İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Պատուաստումի Մասին Տեղեկութիւններ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ինսթակրամ»-ի, «Ֆէյսպուք»-ի եւ «Թուիթըր»-ի վրայ գտնուող «Armenian Public Health» էջին նպատակն է իրազեկել Հայաստանի ժողովուրդը եւ սփիւռքի հայկական համայնքներըհանրային առողջապահութեան մասին: Էջին հեղինակներն են Ամերիկայէն, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն հանրային առողջապահութեան մասնագէտներ:

Վերջերս այս խումբը կ՛աշխատի ընկերային ցանցերու միջոցով սրբագրել «Քորոնա» ժահրին եւ պատուաստներուն մասին տարածուող սխալ տեղեկութիւնները:

«Թուիթըր»@armpublichealth – «Ֆէյսպուք» Armenian Public Health – «Ինսթակրամ»` @Armenianpublichealth

@Armenianpublichealth «Ինսթակրամ»-ի էջէն «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստներու մասին սխալ տեղեկութիւններու ճշդումը

1.- Պատուաստի մշակման գործընթացը արագացուցած են

Մարդիկ մտավախութիւն կը յայտնեն պատուաստի մշակման գործընթացի արագութեան վերաբերեալ` 8 ամիս ընդդէմ 10 տարի:

Մշակման ընթացքին այս պատուաստները չեն հանդիպած ժամանակ վատնող այն արգելքներուն, որոնք ունեցած են այլ պատուաստներ եւ դեղահատեր:

Հետազօտութեան համար յատկացուած ֆինանսաւորման մեծ գումարին շնորհիւ` մասնակցած են մեծ թիւով գիտնականներ, մասնագէտներ եւ շատ մեծ հնարաւորութիւններ տրամադրուած են այս գիտական աշխատանքներուն, որոնք շատ աւելի արագացուցած են գործընթացը:

2.- Բաւարար փորձարկումներ չեն կատարուած

Պատուաստի փորձարկումներու երրորդ փուլը կը համարուի վերջինը` նախքան դեղահատին կամ պատուաստին շուկայ մուտք գործելը: Այս փորձարկումները պարտադիր կը կատարուին 300-3000 մարդու վրայ:

«Մոտերնա», «Փֆայզըր/Պիոնթեք» եւ «Ասթրազէնէքա» ընկերութիւններուն կողմէ մշակուած պատուաստի փորձարկումները ընդգրկած են աւելի քան 30.000, 44.000 եւ 11.000 մասնակից:

Սովորաբար փորձարկումները կ՛ընդգրկեն կամաւորներու քիչ թիւեր եւ կը կատարուին հիւանդութեան ցած տարածում ունեցող միջավայրի մէջ, բայց նոյնը չէր «Քորոնա» ժահրի պարագային` տրուած ըլլալով համավարակի ստեղծած առիթը:

3.- Պատուաստը կրնայ զիս «Քորոնա» ժահրով վարակել

Այս հիւանդութեան դէմ պայքարելու համար մշակուած ոչ մէկ պատուաստ կը ներառէ «Քորոնա»-ն յառաջացնող կենդանի ժահրը:

«Փֆայզըր/Պիոնթեք» եւ «Մոտերնա» ընկերութիւններուն կողմէ նոր մշակուած պատուաստը կը գործածէ ժահրի «սուրհանդակ» «Էր.Էն.Էյ.»-ը եւ չի կրնար ձեզ վարակել «Քորոնա» ժահրով:

4.- Պատուաստը պիտի փոխէ իմ «Տի.Էն.Էյ.»-ս

«Սուրհանդակ» «Էր.Էն.Էյ.»-ը երբեք չի մտներ բջիջին կորիզը, ուր մեր «Տի.Էն.Էյ.»-ը կը պահուի:

«Սուրհանդակ» «Էր.Էն.Էյ.»-ը մեր մարմնին հրահանգներ կու տայ` արտադրելու բնասպիտ (protein), որ կը գտնուի «Քորոնա» ժահրի մակերեսին վրայ:

Բջիջը կը ձերբազատի «սուրհանդակ» «Էր.Էն.Էյ.»-էն, երբ աւարտի հրահանգներ ստանալէ:

5.- Պատուաստի 2 չափաբաժին առնելէս ետք պէտք չունիմ այլեւս դիմակ կրելու կամ հասարակական հեռաւորութիւն պահելու

Մինչեւ որ գիտնականները յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենան պատուաստի պաշտպանութեան մասին, պէտք է ամէն մարդ շարունակէ հետեւիլ կանխարգիլման ցուցմունքներուն` դադրեցնելու համար համաճարակը (դիմակ կրել, 1,5 մեթր հեռաւորութիւն պահել եւ այլն):

Մինչ փորձարկումները ցոյց տուին, որ պատուաստը արդիւնաւէտ է «Քորոնա» ժահրէն չվարակուելու, տակաւին կայ հաւանականութիւն, որ պատուաստուած անձերը վարակուին եւ այլոց փոխանցեն:

Դիմակ կրելը պէտք է շարունակուի, քանի որ պատուաստումը ամիսներ պիտի տեւէ, եւ մարդիկ հանգրուաններով պիտի պատուաստուին 2021 թուականին: Այս ժամանակամիջոցին մարդիկ պէտք է շարունակեն իրենց դիմակները կրել:

6.- Պատուաստը ապահով չէ

Պատուաստը արտադրող ընկերութիւնները փորձարկում կատարած են աւելի քան 44.000 անձերու վրայ: 16 տարեկանէն վեր անձերու համար պատուաստի ապահովութեան եւ արդիւնաւէտութեան առնչուող Միացեալ Նահանգներու Սննդեղէնի եւ դեղորայքի վարչութեան (FDA), ինչպէս նաեւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (WHO) վերլուծութիւնը չէ գտած «ապահովութեան գծով յատուկ մտավախութիւններ», որոնք պատճառ դառնան պատուաստը չօգտագործելու:

Կրնան յայտնուիլ որոշ թեթեւ կամ միջին ծանրութեան կողմնակի բարդութիւններ, հիմնականը` ուռեցք, ցաւ, ներարկման բաժինի կարմրութիւն, յոգնածութիւն եւ երբեմն նաեւ տաքութիւն, որ կ՛անցնի 24 ժամուան ընթացքին:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.