İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԸՆԹԱՑՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի (Վատիկան) մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս Հռոմի մէջ հանդէս եկաւ շահեկան դասախօսութիւնով մը, որու նիւթն էր՝ «Ժողովականութիւնը եւ քրիստոնէական միութիւնը, ըստ Հայ Եկեղեցւոյ»։ Հռոմի Ս. Թովմաս Ագուինացի Քահանայապետական համալսարանի «Թիլլարտ» ամպիոնին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս դասախօսութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այս ամպիոնը տարեկան դասախօսութիւններու շարքեր կը կազմակերպէ եւ 2021 թուականի տարեմուտին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին վիճակեցաւ առաջին դասախօսութիւններէն մին իրականացնելը։ Հարկ է նշել, որ այս համալսարանին մէջ ուսանած է նաեւ Թուրքիոյ Հայոց նախկին Պատրիարք երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան։

Նորին Սրբազնութիւնը շուրջ 45 վայրկեան այս հեղինակաւոր համալսարանէն ներս դասախօսեց՝ օրուան նիւթը մատուցելով զանազան ենթաբաժիններով, որոնք խորքին մէջ հետաքրքրական ամբողջ մը կազմեցին եւ լսարանին համար մատչելի դարձուցին քննարկման նիւթը։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան առաջին հերթին ընդգծեց Հայ Եկեղեցին՝ որպէս Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքի անդամ։ Ան բացատրեց, որ Հայ Եկեղեցին կը պատկանի Արեւելեան Ուղղափառ կամ ոչ-Քաղկեդոնական եկեղեցիներու ընտանիքին, որու միւս անդամներն են Ղպտի, Ասորի, Հնդիկ եւ Եթովպական եկեղեցիները։ Այս ընտանիքը ընդունած է քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին երեք տիեզերական ժողովները։ Այս ընտանիքի բոլոր անդամները անկախ ազգային եկեղեցիներ կը հանդիսանան եւ իրարու հետ հաղորդակից են, հին դարերէ ի վեր ունին իրենց անկախ ժողովական աւանդութիւնները։ Անոնց հիմնական առանձնայատկութիւններէն մին է, որ այդ եկեղեցիները իրենք կ՚ընտրեն իրենց պատրիարքները կամ կաթողիկոսները։

Այս համայնապատկերին վրայ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան խորացուց իր բացատրութիւնները Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ։ Այսպէս, Հայ Եկեղեցւոյ գործնական կառոյցը հին դարերէ ի վեր հիմնուած ու կազմուած է եկեղեցական կանոններու եւ հաստատ աւանդութիւններու վրայ։ Վարչական աւանդութեան առումով Հայ Եկեղեցւոյ բնորոշ կարեւորագոյն երեւոյթը ժողովականութեան մօտեցումն է։ Այսինքն, եկեղեցւոյ դաւանական, ծիսական, վարչական եւ կանոնական օրէնքները կ՚որոշուին նոյնինքն եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած ժողովական մօտեցումներու միջոցաւ։ Այդ որոշումները գործադրութեան կը դրուին կաթողիկոսին կողմէ հաստատուելէ վերջ։ Նորին Սրբազնութիւնը դասախօսութեան ընթացքին յիշեցուց, որ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ ժողովական որոշման մօտեցման հնագոյն օրինակը կը նկատուի Գործք Առաքելոց գրքի 15-րդ համարին մէջ (Առաքելական ժողով Երուսաղէմի մէջ)։

Դասախօսութեան տեւողութեան Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան խորացաւ Հայ Եկեղեցւոյ ժողովական մօտեցման կազմաւորման նիւթին մէջ՝ առաջին հերթին բացատրելով անոր առաքելական ծագումը։ Նորին Սրբազնութիւնը ապա բացատրեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի շրջանին հայոց կողմէ քրիստոնէութեան պետականօրէն իւրացումը։ Պատմական աղբիւրներէ զանազան մէջբերումներով՝ Նորին Սրբազնութիւնը դիտել տուաւ, թէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ինչպէս իբրեւ եպիսկոպոսապետ (կաթողիկոս) նշանակուած էր հայոց համար։ Ըստ Ագաթանգեղոսի պատմութեան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եպիսկոպոսապետ նշանակուեցաւ հայոց թագաւորի եւ բոլոր մարզպետներու, իշխաններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած տարեկան հաւաքին ժամանակ։ Չորրորդ դարու սկիզբին Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսապետի նշանակման սովորութիւններ արդէն ձեւաւորուած էին։ Այսպէս, հայոց թագաւորը կ՚առաջարկէր թեկնածուի մը անունը, իսկ իշխանական դասակարգը կ՚արտայայտէր իր հաւանութիւնը։ Ըստ պատմիչ Փաւստոս Բիւզանդի (հինգերորդ դար), Սահակ Կաթողիկոսի նշանակման ժամանակ, 389 թուականին, այս սկզբնական սովորութիւնը, նախընթացները փոփոխութեան ենթարկուեցան։ Արդարեւ, Սահակ Կաթողիկոսի ընտրութիւնը ժողովի մը միջոցաւ կատարուեցաւ։ Մեծն Ներսէս Կաթողիկոս (353-373) կազմակերպեց Հայ Եկեղեցւոյ առաջին ժողովը։ Աշտիշատի մէջ գումարուած այդ ժողովին թուականը կը համարուի 354։ Այդ ժողովը որոշեց բարոյական կարգապահութիւններու կապակցութեամբ բարեփոխումներ կատարել, նաեւ վանական եւ բարեգործական հիմնարկներ հաստատել։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ունկնդիրներու նկատառման յանձնեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ երկրորդ ազգային ժողովը գումարուած էր Մեծ Հայքի Արարատ նահանգի Ծաղկոտն գաւառի Շահապիվանի աւանին մէջ։ Այդ ժողովին մասնակցած էին 40 եպիսկոպոսներ, վանականներ, երէցներ, սարկաւագներ, նախարարներ, ազատներ եւ շինականներ։ Շահապիվանի ժողովի կանոնի յառաջաբանին մէջ նշուած է նաեւ անոր գումարման նպատակները, որոնց գլխաւորներէն են՝ Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի կանոններու հաստատումը, Հայ Եկեղեցւոյ ներքին կարգերու եւ բարոյական կարգ մը հարցերու կապակցութեամբ որոշումներու վերահաստատումը։ Դասախօսութեան ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց այս ժողովի կարեւոր նշանակութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ հիմքերու ամրապնդման, կարգ ու կանոններու վերահաստատման, ինչպէս նաեւ հայ մտքի ձեւաւորման եւ զարգացման տեսանկիւնէն։ Միեւնոյն ժամանակ, Շահապիվանի ժողովը կարելի է ընդունիլ՝ որպէս առաջին ազգային-եկեղեցական ժողովը, որ Յովսէփ Ա. Հողմեցին ընտրեց իբրեւ կաթողիկոս։ Բաց աստի, Շահապիվանի ժողովը նախընթաց հանդիսացաւ Հայ Եկեղեցւոյ յաջորդած դարերու ժողովներուն համար՝ ընդհուպ մինչեւ ներկայ ժամանակաշրջանը, որովհետեւ հոգեւորականներուն հետ աշխարհականներ ալ մաս կազմած են ու կը շարունակեն կազմել Հայ Եկեղեցւոյ ժողովականութեան։

Անդրադառնալով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայ ժամանակներու նուիրապետական կարգերուն՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան բացատրեց, որ այժմ ինչպիսի վիճակ մը գոյութիւն ունի՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գլխաւորութեամբ։ Այսպէս, Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան գլուխը կը գտնուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, որ չորրորդ դարու սկիզբը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ հաստատուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Երկրորդ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որ 13-րդ դարուն Կիլիկիոյ մէջ հաստատուելէ վերջ 1930 թուականին փոխադրուած է Լիբանան։ Երրորդ՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը, որ 14-րդ դարուն հաստատուած է։ Չորրորդ՝ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը, որու հիմնադրութեան թուականը կ՚ընդունուի 1461։ Այս չորս նուիրապետական աթոռներուն առընթեր կը գործեն Հայ Եկեղեցւոյ թեմեր եւ հայրապետական պատուիրակութիւններ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան դասախօսութեան տեւողութեան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայ եկեղեցական կառոյցին կապակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ ըստ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան, աշխարհականները ո՛չ միայն ընտրութիւններու պարագային, այլ նաեւ՝ օրէնսդրական հարցերու մասին մասնակից կ՚ըլլան Հայ Եկեղեցւոյ ժողովական կեանքին։ Յամենայնդէպս, ժողովական կեանքէն ներս աշխարհականներու մասնակցութիւնը չի նշանակեր եկեղեցիէն ներս եպիսկոպոսներու կանոնական իշխանութեան տեսակէտէ զանցառութիւնը։ Յաչս լսարանին կատարեալ պատկեր մը ստեղծելու համար՝ Նորին Սրբազնութիւնը այս կապակցութեամբ մէջբերեց երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետեւեալ բացատրութիւնը. «Մարդիկ շատ անգամ կ՚ըսեն, թէ Հայ Եկեղեցին ժողովրդավար եկեղեցի է։ Չեմ ուզեր եկեղեցւոյ կեանքին հետ կապուած ընկերաբանական հաստատումներ կիրարկել։ Եկեղեցին ո՛չ պետութիւն է եւ ո՛չ ալ խորհրդարան, ուր քուէարկութեամբ որոշումներ կ՚առնենք։ Վարչական հարցերու կապակցութեամբ, անշուշտ, հարցերը քուէարկութեամբ լուծում կը ստանան։ Քրիստոնէական հաւատքը, քարոզչութիւնը եւ այդ հաւատքի ամէնօրեայ կեանքէն ներս իրագործումը չենք կրնար դնել պետութեան մը ղեկավարման հետ նոյն մակարդակին վրայ։ Եկեղեցւոյ մէջ լիազօրութիւնը անձեռնմխելի կը մնայ, որովհետեւ Եկեղեցին խորհուրդներու խորհուրդն է»։

Այս սկզբունքային ենթագետնին շուրջ տրուած մանրամասն բացատրութիւններուն ի շարունակութիւն՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ներկայացուց նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ այժմու ժողովական կառոյցները, յիշելով՝ Ազգային-եկեղեցական ժողովը, Եպիսկոպոսաց ժողովը, Ներկայացուցչական ժողովը, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, Թեմական ու Ծխական ժողովները։ Ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ նաեւ վերոյիշեալ իւրաքանչիւր ժողովական կառոյցի մասնակիցներու կազմին եւ իրաւասութիւններուն։

Դասախօսութեան աւարտին հիւրընկալ համալսարանի Միջեկեղեցական ուսումնասիրութիւններու բաժնի տնօրէն տքթ. Հայր Տեսթիվելլ շնորհակալութիւն յայտնեց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կողմէ փոխանցուած ինչպէս շատ հետաքրքրական, այնպէս ալ շատ օգտակար տեղեկութիւններուն համար։ Նորին Սրբազնութիւնը արձակման փուլին անմիջական զրոյցի ձեւաչափին մէջ յագեցուց նաեւ ունկնդիրներու հետաքրքրութիւնը՝ յաւելեալ մանրամասնութիւններու կապակցութեամբ։

http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/2-02-2021-տ-խաժակ-արքեպսկ-պարսամեան-հռոմի-մէջ-դասախօսեց-հայ-եկեղեցւոյ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın