İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մեր Տունը, Ինչպէս Բոլոր Տուները…

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

10 դեկտեմբեր 2020-ին, հօրս թաղումէն մէկ շաբաթ ետք, հօրենական տան տանտէրը կապուեցաւ` ըսելով, որ տունը պէտք է պարպենք եւ մինչեւ յունուարի աւարտը բանալիները յանձնենք: Արդէն մօրս մահէն եօթը տարի անցած էր, իսկ հայրս ալ աւելի քան մէկ տարիէ ծերանոցն էր:

Պէտք է յանձնէինք մեր վարձակալած տունը:

66 տարիներու կեանք մը պիտի փակէինք, ամբողջ յիշատակներու, երազներու, ցաւերու, ուրախութիւններու, տարեդարձներու, հարսանիքներու, նոր տարիներու, զատիկներու, կիրակի կէսօրուան ճաշերու, թաղի պահակ տղոց նախաճաշի սպասարկման, տարբեր սերունդներու, տարբեր հարազատներու ամբողջ փաղանգի մը դուռը եւս պիտի փակուէր այդպիսով:

Պէտք է երթամ եւ հաւաքեմ այդ ամբողջ յիշատակներու, զգացումներու, յուզումի եւ իւրաքանչիւր առարկայի հետ կապուած պատմութիւնը:

Ներաշխարհիս մէջ այս բոլորին վերանորոգման վախին պատճառով քանի մը անգամ երթալը յետաձգելէ ետք, կիրակի առտու բացի մեր տան դուռը:

Առանձին էի այդ փոքրիկերկու սենեականոց տան մէջ, ուր վեց հոգիով (հայր, մայր եւ չորս եղբայրներ) ամբողջ կեանք մը անցուցած էինք: Դպրոցական օրեր, ռմբակոծում, պատանեկան, ԼԵՄ-ական օրեր, քաղաքական վէճեր, ազգային վէճեր, կիրակի առաւօտներու խունկ, պատարագի ձայնը, կիրակի կէսօրներու անյետաձգելի խորովածը, ամառները փողոցը նստիլը, ձմեռները կրակարանին շուրջ հաց ու պանիր տաքցնելը եւ հեռատեսիլ դիտելը: Երբ գիրք մը տուն մտնէր, պիտի սպասէի, որ կարգս հասնէր: «Բժիշկ»-ը, «Բագին»-ը, «Ազդակ»-ը, «Դրօշակ»-ը, «Փարոս»-ը, «Նայիրի»-ն, թատրոն, եկեղեցի, տօնակատարութիւններ… Այս բոլորը կը տողանցէին աչքիս առջեւ, եւ ամէն մէկ թուղթ, նկար, թերթ կամ պրոշիւր զիս կը տանէին հեռուները… Թաց աչքերով կը նայէի շուրջս, յիշատակներու տարափը կը խեղդէր հոգիս: 6 հոգիով այս երկու սենեակներէ բաղկացած տան մէջ ապրուած ամբողջ կեանք մը, հայրս եւ մայրս ժուժկալ, քիչով գոհացող, երազներ հիւսող, Լիբանանին կառչած, Լիբանանին կապուած եւ մինչեւ իրենց վերջին շունչը Պուրճ Համուտի մէջ ապրած տան մը ճրագները հողին յանձնած` այսօր ահաւասիկ կը կղպեմ դուռը մեր տան եւ հոն կը ձգեմ 66 տարիներու պատմութիւնը:

Հաւանաբար մեր տան պատմութիւնը նման է բոլոր տուներու պատմութեան: Սակայն չեմ գիտեր ի՛նչը այսքա՜ն կապած է մեզ, ի՛նչը այսքա՜ն զգացական դարձուցած է:

Տարիքը, կեանքի դժուար օրերը, Պուրճ Համուտի հայաթափութիւնը, հին օրերու կարօտը, գալիք օրերու անորոշութիւնը:

Միայն մէկ բան զգացի, որ երբ դուռը փակեցի, հոն ձգեցի ամբողջ կեանք մը, բայց եւ այնպէս մենք այսօրուան մեր անորոշ եւ մտահոգիչ իրավիճակին մէջ կառչած կը մնանք մեզի փոխանցուած աւանդներուն, որովհետեւ, փաստօրէն, այդ յիշատակներուն մէջ կան ամբողջ սերունդի մը կեանքն ու երազները, զորս մեր սրտերուն մէջ կը պահենք, կ՛ապրեցնենք ու կը տանինք մեզի հետ:

Երբ հասայ թաղին անկիւնը, մտաբերեցի ամբողջ ճամբու երկարութեան գտնուած եւ այսօր մեզմէ առյաւէտ բաժնուած դրացիները` տիկին Ալիսը, տիկին Հերմինէն, տիկին Մաքրուհին, պրն. Ստեփանը, տիկին Արմէնուհին, տիկին Լուսինը, պրն. Պետրոսը: Բոլորը արդէն չկան: Սերունդ մը, որ Լիբանանի ամէնէն դժուար օրերուն իրարու հասաւ օգնեց, ուրախութիւն եւ տխրութիւն բաժնեց:

Այսպէս էր մեր տունը, ինչպէս բոլոր տուները, նման են իրարու: Նոյն ճակատագիրով, նոյն յիշատակներով եւ նոյն զգացումներով ապրած, իրարու կապուած եւ արդէն առյաւէտ մեկնած բարի, համեստ, ազնիւ, անանձնական եւ նուիրեալ սերունդ մը…


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.