İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Պատարագ Ս. Աստուածածին Մատրան Մէջ Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Նորոգ Վախճանեալ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի Յիշատակին

Կիրակի, 24 յունուար 2021-ի առաւօտեան, դպրեվանքի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց Դպրեվանքի հսկիչ Գէորգ աբղյ. Գարակէօզեանը:

Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Դպրեվանքի նախկին տեսուչ, նորոգ վախճանեալ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի հոգիին համար: Ապա Դպրեվանքի նորանշանակ տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան յաւուր պատշաճի քարոզեց, քաջալերեց դպրեվանեցիները, որպէսզի վերանորոգ հաւատքով եւ առանց յուսահատութեան շարունակեն իրենց սկսած առաքելութիւնը: Տեսուչ հայր սուրբը նաեւ, խօսելով Մեղրիկ սրբազանին ծառայութեան եւ նուիրումին մասին, քաջալերեց դպրեվանեցիները, որ շարունակեն աղօթել սրբազանին հոգիին համար` վառ պահելով անոր յիշատակը:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.