունենալով պարբերաբար ներկայացնել Հալէպահայ բոլոր միութիւնները: Այս յօդուածաշարքը ընդմիջեցի Արցախեան աղիտալի պատերազմին պատճառաւ: Նպատակս  պատմութեան արձանագրումը չէ՛, սակայն կը միտիմ պատմաբանները մղել մեր գաղութի պատմագրութեան, յիշատակելով նաեւ իմ կողմէս դիտումնաւոր չնշուած բոլոր անունները:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 14 Փետրուար 2021

https://www.civilnet.am/news/2021/02/14/Հալէպ%E2%80%A4-Համազգային-հայ-կրթական-եւ-մշակութային-միութիւնը/419298

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın