İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Բեկանուած Նշխարը (Մեղրիկ Եպիսկոպոսին)

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Բարեմիտ եւ սիրամէտ սրընթաց եւ հապճեպ ճամբուդ վրայ անակնկալ այս շրջադարձդ յանկարծ բացուած առաւօտը գիշերի վերածեց՝ աւելի եւս խորացնելով մղձաւանջն ու տիրող անցուկ վիճակը, որ երբեւիցէ պատած է օրերը, ուր կ՛ապրինք ես եւ իմ նմանները։ Հայրենի մտալլկող տագնապը, Լիբանանի թախծոտ վիճակը, համաճարկի սարսափը կը կրծեն իմ եւ շատերու միտքը։ Այս շփոթահար պահուն ու քու անհարկի այս շրջադարձը նոր խոց մը յառաջացուց սրտիս վրայ՝ ալեկոծելով իմ եւ շատերու միտքն ու էութիւնը ամբողջ։

Գովերգը, որ պիտի հիւսուէր քու բարեգործ, գուրգուրոտ եւ անխոնջ աշխատանքիդ որպէս պսակ, ողբերգի վերածուեցաւ՝ շփոթի մատնելով զիս եւ ուրիշ շատեր։ Ու հիմա, երանական ճամբուդ վրայ, գովերգներու որպէս վերջաբան ընդունէ այս բառերը, սրբազա՛ն եղբայր…

Տակաւին նոր պատմուճանով չզարդարուած, հովիւի մականը չբռնած եւ նոր ու իմաստալից անունով չկնքուած, Բարիքեանններու ընտանիքին այս տղան, արդէն իր մէջ կը կրէր քրիստոնէական վարդապետութեան շնորհքները, երբ եռանդուն ու կամաւոր կերպով կը սպասարկէր Աստուծոյ խորանին, կը ծառայէր տկարներուն եւ հիւանդներուն, որոնցմէ մին եղայ, երբ հոգելոյս Զարեհ սրբազանին հետ ինքնաշարժի արկածի փորձութեան մը մատնուեցանք։

Օրինակելի վարքով, օրինակելի աշխուժութեամբ, ծառայելու օրինակելի ոգիով օժտուած էր Կարօ Բարիքեանը, որ արդար իրաւունքով ստացաւ այդ քաղցր անունը՝ դառնալով Մեղրիկ քահանայ, վարդապետ եւ եպիսկոպոս։ Պահեց այդ քաղցրութիւնը, ուր ալ գտնուեցաւ։ Բաժնեց այդ քաղցրութիւնը ամէնուրեք իր շրջապատին։ Արժեւորեց այդ քաղցրութիւնը մեծին եւ փոքրին հետ, տկարին եւ զօրաւորին հետ, աղքատին եւ հարուստին հետ, ամէնուն հետ։

Աւելի ուշ, Թորոնթոյի մէջ առիթ ընծայուեցաւ ինծի եւ տեսայ եւ հիացայ իր նուիրումին դիմաց, եկեղեցիին, շարականին, երգին, աղօթքին եւ մարդոց՝ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն հանդէպ։

Տեսայ իր անսակարկ աշխատանքը «Շնորհալի» երգչախումբի շրջանակին մէջ։

Տեսայ իր անդուլ նուիրումը «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ։

Տեսայ իր ինքնանուէր բաշխումը Քրիստոնէական բաժանմունքի ընտանիքին մէջ։ Անսակարկ նուիրումի անհատնում գանձարան մըն էր Մեղրիկ սրբազանը։

Մեղրիկ վարդապետ կամ Մեղրիկ սրբազան եղաւ մեղրիկի կաթիլ՝ մկրտութեան աւազանէն նոր դուրս եկած երեխային համար։ Մեղրիկ վարդապետ կամ Մեղրիկ սրբազան եղաւ մեղրիկի կաթիլ նորախօս մանուկներու համար։ Մեղրիկ վարդապետ կամ Մեղրիկ սրբազան եղաւ մեղրիկի կտոր նոր գեղգեղող ձագերուն համար։ Մեղրիկ վարդապետ կամ Մեղրիկ սրբազան եղաւ մեղր նորապսակ զոյգերու համար, մայրերու համար, հայրերու համար, մամիկներու թէ պապիկներու համար։ Մեղրիկ վարդապետ կամ Մեղրիկ սրբազան սփոփանքի մեղր եղաւ սգաւորին համար, հիւանդին համար, կարօտեալին համար։ Մեղրիկ սրբազան եղաւ նշխար մը յարատեւ բաշխուելու բոլորին։

Ափսո՜ս սակայն, մեղրիկը, կաթիլ ջուրի մը նման, աչքերէ հեռու, հիւանդանոցի մը անկիւնը, յակարծակի կերպով կաթեցաւ հողին՝ ցաւի եւ ափսոսանքի վիհ մը բանալով իր եղբայրներուն, ընկերներուն, աշակերտներուն եւ զինք ճանչցողներուն մէջ։

Ինծի պարտադրուած այս երկարող գիշերուան մէջ, հիմա կը մտածեմ եւ ուշքի կու գամ։ Հիմա կ՛անդրադառնամ, որ Մեղրիկ վարդապետը կամ եպիսկոպոսը ինչո՞ւ երկար կը քարոզէր, ինչու աղօթքները իրարու կը միացնէր, ինչու իր մէկ խօսքը, երեք խօսքի տարողութեամբ կը տարածէր ունկնդիրներու ականջին։ Ինչո՞ւ հեւքոտ էր իր վազքը…

Հիմա կը զգամ, որ ինք կը նախզգար իր գլխուն վերեւ կախուած չարագուշակ մահազանգին մօտալուտ ղօղանջը։

Եւ ահա, տակաւին վառ եռանդը մէջը, աղօթքը տաք շրթներուն, աստուածահունչ խօսքը ճկուն լեզուին՝ վտիտ մոմի մը պէս կը շիջի փոքր քամիէն… շուարեցնող փոթորիկ մը ստեծելով իր շուրջ։

Այս գիշերը եւս երկիւղը կը պատէ զիս, ինչպէս ամէն անգամ, երբ արժանաւոր հարազատի բաժանումը, յախճապակեայ փշրանքներ կը փռէ առջեւս։

Բեկանեցաւ մեղրահամ այս նշխարը եւս, իր ետին ձգելով կարօտեալ հոգիներ եւ ծարաւ սրտեր։

Հիմա, երբ առաւօտեան առաջին հայեացքս կը նետեմ դէպի ամպերով կարկտնուած երկինք, իր դագաղէն հեռու, երբ իր եղբայրները կը յուղարկաւորեն զինք, շրթունքներս Աստուծոյ ականջին մօտեցուցած կը մրմնջեմ.

– Տէր, անսասան եւ պայծառ պահէ քու սուրբ տաճարներդ։ Իմաստութիւն շնորհէ հաւատացեալներուդ։ Հնչեղ պահէ քեզ գովերգող օրներգութիւններու ձայները, տաք պահէ քեզ փառաւորող աղօթող շրթները, ուժեղացուր Տանն Կիլիկիոյ սուրբ Աթոռէն շողարձակուած ճառագայթները եւ լոյսերու մէջ ա՛ռ մեզմէ բաժնուած եւ քեզի միացած հոգիները։


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.