İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ 9 Փետրուար 2021, Երեքշաբթի առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր

նախագահութեամբ եւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասի մասնակցութեամբ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփաննոս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Աթոռոյս ժառանգաւոր սաները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Քահանայից Դասու անդամները, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանի։ 

Նախքան Տէրունական Աղօթքը, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, ընթերցեց Ս. Ղեւոնդ Քահանային ճառը, արտասանուած՝ Վարդանանց Պատերազմի նախօրեակին։ Ապա, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան քարոզեց, «Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն» (Սղմ. ՃԼԱ) բնաբանով։ Հայր Սուրբը, նախ անդրադարձաւ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից պատմական իմաստին, որով Հայ Ժողովուրդը Քրիստոնէութեան հանդէպ իր հաւատարմութիւնը փաստած էր։ Ապա, յիշեցուց անցեալէն դէպի այսօր գոյութիւն ունեցած Աւարայրերու մասին, որոնք միշտ փորձած էին զանազան միջոցներով Քրիստոնէական լոյս հաւատքը խլել եւ հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղել դէպի խորխորատ։ Առ այդ, յայտնեց թէ՝ մերօրեայ պայմաններով Քորոնա Համավարակը եւս կը դառնար լուրջ հոգեւոր պատերազմի մը առիթ։ Տօնական աւանդութիւններ հիւանդութեան շուքին ներքեւ սահմանափակ կը տօնուին եւ այս մէկը պատճառ կը դառնայ որ շատերու մօտ քրիստոնէական արմատները խախտին։ Բաց աստի հայ ժողովուրդը, անցեալ տարուայ մէջ բազմիցս կրած էր յուզումնախառն պահեր, որոնք պատճառ դարձած էին ազգովին յուզում  զգայինք մեր մորթին վրայ։ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնը, կը յիշեցնէր շատերուն թէ՝ նեղութեան այս պահերուն միակ մխիթարութիւնը կը գտնուէր Քրիստոսի մօտ։ Բաց աստի, Հայր Սուրբը, այս ընթացքի մէջ քահանայութեան դերին մասին խօսելով ըսաւ թէ՝ բարձր է պատիւը քահանայութեան, սակայն նոյնքան ծանր՝ անոր պատասխանատուութիւնը։ Քարոզիչ Հայր Սուրբը, իր խօսքերու աւարտին, մաղթեց որ գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անսասան մնայ Հայ Եկեղեցին, իր նուիրապետական Աթոռներով եւ հոգեւորականներով։ Իսկ հուսկ, յանուն ներկայ հոգեւորականներուն շնորհաւորեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր Ս. Ղեւոնդեանց Տօնը եւ մաղթեց արեւշատութիւն եւ գործոց բարեաց յաջողութիւն։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Սրբազան Հայրը յայտարարեց թէ՝ Ս. Ղեւոնդեանց Տօնը քահանայից տօնն է եւ Աթոռոյ հոգեւորականաց դասու անդամներէն՝ Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեանի, Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի եւ Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Գոփարեանի քահանայական ձեռնադրութեան 15-ամեակը նկատի ունենալով կը շնորհէ «ծաղկեայ փիլոն» կրելու արտօնութիւնը։ Այնուհետեւ, Նորին Ամենապատուութիւնը ծաղկեայ փիլոն շնորհեց քահանայ հայրերուն եւ «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց զանոնք, իրենց մաղթելով կարողութիւն եւ յաջողութիւն։

Տուուչութենէ յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեամբ, հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ վախճանեալ բոլոր հոգեւոր սպասաւորները։ Հոգեհանգստեան աղօթքներով յատկապէս յիշատակուեցան նաեւ վախճանեալ Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեանն ու Ստեփան Աւ. Քհնյ. Կոմիկեանը, իրենց վախճանման տարեդարձին առիթով։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով եւ Նորին Ամենապատուութեան վերջին օրհնութեամբ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın