İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ. «ԿՈՄԻՏԱՍԷ ԿՈՄԻՏԱՍ»

Երեւանի Կոմիտասի թանգարանի երդիքին տակ բացուած է յայտնի նկարիչ Արա Յարութիւնեանի գործերու ցուցահանդէսը։ «Կոմիտասէն Կոմիտաս» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ քանդակագործ-նկարիչ Արա Յարութիւնեանի Մեծ Վարդապետին նուիրուած ստեղծագործութիւնները։ Այսպէս, նոյն հարթակին վրայ գեղարուեստասէրներուն կը ներկայացուին Արա Յարութիւնեանի՝ Կոմիտասի վերաբերեալ, Կոմիտասը պատկերած բացառիկ գործերը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հեղինակին ո՛չ միայն աւարտուն աշխատանքները, այլեւ՝ նախագծերը, Կոմիտասի նիւթով գծանկարները, քանդակներու տարբերակները մատուցուած են այնտեղ։ Այս բոլորը՝ որպէս ամբողջութիւն, տեսանելի կը դարձնեն Կոմիտասի կերպարի ստեղծման դժուարին, երբեմն տառապալից ընթացքը։

Կոմիտասի թանգարան-կաճառէն ներս բացուած ցուցահանդէսին ժամանակ ներկայացուած ցուցանմոյշները տրամադրուած են ընտանեկան կամ մասնաւոր հաւաքածոներէ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն։ Մէկ նմոյշ մըն ալ կը պատկանի հիւրընկալ թանգարան-կաճառի հաւաքածոյին։ Այնտեղ ներկայացուած քանի մը արձան նոյնիսկ չէ ցուցադրուած քանդակագործ-նկարիչ Արա Յարութիւնեանի կենդանութեան օրով։

Հոգելոյս արուեստագէտի անուանակից թոռը՝ ճարտարապետ Արա Յարութիւնեան ցուցահանդէսի բացման ժամանակ յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Ան մամլոյ սպասաւորներուն դիտել տուաւ, որ իր հոգելոյս մեծ հայրը ստեղծագործական ամբողջ կեանքին տեւողութեան քանդակած կամ նկարած է Կոմիտասը։ Ան յիշեցուց, որ Կոմիտասին ձօնուած առաջին կոթողային քան-դակը, որ հոգելոյս Արա Յարութիւնեանի վկայականի աւարտական աշխատանքն էր, տեղադրուած է Երեւանի պանթէոնին մէջ 1954 թուականին՝ Կոմիտասի շիրիմին։ Նոյն վարպետի՝ Կոմիտասին նուիրուած վերջին կոթողային աշխատանքն ալ 1988-ին զետեղուած է Երեւանի համանուն Պետական երաժշտանոցի պուրակին մէջ։

«Այս ցուցահանդէսով փորձած ենք Արա Յարութիւնեանի արուեստանոցը բերել թանգարան, ցոյց տալ, թէ ի՛նչ բազմազան Կոմիտասներ ստեղծագործած է ան։ Ըստ իս, Յարութիւնեանի՝ Կոմիտասին նուիրուած քանդակները ունին ուժեղ ուժանիւթ, որ կը փոխանցուի մարդոց։ Այդ ուժանիւթը կրնանք զգալ դիտելով Կոմիտասի մահարձանը, որու մէջ Յարութիւնեանի ձեռագիրը վառ արտայայտուած չէ, բայց կ՚երեւի Կոմիտասը պատկերելու ձգտումը։ Իսկ 1988 թուականի քանդակը կ՚արտայայտէ Յարութիւնեանի անցած ամբողջ ուղին։ Շատ կարեւոր է, որ քանդակը համահունչ ըլլայ բնութեան ու քաղաքային միջավայրին», յայտնեց կրտսեր Արա Յարութիւնեան։

Ցուցահանդէսի բացման ժամանակ ան պատմեց, որ երաժշտանոցի պուրակի քանդակը Կոմիտասը պէտք է կանգնած ցոլացնէր։ Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են քանդակի քանի մը տարբերակներ։ Նախագծային տարբերակը կը կոչուի «Ծիրանի ծառ»։ Յետոյ, իշխանութիւնները որոշած են, որ այդ պուրակի գտնուած Ֆրանսայի հրապարակին շուրջ բոլոր արձանները պէտք է նստած ըլլան։ Սկիզբին Մարտիրոս Սարեանի քանդակն էր, յետոյ՝ Արամ Խաչատուրեանինը եւ ի վերջոյ Կոմիտասինը։ Այդ փուլին Արա Յարութիւնեանի համար նոր խնդիր մը յառաջացաւ։ Ան սկսաւ մտածել, թէ ինչի վրայ պէտք է նստի Կոմիտաս։ Ուստի, ան վերյիշեց «Ծիրանի ծառ» ստեղծագործութիւնը եւ Կոմիտասը պատկերեց՝ ծիրանի ծառին նստած։ «Ան երեւանցիներու ամենասիրած արձաններէն մին է», մատնանշեց կրտսեր Արա Յարութիւնեան։

Ցուցահանդէսի բացման ժամանակ արտայայտուեցաւ նաեւ հոգելոյս Արա Յարութիւնեանի աշակերտներէն քանդակագործ Վիգէն Աւետիս։ Այս վերջինը 16 տարեկանին ծանօթացած է վարպետին։ «Ան ինծի կը սորվեցնէր ապրիլ՝ որպէս քանդակագործ։ Երբեմն ինձ կ՚ըսէր, որ ձեռքս վարժ չէ։ Այդ ժամանակ կ՚օգնէի երաժշտանոցի պուրակին տեղադրուած Կոմիտասի քանդակի ստեղծման։ Ան կ՚ըսէր՝ երբ կը վերցնես կապը, ապա ան պէտք է ձեռքիդ հետ ընդհանրանայ, մէկ կտոր դառնայ։ Երբ Իտալիոյ մէջ կը գտնուէի, նամակներով կը դասաւանդէր ինծի, խորհուրդներ կու տար։ Մինչեւ կեանքի վերջին վայրկեանը հարստացուցած է ինծի», նշեց Վիգէն Աւետիս։

Արա Յարութիւնեան կոթողային արուեստի ճանապարհին սկսած եւ աւարտած է Կոմիտասով։ Այժմու ցուցահանդէսը կազմակերպուած է իրեն ի յիշատակ ստեղծուած համանուն հիմնարկի եւ Կոմիտասի թանգարան-կաճառի համատեղ ջանքերով։ 

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F1-02-2021-երեւանի-մէջ-բացառիկ-ցուցահանդէս-«կոմիտասէ-կոմիտաս%C2%BB

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın