İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԻԶՄԻՐԻ ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

Իզմիրի նորանշանակ առաջնորդ Հայր Մարթին Քըմէթէքի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ պաշտօնի կոչման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 2 Փետրուար 2021, Երեքշաբթի, ժամը 17.30-ին, Իզմիրի Սանթա Մարիա Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ։ Սոյն արարողութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր մասնակցեցան Միջեկեղեցական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանէ, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանէ եւ Նորա Շէնեանէ բաղկացեալ պատուիրակութիւնը, որ Իզմիր ճամբորդեց 1 Փետրուար, Երկուշաբթի առաւօտ։

Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Իզմիրի Յունաց Պարթոլոմէոս Սամարաս Մետրոպոլիտը, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն՝ Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական դէմքեր։

Յընթացս Ս. Պատարագի, Պապական Նուիրակ Մոնս. Փօլ Ռասսըլ Ս. Եպիսկոպոսի, Իզմիրի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ երբեմնի Առաջնորդ Մոնս. Լորէնզօ Փիրէթթօ Ս. Եպիսկոպոսի եւ Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ռամզի Կարմօ Ս. Եպիսկոպոսի ձեռամբ Հայր Մարթին Քըմէթէքի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ եւ Իզմիրի նոր առաջնորդը ստացաւ եպիսկոպոսական թագ, մատանի եւ գաւազան։

Արարողութեան ընթացքին ներկայ հոգեւորականներ բարեմաղթական խօսքերով հանդէս եկան։ Այս առիթով, Արժ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան ընթերցեց մեր Հոգեւոր Պետին կողմէ ուղարկուած շնորհաւորական պատգամը եւ յանուն Նորին Ամենապատուութեան բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Մոնս. Մարթին Քըմէթէքին։

Ամենապատիւ Տիրոջ պատգամին մէջ կը նշուի թէ՝ Ս. Ծննդեան յաջորդող օրերուն նման արարողութեան մը կատարումը կրկնակի ուրախութիւն կ՚առթէր։ Միջեկեղեցական աղօթքի շաբաթներուն գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած էր քոյր եկեղեցեաց համախմբուիլը, սակայն այս տարուան Քորոնա համավարակին պատճառաւ այս մէկը չէր իրականացած։ Այնուամենայնիւ, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ պաշտօնի կոչման արարողութիւնը առիթ կը դառնար որ, միջեկեղեցական միասնական ոգիով քոյր եկեղեցեաց ներկայացուցիչներ համախմբուին Իզմիրի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ եւ ուրախակից դառնան Լատին Կաթոլիկ համայնքին։

Աթոռոյս պատուիւրակութիւնը, 3 Փետրուար 2021, Չորեքշաբթի, վերադարձաւ քաղաքս։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın