ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանահայ քաղաքական գործիչ, երկրի զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ կ՚անդամակցի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ), վերջերս այցելեց Երեւան, ուր առիթն ունեցանք տեսակցելու իրեն հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցը։
*
-Ինչպիսի՞ն էր Լիբանանի քաղաքական տարին 2020-ին, ի՞նչ էին հիմնական մտահոգութիւնները եւ համալիբանանեան մարտահրաւէրները։
-2020-ը Լիբանանի համար քաղաքական մեծ վերիվայրումներու տարի մը չէր: 2020-ի Լիբանանի հիմնական խնդիրները կը կայանային տնտեսական դժուարութիւններու, քորոնաժահրի համաճարակի եւ օգոստոսի 4-ին պատահած նաւահանգիստի պայթումին մէջ: Այս երեք աղէտներով յատկանշուած տարի մըն էր: Իսկ քաղաքական ուշագրաւ անցուդարձերէն էին օգոստոսի 10-ին վարչապետ Հասան Տիապի կառավարութեան ներկայացուցած հրաժարականը, որմէ վերջ Սաատ Հարիրիի վարչապետի պաշտօնին անուանումով, որ իրականացաւ շնորհիւ 128 երեսփոխաններէ բաղկացեալ խորհրդարանի 65 քուէներու: Ընդհանրապէս պէտք է ըսել, որ այս ժամանակահատուածին ամերիկեան իշխանութիւններու կողմէ տնօրինուած պատժամիջոցներու ենթարկուեցան Լիբանանի քաղաքական ցայտուն դէմքեր, որոնցմէ յատկանշական են նախկին արտաքին գործոց նախարար՝ ներկայ նախագահի փեսան՝ Ժըպրան Պասիլ, «Ամալ» կուսակցութեան առաջադէմ ղեկավարներէն, նախկին ելեւմուտքի նախարար՝ Ալի Հասան Խալիլ ու նախկին փոխադրութեան նախարար, «Ալ Մարատա» հոսանքի անդամ՝ Եուսէֆ Ֆընիանոս: Այս զարգացումները յատկանշուեցան նաեւ ներքին լուրջ տարակարծութիւններով, մէկ կողմէ Ամերիկայի կամ Արեւմուտքի հովանաւորութիւնը վայելող քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ միւս կողմէ Իրանի եւ Միջին Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ, կողմնակից քաղաքական ուժերուն միջեւ: Կարելի է ըսել, որ լճացած քաղաքական կեանքը յատկանշուեցաւ ո՛չ միայն ապարդիւնաւէտութեամբ, այլ նաեւ՝ աւելի յարձակողական ցեխարձակումներով:
-Գիտենք, որ այսօր Լիբանանի համար ապահովական մտահոգութիւնները աւելի գերակշռող են քան տնտեսական մտահոգութիւնները։ Ձեր տեսանկիւնէն՝ դէպի ո՞ւր կ՚ընթանայ Լիբանանը։
-Գաղտնիք չէ, որ երկրին մէջ տնտեսական լուրջ տագնապ մը գոյութիւն ունի: Ինչպէս գիտէք, հոկտեմբերի 17-ի «յեղափոխութենէն» առաջ ալ տնտեսական լուրջ կացութիւն գոյութիւն ունէր: Սակայն այսօր, այս յեղափոխութենէն վերջ, եւ հոկտեմբերի 29-ին Սաատ Հարիրիի կառավարութեան հրաժարականով, ապա անոր վերադարձը արգելափակող Հասան Տիապի կառավարութեան կազմութեամբ, նաեւ վերջինիս կողմէ 2020-ի մարտին Եւրոպոնտի պարտամուրհակներու վճարումը չկատարելու փաստով, երկիրը հասաւ տնտեսական անել վիճակի, փակուղիի: Այսպէսով, մէկընդմիշտ ընդհատուեցաւ վարկեր վերցնելու միջոցաւ երկրի «տնտեսական գոյատեւումը» ապահովելու վարկածը, որովհետեւ Լիբանանը ներկայացաւ իբրեւ իր պարտաւորութիւնները չկատարող պետութիւն կամ կառավարութիւն։ Այս բոլորին յաջորդեց IMF-ի կողմէ (Տնտեսական հաշուեկշիռ գնահատող միջազգային հարթակ) ներկայացուած բաւականին գայթակղեցուցիչ եւ բացարձակ ժխտական հաշուեկշիռը, որ երկիրը դրաւ 240 հազար միլիառ լիբանանեան ոսկիի պարտքի տակ, չնայած որ իրականութեան անպայման չէր համընկներ, եւ այսպէսով Լիբանանը ներկայացաւ իբրեւ սնանկացած երկիր: Այսօրուայ դրութեամբ՝ երկրի թղթոսկին արժեզրկուած է եւ քաղաքացին իւրաքանչիւր ամերիկեան տոլարի փոխարէն պարտաւոր է վճարել 9000 լիբանանեան ոսկի, երկրի Կեդրոնական դրամատան մօտ եղած պահեստը արդէն հասած է կարմիր գիծերու սահմանին։ Այդ պատճառով ալ Լիբանան՝ պետութեան կողմէ գանձատրուող երկրի հիմնական արտադրանքներու գնումը՝ վառելանիւթ, ալիւր, ցորեն, դեղօրայք, հովանաւորելու լուրջ խնդիր ունի, որովհետեւ տոլարի սակի նախկին արժէգինով՝ 1515-ով, այս ապրանքները գնելու գործընթացը վերջ պիտի գտնէ, եթէ ոչ այսօր, ապա՝ մօտաւորապէս ամիս մը վերջ։ Երկիրը այս կացութենէն դուրս բերելու համար ամենաառաջնայինը քաղաքական կայունութեան ապահովումն է, նոր կառավարութեան կազմութիւնը, միջազգային դրամատան եւ միջազգային ֆինանսական կառոյցներու հետ թափանցիկ գործակցութիւնը, երկրի հակափտածութեան հետ կապուած նոր օրէնքներու որդեգրումը: Այս բոլորը կ՚ըսեմ, եզրակացնելու համար, որ Լիբանանին կը սպասեն երեքէն հինգ դժուար տարիներ: Եթէ երկիրը գործադրեց իրմէ ակնկալուած եւ իր վրայ պարտք դրուած բոլոր պարտաւորութիւնները, ապա այն ատեն կարելի կ՚ըլլայ փրկել Լիբանանը։ Այլապէս ան Վենեզուելլայէն ետք կ՚ըլլայ երկրորդ երկիրը, որուն դրամանիշի արժեզրկման դէմ առնուած քայլերը եւ սղաճին համար գործադրուող բոլոր ճիգերը այլեւս կը դառնան ապարդիւն։
-Կը խօսուի երկիրը քոնֆետերալ-բաժանումի մը տանելու հնարաւորութիւններուն մասին, կա՞յ այդպիսի հեռանկար։
-Ինչ կը վերաբերի քոնֆետերալ բաժանումի հարցին, միանգամընդմիշտ ըսեմ, որ այս փորձերը միշտ ալ ձախողութեան մատնուած են: Այսօրուայ դրութեամբ այդ տեսակի լուծում կարելի չէ կիրառել։ Այս տեսակ պատկերացում կամ ճանապարհային քարտէս կարելի չէ նախատեսել: Նախատեսուածը այն է, որ պէտք է ապակեդրոնացած դրութիւն գործադրուի երկրին մէջ եւ այդ դրութեան որդեգրումը, օրէնքը կամ որոշումը գոյութիւն ունի Թաէֆի համաձայնութեան մէջ, սակայն չի գործադրուիր: Այդ է, որ պէտք է գործադրուի, այլապէս քոնֆետերալ բաժանումը, ըստ իս, բացառուած է Լիբանանի մէջ:
-Նկատեցինք նաեւ, որ Լիբանանի ներքին քաղաքական խմորումները եւ սուր բեւեռացումները մեծ հաշուով կապ ունին Ռիատ-Թեհրան առկայ լարուածութեան հետ, նման պարագայի մը հնրաւարութիւններ կա՞ն առկայ բեւեռացումները եւ անոնց հետեւանքով աճող լարուածութիւնները վերացնելու։ Ինչպէ՞ս։
-Կ՚ուզեմ անդրադառնալ վերջերս եղած նոր եւ կարեւոր զարգացումի մը, որուն հիմքով՝ Սէուտական Արաբիան, Էմիրութիւնները եւ այլ երկիրներ, երեք տարուան շրջափակումէ ետք, Քաթարի հետ նոր ճանապարհ մը բացին եւ յունուարի սկիզբը «Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան» խորհրդաժողովին Քաթար ներկայ գտնուեցաւ եւ այնտեղ յայտարարուեցաւ, որ երկու-երեք տարիներու անհամաձայնութիւնը եւ ձեւով մը «ամուսնալուծումը» այլեւս վերջ գտաւ եւ յարաբերութիւնները վերադարձան իրենց նախկին հունին: Այսինքն՝ հետզհետէ այդ ներքին տարակարծութիւնները Ծոցի արաբական երկիրներու միջեւ սկսած են գտնել իրենց լուծման ուղին: Ներկայիս՝ երբ յունուարի 20-ին Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն ստանձնեց երկրի ղեկն ու իշխանութիւնը, շատ հաւանական է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւուին ու այդ մէկը ազդէ ո՛չ միայն Ռիատ-Թեհրան յարաբերութիւններուն, այլ նաեւ ազդեցութիւն ունենայ Լիբանանի քաղաքական բեմին վրայ։ Յարաբերութիւնները անշուշտ կրնան չհասնիլ բոլորովին դրական եւ բարիդրացիական-բարեկամական կապի մը, սակայն կրնան կամաց-կամաց մեղմանալ եւ այդ մեղմացումի հետեւանքով երկրի քաղաքական վիճակը կրնայ քիչ մը շունչ առնել ու այսօրուան քաղաքական սահմանագծումները եւ ուղղահայեաց բաժանումը՝ նսեմանալ։ Եւ երբ քաղաքական «բարեխառն» մթնոլորտ մը ստեղծուի, այդ ալ կրնայ բնականաբար իր դրական ազդեցութիւնները ունենալ երկրի տնտեսական համայնապատկերին վրայ։
-Վերջերս Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելութիւն մը տուաւ Անգարա, ուր հանդիպեցաւ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ։ Այս քայլը քաղաքական մեծ խորապատկերին ներսիւննիական առումով, Հարիրիի կողմէ նոր ուղղութիւն մը առնելու նախանշան կրնա՞նք համարել եւ հայութիւնը ինչպէ՞ս կը դիտարկէ նման մօտեցումը։
-Պէտք է յիշել, որ վարչպետ Սաատ Հարիրի այս օրերուն կը կատարէ զանազան ուղղութիւններով այցելութիւններ, Թուրքիայէ վերջ ան այցելեց նաեւ Էմիրութիւններ: Ըստ իրեն մօտիկ աղբիւրներու, ան այս այցելութիւններով կը փորձէ երկրի տնտեսական կացութեան համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծել: Էմիրութիւններու այցելութեան նպատակը նաեւ «Քովիտ-19»ի պատուաստի սրսկումը Լիբանանի ժողովուրդին համար ձրի ապահովելն էր, նկատի առնելով, որ տնտեսական պայմաններու բերումով ժողովուրդի հիմնական մասը չի կրնար վճարել պատուաստ ստանալու համար: Վերջերս վարչապետ Հարիրին յայտարարեց, որ ինք պիտի շարունակէ իր արտալիբանանեան այցելութիւնները՝ իր բարեկամ, աւելի ճիշդը, իր հօր բարեկամ երկիրներ եւ ղեկավարներու հետ հանդիպումներ պիտի ունենայ կառավարութեան կազմութենէն առաջ, կարենալ մշակելու համար «մասնագէտներու կառավարութիւն» ստեղծելու ճանապարհային քարտէսը։ Բնական է, որ Թուրքիա այցելութիւնը մեզի՝ հայերուս համար շատ հաճելի չէ, սակայն պէտք է հասկնալ, որ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կան դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ այդ առումով այս տեսակի երկկողմանի այցելութիւններ կամ հանդիպումներ տեղի կ՚ունենան: Սակայն մենք՝ իբրեւ հայութիւն եւ ՀՅԴ-ն ամէն առիթով մեր նկատողութիւնը, բողոքի ձայնը միշտ լսելի կը դարձնենք, երբ կը զգանք, որ այս յարաբերութիւնները ինչ-որ առումով վնասակար կ՚ըլլան մեր համայնքին։
-Լիբանանի քրիստոնեայ ընդդիմադիր կարգ մը գործիչներ օրերս հանդէս կու գան նախագահ Աունի հրաժարականի պահանջով, ի՞նչ է ձեր կարծիքը եւ ինչպէ՞ս կը բնութագրէք նախագահ Աունի նստաշրջանը։
-Նախագահ Աունի հրաժարականը պահանջող քրիստոնեայ եւ ոչ-քրիստոնեայ քաղաքական գործիչներու ըրածը խորքին մէջ քաղաքական խեղաթիւրում է (manipulation), որովհետեւ մենք արդէն մտանք այն փուլը, որ կը տանի Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններու։ Այլ խօսքով, նախագահ Աունի պաշտօնավարութեան վերջին երկու տարիներուն անոր հրաժարականը պահանջելը անհասկնալի եւ նոյնիսկ անընդունելի է: Ես կ՚ենթադրեմ, որ այս մէկը նախագահի փեսայ, արտաքին գործոց նախկին նախարար՝ Ժըպրան Պասիլի նախագահութեան թեկնածու դառնալու հաւանականութիւնը բացառելու ուղղուած պայքար է, նաեւ ինչո՞ւ չէ, առաջ քշելու համար այլ քրիստոնեայ քաղաքական դէմքերու նախագահի թեկնածութիւնը: Բոլորն ալ լաւ կը հասկնան, որ նախագահ Աուն իր ժամկէտէն առաջ հրաժարելիք նախագահ մը չէ, այդ նկարագրով մարդ մը չէ, նաեւ բոլորն ալ լաւ կը հասկնան, որ հրաժարականէն ետք կրնայ ստեղծուիլ մեծ բաց մը։ Ի վերջոյ պէտք չէ մոռնանք, որ վերջին նախագահական ընտրութիւններէն առաջ մեր երկիրը երկուքուկէս տարի առանց նախագահի մնաց, նաեւ այսօր պայմանները ձեռնտու չեն նոր նախագահի ընտրութիւն իրականացնելու, հետեւաբար, ես կ՚ենթադրեմ, որ այս բոլորը փորձեր են, ուղղակի Ժըպրան Պասիլը քաղաքական բեմէն դուրս բերելու համար: Անշուշտ, այստեղ հարկ է նշել, որ նախագահ Աունի պաշտօնավարութեան ժամանակահատուածը յատկանշուեցաւ բաւականին մեծ դժուարութիւններով, որոնց լուծումներն ալ դարձան անգտանելի, այդպէսով ալ նախագահն ու իր վարչակազմը չյաջողեցան իսկապէս ակնկալուած արդիւնքները ձեռք ձգել:
-Գիտենք նաեւ, որ Լիբանանի նախագահը դրական մօտեցում ունի հայութեան եւ հայկական օրակարգերու նկատմամբ։ Նախագահին մօտ ուրկէ՞ կը բխի այդ համակրանքը, որ կարծես թէ միայն քաղաքական ենթաթեքստ չունի, այլ աւելին է։
-Լիբանանի նախագահի դրական մօտեցումը հանդէպ հայութեան բնականաբար կը բխի Դաշնակցութեան եւ նախագահի ու անոր «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութեան միջեւ հաստատուած յարաբերութենէն, որ երկար ժամանակէ ի վեր գոյութիւն ունի: Կ՚ենթադրեմ, որ այս յատուկ վերաբերմունքը նախագահին կողմէ մենք կը վայելենք, որովհետեւ իսկապէս մեր զօրակցութիւնը, այս պարագային Դաշնակցութեան զօրակցութիւնը, դեր ունեցաւ թէ՛ իր նախագահ ընտրուելուն եւ թէ երկրի խորհրդարանին մէջ ՀՅԴ-ի եւ իր կազմած պլոքին միջեւ սերտ գործակցութեան։ Նաեւ պէտք է ընդունիլ, որ միշտ ալ նախագահը հայամէտ եղած է եւ հայերու հանդէպ յատուկ համակրանք ունեցող անձ մըն է: Ես ինքս այլ ենթաթեքս չեմ տեսներ այս պահուն:
-Լիբանանի համար խիստ առաջնային օրակարգ է նախագահ ընտրելը, բայց եւ այնպէս, առկայ են որոշ խմորումներ, ինչպէ՞ս կը դիտարկէք ընդհանուր իրավիճակը։
-Նախագահական ընտրութիւններուն մենք տակաւին ունինք մէկուկէս տարի եւ աւելի: Այո՛, այսօրուայ պայմաններով որոշ դժուարութիւններ կան, սակայն ես կը կարծեմ, որ անոնք կրնան մեղմանալ, եթէ յառաջիկայ մէկ-մէկուկէս տարուան ընթացքին Միջին Արեւելքի ընդհանուր խնդիրներուն լուծումներ կարելի ըլլայ առաջադրել: Չմոռնանք, որ Ամերիկայի ընտրութիւներէն ետք տեղի պիտի ունենան Իրանի նախագահական ընտրութիւնները եւ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւնները ու այդ ընտրութիւններու հետեւանքով Միջին Արեւելքի մէջ վերադասաւորում պիտի կատարուի։ Կանխատեսում չեմ ուզեր ընել, ես յստակ պատասխաններ չունիմ, պատկերցումներ չունիմ, բայց կ՚ակնկալեմ, որ եթէ պատահի, որ Միջին Արեւելքի հարցերու ընդհանուր լուծում մը տեղի ունենայ, Լիբանանի խնդիրները եւս կը կարգաւորուին:
-Ապագայի համար, որպէս լիբանանահայութիւն, Անգարայի կողմէ հաւանական դերի մը աշխուժացման զուգահեռ մտահոգութիւններ ունի՞ք։ Եթէ այո, ապա ի՞նչ են այդ մտահոգութիւնները։
-Թուրքիոյ դերակատարութիւնը եւ աշխուժութիւնը Լիբանանի մէջ ակնյայտ է: Մենք ընդհանրապէս, այո՛, մտահոգ ենք այս դերակատարութեան աճին առընչութեամբ, եւ մեր մտահոգութիւնները փոխանցած ենք ու կը փոխանցենք երկրի գլխաւոր պատասխանատուներուն, պետերուն եւ կուսակցութիւններուն: Պէտք է ըսել, որ նաեւ Լիբանանի քաղաքական կուսակցութիւններու մեծ մասին մօտ կան նոյն այդ մտահոգութիւնները։ Անշուշտ իրենց մօտեցումները կրնան տարբեր ըլլալ՝ քան Դաշնակցութեան կամ հայութեան մօտեցումները, սակայն Թուրքիա կը փորձէ աշխոյժ դերակատարութիւն ունենալ Միջին Արեւելքի մէջ, այնպէս ինչպէս կը փորձէ աշխոյժ դերակատարութիւն ունենալ ամբողջ տարածքաշրջանին մէջ: Լիբանանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ որոշ թիւով լիբանանցիներ ստացած են թրքական հպատակութիւն, կը խօսուի 60 հազար լիբանանցիի մասին, մասնաւորապէս Թրիփոլիի Աքքարի շրջաններուն մէջ: Թուրքիան ունի նաեւ տնտեսական ներկայութիւն. ընկերային ցանցերու միջոցաւ կը փորձէ օժանդակութիւններ հասցնել այդ համեստ շրջաններուն, ուր աղքատութիւնը գերակշռող է, եւ զարգացնել օսմանամէտ տեսակի տրամադրութիւններ, որոնք բնականաբար տեղ կը գտնեն: Այո՛, այս բոլորը նկատի առնուած է, այս բոլորին հաշուոյն մենք ունինք մեծ մտահոգութիւններ, սակայն կը կառավարենք այն, ինչ կը կարծենք որ կրնայ կանխարգիլել այդ դերակատարութեան զարգացումը: Թուրքիան նիւթական ու քաղաքական մեծ ներդրում կը կատարէ Լիբանանի մէջ, որպէսզի իր հաստատ տեղը ունենայ երկրի քաղաքական թատերաբեմին վրայ, սակայն պէտք է նաեւ այնտեղ տեսնել Իրանի եւ Ծոցի երկիրներուն հակադրութիւնը Թուրքիոյ դերակատարութեան զարգացման դէմ, ինչ որ ի նպաստ մեզի է այս օրերուն, եւ կը փորձենք օգտագործել այս բոլորը, որպէսզի ձեւով մը փորձենք սահմանափակել Թուրքիոյ դերակատարութիւնը:
-Ամէն պարագայի լիբանանահայութիւնը կանգնած է բաւական լուրջ խնդիրներու առջեւ. Ի՞նչ պատկերացումներ ունիք այդ առումով, կարելի պիտի ըլլա՞յ պահել լիբանանահայ գաղութը, որպէս կուռ եւ քաղաքական ազդեցիկ միաւոր։
-Լիբանանահայութեան գոյատեւումը, անոր ունեցած դերակատարութեան շարունակականութիւնը ապահովելը՝ թէ՛ որպէս սփիւռքի բաբախուն սիրտ եւ թէ որպէս քաղաքական ազդեցութիւն, բաւականին լուրջ խնդիր է: Գաղութը ընդհանրապէս ազդուած է երկրի տնտեսական, քաղաքական եւ ապահովական ամէն տեսակի վերիվայրումներէն, մեծ թիւով արտագաղթի դիմելու տրամադրութիւն ունեցողներ կան, մինչեւ որոշ ժամանակ Հայաստանը կը սեպուէր այն վայրը, ուր լիբանանահայեր կը փափաքէին հաստատուիլ։ Այսօր այդ դրութիւնն ալ չկայ, նկատի ունենալով Հայաստանի քաղաքական-ապահովական կացութիւնը եւ մանաւանդ իշխանութիւններու ոչ-խելամիտ քայլերով ստեղծուած մթնոլորտը: Միւս կողմէ, սակայն, մեզի համար անընդունելի է ընկրկիլ, անընդունելի է նահանջել. Լիբանանի մէջ մենք մեր կայացած համայնքը շարունակել պահելու համար ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնենք, կը հաւատամ, որ մեծ դժուարութիւններու դէմ յանդիման պիտի գտնուինք, որովհետեւ, կը կրկնեմ, լիբանանցին ընդհանրապէս եւ լիբանանահայը մասնաւորապէս ունին լուրջ խնդիրներ: Գաղութին մէջ կուսակցութիւնները, համայնքները կը փորձեն իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ դիւրացնել լիբանանահայու առօրեայ դժուարութիւնները՝ սկսած կրթական բնագաւառի մէջ տրամադրուած օժանդակութիւններէն, ընկերային, առողջապահական ոլորտներէն, ուր լուրջ խնդիրներ կան, մինչեւ քորոնաժահրի հետ կապուած հարցեր: Այս բոլորը մեղմացնելու համար ճիգ չի խնայուիր բոլոր կառոյցներու կողմէ, մանաւանդ Դաշնակցութեան ու անոր հովանիով գործող քոյր միութիւններուն կողմէ: Այս դժուարութիւնները դիմագրաւելու ու շրջանցնելու համար մենք ստացած էինք զօրակցութիւն սփիւռքի բոլոր գաղութներէն, մանաւանդ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վերջ եւ անշուշտ քորոնաժահրի ստեղծած մթնոլորտի պատճառներով: Ես կը կարծեմ, որ հակառակ բոլոր մեծ դժուարութիւններուն, նոյնիսկ անյաղթահարելի դժուարութիւններուն, պիտի շարունակենք պահել լիբանանահայ գաղութը եւ շարունակել ըլլալ սփիւռքի բաբախող սիրտը: Մանաւանդ, որ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւները, Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւնները, Հայաստանի եւ Լիբանանի աշխարհագրականօրէն մօտ ըլլալու հանգամանքը կը պարտաւորեցնեն, որ մենք շարունակենք զբաղեցնել այն դիրքերը եւ վերցնել այն բեռը, որ մեր վրայ է եւ առանց ընկրկելու շարունակել պահել գաղութի դերակատարութիւնը:
-Խիստ անձնական հարցում մը. երբ անգամ մը կը մասնակցէիք հեռատեսիլային հաղորդման մը, բացայայտ կերպով ըսիք, որ ձեզի համար Հայաստանն է առաջնային դիրք գրաւողը, որպէս հայրենիք։ Այդ խօսքին առընթեր մեծ քննադատութիւններու թիրախ դարձաք։ Երբեւէ զղջացած է՞ք ձեր այդ արտայայտութեան համար։
-Ես Դաշնակցական մարդ եմ, Դաշնակցական մարդը իր համոզումներով առաջնորդուած կեցուածքներ կ՚որդեգրէ, հետեւաբար, այդ կեցուածքներուն համար զղջալը կամ ինքզինք մեղադրելը կը նշանակէ, գաղափարական ինչ-որ անյստակութիւն ունենալ, այնպէս որ բնաւ զղջացած չեմ: Այո՛, կրնայ շատ վատ ըլլալ որ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատու մը այլ երկիր մը սեպէ առաջնահերթութիւն, սակայն ես ըսի այն, ինչ որ կը զգամ եւ գիտեմ, եւ որուն համար տարիներէ ի վեր պայքարած եմ ու դեռ ալ պիտի պայքարիմ:
İlk yorum yapan siz olun