İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԵՌԱՎԱՐ ԺՈՂՈՎ՝ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ Թեմական խորհուրդի ժողով, որ կազմակերպուած էր հեռավար ձեւաչափով։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանի գլխաւորութեամբ առցանց քննարկումներուն մասնակցեցան թեմի հոգեւորականաց դասու անդամները, ծխական խորհուրդներու ատենապետները եւ դիտորդները, տեղական ծուխերու ներկայացուցիչներ եւ այլք։ Երկու մասով քննարկման տակ առնուեցան օրակարգի նիւթերը։ Առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։

Ժողովականները ընդհանրապէս կեդրոնացան պիւտճէի գործադրութեան ընթացքին եւ ելմտական տեղեկագրերուն վրայ։ Թեմական խորհուրդի անդամները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ զանազան առաջարկներու շուրջ, որոնք ազգային-եկեղեցական կեանքի աշխուժացումը կը նախատեսէին։  

http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/1-02-2021-թեմական-խորհուրդի-հեռավար-ժողով՝-հիւսիսային-ամերիկայի-արեւելեան-թեմի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın