İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Պահպանել եւ փրկել  հայկական Արցախի տարածքներն  ու սահնանամերձ Սիւնիքը․ զրոյց Յարութիւն Սելիմեանին հետ

Մանուէլ Քէշիշեան

Սիվիլնէթը զրուցել է Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ, Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին հետ: Վերապատուելի Սելիմեան Սուրիոյ տագնապի ամբողջ ընթացքին ցուցաբերեց խոհուն եւ խիզախ ղեկավարի կեցուածք: Ի նպաստ հայ գաղութին, ան ամրապնդեց կապերը պետական եւ կրօնական մարմիններու հետ, միեւնոյն ատեն յաջողեցաւ համաշխարհային բազմաթիւ կազմակերպութիւններու հետ իր ունեցած կապերն ու անոնց մօտ ունեցած իր ազդեցիկ դիրքը ծառայեցնել մեր գաղութին ի նպաստ՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս: Ստորեւ կը ներկայացնենք Վերապատուելիին հետ ունեցած մեր շահեկան հարցազրոյցը, զոր վարեց Սիվիլնէթի սիւնակագիր Մանուէլ Քէշիշեան:

  • Մեծարգոյ համայնքապետ, եկէք, սկսինք հայրենիքէն. ի՞նչ պատահեցաւ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ: Մենք՝ որպէս սփիւռքահայ, ի՞նչ աստիճանի կ՛առնչուինք այս ողբերգութեան հետ:

  • Իսկութեան մէջ ինչ որ պատահեցաւ Արցախին կարելի է համարել մեր ազգային մղձաւանջը: Տեղի ունեցած գոյամարտը ցնցեց ողջ հայութիւնը: Մեր դարաւոր թշնամին անգամ մը եւս իր ծաւալապաշտական անյագ մոլուցքով յարձակեցաւ մեր պատմամշակութային արժէք ներկայացնող հայկական Արցախին վրայ, հայրենիքը գրաւելով տնազուրկ դարձուց մեր սիրելի ժողովուրդը՝ իր դարաւոր ժառանգութենէն: Հայ ժողովուրդը գոյութենական կռիւ մղեց Արցախի սահմանագիծին, եւ ասիկա անգամ մը եւս կը փաստէր Էրտողանի մեծ հայրերուն սկսած ցեղասպանութեան ամբողջացումը: Ի հետեւողութիւն դիւանագիտական մօտեցումներուն, Հայաստանի մեր ժողովուրդին մօտ պառակտում յառաջացուց (բաժանարար տեսակաւոր նիւթերով), տարածքներ կորսնցուցինք, մեծաթիւ զոհեր տուինք եւ հայկական բանակը տկարացաւ եւայլն: Սակայն ժամանակն է միախմբուելու եւ համախոհութեան եզրեր գտնելու մեր ժողովուրդը միացնող ազդակները դուրս բերելով եւ վերականգնելով մեր ազգային արժանապատուութիւնն ու բարձրացնելով ազգային ինքնագիտակցութեան չափանիշը: Ամէն գնով, Պահպանել եւ փրկել հայկական Արցախի տարածքներն ու սահնանամերձ Սիւնիքը, որ իր աշխարհագրական դիրքով եւս Հայաստանի անվտանգութեան հետ առնչուած էական նշանակութիւն ունի:

ԲԵԹԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻ, ԴՊՐՈՑ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏԱՐԱՆ
ԲԵԹԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻ, ԴՊՐՈՑ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏԱՐԱՆ
Մենք՝ որպէս սփիւռքահայեր, սերտօրէն եւ անքակտելիօրէն առնչուած ենք պատահարներուն՝ ոգի ի բռին հայրենիքին կողքին կանգնելով, զգօնութեամբ եւ շարունակելով պահպանել մեզի վերապահուածը ու վերականգնումի նախաձեռնել: Այս շրջագիծէն ներս Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը հեռու քաղաքականութենէ անյապաղ իր օժանդակաթիւնը կը ցուցաբերէ եւ կը նախաձեռնէ Արցախի հայորդիներուն ապահով վերականգնումի ու բարեկեցութեան ծառայութեան ի խնդիր:

  • Դուք յայտնի էք, որպէս բարեհամբոյր բայց եւ սկզբունքային, անզիջող, քաջ եւ համարձակ անձնաւորութիւն: Ո՞ւր կը սկսին Ձեր այս յատկութիւնները եւ ո՞ւր կը վերջանան:

  • Շնորհակալ եմ Ձեր համեստացնող բնութագրութեան: Համոզուած եմ որ բարեհամբոյր, անզիջող, քաջ եւ համարձակ ըլլալու սկզբունքներով հետեւողականօրէն ապրիլը ոչ միայն կը կանխէ բացասական երեւոյթներու առկայութիւնը, այլ կը բարելաւէ մարդու անձնական եւ հաւաքական յաջողութեան հասնելու կարելիութիւնները: Կարելի չէ ընտրութիւն կատարել մարդու արժանավայել աշխատանք ու առաքելութիւն կատարելու եւ վերեւ յիշուած ձեր բնութագրութեամբ որակուած բնաւորութիւն ունեցող անձի միջեւ: Իմ համոզումով երկարաժամկէտ հեռանկարով ասոնք նոյնացած են: Փորձը, գիտութիւնը, հմտութիւնը եւ նկարագրային գիծերը, բացառելով բնաւորութիւնը՝ կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն, որոնց մէկտեղումով կը բնորոշուի անհատականութիւնը: Թէ ո՞ւր սկսած են, երեւի, գիտութեան մեկնաբանութեամբ, մասամբ ժառանգած, իսկ միւս մասով՝ իմ ստացած հայեցի եւ քրիստոնէական կրթութենէն մեկնելով կարելի է ըսել, որ իմ մանուկ հասակէն կիրակնօրեայ դպրոց յաճախելով ապա քրիստոնէական Ջանից ընկերակցութեան անդամակցելով: Տէր Յիսուս Քրիստոսի տիպարը ինծի համար առաւել ձգտելու ու ինքզինքս կատարելագործելու մեծագոյն մարտահրաւէրը եղած է: Եւ վերջապէս որակեալ յատկութիւնները սահման չունին, իրենք զիրենք գերազանցելու իմ անձի կառուցման մէջ դեր ունենալու եւ կը կարծեմ թէ կը վերջանան միայն իմ վախճանումով:

ԲԵԹԷԼ ԲՈՒԺԿԵԴՐՈՆ
ԲԵԹԷԼ ԲՈՒԺԿԵԴՐՈՆ
– Վերապատուելի, դուք Սուրիոյ տագնապի այս տարիներուն Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետն էիք եւ էք: Դուք, որպէս զօրեղ անձնաւորութիւն եւ նախաձեռնող անհատականութիւն շատ աւելին ըրիք քան վիճակուած էր փոքր համայնքի մը ղեկավարին: Դուք՝ անձամբ ի՞նչ օգտակար դեր ունեցաք ամբողջ գաղութին համար:

  • 2011-ի գարնան Սուրիոյ մէջ բռնկած ահաբեկչական գործողութիւնները կարճ ժամանակի մէջ վերածուեցան լայնատարած պատերազմի, ետեւ ետեւի ընդգրկեցին երկրին գաւառները՝ ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելով խաղաղ բնակչութիւնը։

Որպէս Հայ Աւետարանական համայնք ազգին, անբաժան մէկ մասը ըլլալով շատ արագ կազմակերպուեցանք ու ստեղծեցինք ժողովուրդի կարիքները հոգալու մարմիններ՝ դիմագրաւելով աննախատեսելի եւ ահարկու դժուարութիւնները, ինչպիսին էին՝ ռմբակոծումի մատնուած տնազուրկ հայ ընտանիքներու, մանուկներու եւ չափահասներու ամէնօրեայ գոյատեւելու պայքարին նպաստելով:

Սուրիական հայրենիքի արդարութեան հաւատացողը ըլլալով եւ հայ գաղութի ապահովութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ տեղացիներուն հետ գոյակցութեան կարեւորութիւնը շեշտելով, պատերազմի դադարեցման ուղղուած անողոք միջազգային քաղաքական, եկեղեցական եւ հասարակական կեանքին, տարբեր հարթակներու վրայ ներդրումս ունեցայ ի խնդիր խաղաղութեան:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ
Ժողովուրդին դժուարին պայմաններուն մէջ նեցուկ կանգնիլը առաջնահերթութիւն սեպելով, ամէն ջանք ի գործ դրինք կենսական պէտքեր ապահովելու, որպէսզի մարդիկ յոյսը չկորսնցնեն ապագայի նկատմամբ:

Համայնքի Ընկերային Ծառայութեան ժրաջան յանձնախումբին աջակցութեամբ պատերազմական բոլոր տարիներուն փորձեցինք Սուրիոյ մեր շատ սիրելի ժողովուրդին բազմազան կարիքները հոգալ հասնելով աւելի քան 800 ընտանիքներու՝ միշտ առանց խտրականութեան։ Տրամադրուած նպաստները բազմատեսակ էին, ինչպէս՝ սննդեղէն, նիւթական, ջուրի մատակարարում եւ կենցաղային՝ տնական վարձքերու ապահովում, բժշկական, մաքրողական եւ այլազան պէտքեր:

Անտարակոյս ուշադրութեան կեդրոնի տակ էին յատկապէս մանուկներն ու չափահասները։ Պատերազմի հետեւանքով սերունդ մը զրկուեցաւ անհոգ ու զուարթ կեանքէ, ապրեցաւ վախի, ցուրտի ու խաւարի, մահուան սարսափի ու այլ տարրական զրկանքներու մէջ։ Այս մեծ չարիքը մեղմելու նպատակով մանուկները յաճախ հաւաքեցինք, անոնց համար կազմակերպեցինք զուարճալի եւ ուսուցողական ժամանց: Տարեցներուն նաեւ նիւթական օգնութեան հետ բաշխուեցան դեղօրայք։

Մեծ ցաւ էր տեսնել այն տարեցները, որոնց զաւակները արտերկիր գաղթած ըլլալով իրենց ետին թողուցին իրենց ծնողները: Հետեւաբար, իրենց կենսական, առողջապահական կարիքներու հոգածութիւն ցուցաբերեցինք:

Ընկերային Ծառայութեան ուշագրաւ ծառայութիւններէն էր նոյնիսկ պատերազմական ծանր պայմաններու տակ քաղաքս բաղդատաբար մաքուր պահող աղբահաւաքները նաեւ ելեկտրական ընկերութեան ծառայող պաշտօնեաները (աւելի քան 200 հոգի) տարբեր օրերու մէջ զանոնք հրաւիրելը, պատուելը եւ գնահատելը, որ մարդկային արժէքի եւ քրիստոնէական հոգածութեան հարազատ արտայայտութիւնն էր։

Ուշագրաւ նախաձեռնութիւններէն մէկն էր 2013թ. նորաբաց «Բեթէլ Բուժ. Կեդրոն»-ի հիմնադրութիւնը, ուր անվճար բուժում եւ դեղօրայք կը ստանան քաղաքի բնակիչները անկախ ազգութենէ ու կրօնէ։

Ըստ պահանջի կեդրոնը կը ներառէ՝ անհրաժեշտ եւ պարագայական բժշկական մասնագիտութիւնները ինչպիսին են՝ ներքին հիւանդութեանց, սրտի հիւանդութեանց, գեղձերու եւ շաքարախտի, մարսողական, մանկաբուժական, կանացի, ընդհանուր վիրաբուժութեան, առողջ սննդառութեան եւ ոսկրային վիրաբուժութեան:

«ԱՐՄԻՍ» ԵՐԱԺՇՏԱՆՈՑԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ ԵՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ
«ԱՐՄԻՍ» ԵՐԱԺՇՏԱՆՈՑԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ ԵՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ
Էական կարեւորութիւն ունէր համայնքապատկան վարժարանները բաց պահելու հրամայականը ընդգծելով այստեղ՝ Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրորդական վարժարանը, որ պատնէշի վրայ մնաց երկարաշունչ տարիներուն ընթացքին՝ հակառակ խիստ վտանգաւոր պայմաններուն։ Հրթիռներ ինկան ե՛ւ դպրոցին բակը, ե՛ւ դպրոցի մասնաշէնքերուն վրայ, սակայն, ինչպէս քաղաքի մնացեալ հայկական դպրոցները, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանը չընկրկեցաւ, առաւել արիութիւն ներարկելով ծնողներուն՝ որ չդադրեցնեն իրենց զաւակներուն ուսումնառութիւնը։ Այդ միասնական նուիրումին ու ջանքերուն շնորհիւ, դժուարագոյն պայմաններուն մէջ, Բեթէլ Վարժարանի աշակերտութիւնը յաջողեցաւ միշտ առաջին կարգեր նուաճել թէ՛ պրովէի եւ թէ՛ պաքալորիայի պետական քննութիւններուն (կ՛արժէ յիշել վերջին շրջանի Covid-19-ի չարագուշակ ամիսներուն առցանց կրթական ծրագիրի դասաւանդումը որ իր տեսակին մէջ եզակի դրականութիւն աւելցուց մեր հոգեկան իրավիճակին վրայ, ի նպաստ հայ դպրոցի աշակերտին:

Չդադրեցաւ «Արմիս» երաժշտական դպրոցին դասաւանդութիւնը: Ռումբերու եւ հրթիռներու ձայներուն տակ աշակերտ ու ուսուցիչ գիտութեան ու արուեստի միջոցով իւրօրինակ պայքար մղեցին չարիքին դէմ, միշտ ստեղծելով բարին:

Օրինակելի էր նաեւ պատերազմի օրերուն հայ աւետարանական վարժարաններուն հրատարակութիւնը, որ կ’ընդգրկէր միամեայ գործուէութիւնները ծաւալող տարեգիրքերը: 2017 տարեշրջանին մռայլ օրերու մէջ լուսատու նախաձեռնութիւն էր Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Կրթական Խորհուրդին հրատարակած «Տարեգրութիւն Հայ Աւետարանական Բեթէլ Վարժարանի» նորատիպ հատորի հրատարակութիւնն ու շնորհանդէսը, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ «Աւետախօս» քարոզագիրքիս լոյս ընծայումը:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑ
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑ
Հոգեւոր կեանքը եւս ունեցաւ իր նպատակադրուած գործունէութիւնը՝ շարունակեցին Կիրակնօրեայ դպրոցները, ղօղանջեցին եկեղեցիներու զանգերը, խաղաղ օրերէն աւելի մեծ բազմութեամբ լեցուեցան եկեղեցիները։ Իր անխափան աշխատանքը շարունակեց Քրիստոնէական Դաստիարկութեան Կեդրոնը, ուր եղան հոգեւոր սեմինարներ, միջ-եկեղեցական: Պատերազմի ամբողջ ընթացքին, հաւատացեալներով օրըստօրէ առաւել յորդող սրահին մէջ, շաբաթական դրութեամբ եղան հովուական դասեր եւ Աստուածաշունչի սերտողութիւններ։ Շարունակուեցան տիկնանց Միութեան, «Պատանի ասպետներ»-ու, Քրիստոնէական Ջանից Երիտասարդաց պաշտամունքներն ու հաւաքական գործունէութիւնները, գործեց նաեւ Ամառնային Ս. Գրոց վարժարանները ներգրաւելով մեծաթիւ փոքրիկներ 4 տարբեր վայրերու մէջ: Կազմակերպուեցան ընտանեկան համագումարներ Հալէպի եւ Քեսապի մէջ ընտանիքներու հոգեւոր եւ ընկերային հասկացողութիւնները ուժեղացնելու հեռանկարով, Սուրիոյ խաղաղութեան նուիրուած պաշտամունքներ եւ առհասարակ եկեղեցւոյ բոլոր բաղադրիչները գործեցին անխափան։ Վերյիշել բազմապիսի ծառայողական երեւոյթները ուրիշ բան չեն, հապա միայն կեանքի ու Անոր տուիչին վրայ հաւատք եւ յոյս ընծայելու մշտանորոգ փորձառութիւն:

  • Դուք նաեւ լաւատեղեակ անձ մըն էք: Ինչպիսի՞ վտանգներ դիմագրաւեց Սուրիահայ գաղութը, ի՞նչ կորսնցուց եւ ինչի՞ն կրցաւ տէր մնալ:

  • Սուրիահայ գաղութը բազում վտանգներ դիմագրաւած էն խոցելին կարելի է համարել մարդկային զոհերը, որ մեծ խոց ստեղծեց մեր հաւաքական կեանքին մէջ. պատերազմին վիրաւորեալներ, առեւանգեալներ, կառոյցի մեծ վնասներ, բնակարանային, աշխատավայրերու թալան եւ փլուզում, հայկական դպրոցներու եւ եկեղեցիներու, ակումբներու, մշակութային, մարզական միութիւններու եւ կառոյցներու քանդում եւ հրկիզում (Սուրիահայ ժողովուրդին 2/3 մեծամասնութեան գաղթ): Մէկ խօսքով, կարելի է ըսել, թէ հայկական իրականութիւնը հարուածող եւ ջլատող կազմակերպուած աղէտ:

Սուրիահայ գաղութը իր կրած կորուստներով մէկտեղ շնորհիւ իր մէջ տեղաւորուած ազգային ինքնագիտակցութեան կրցաւ կենսունակ պահել իր եկեղեցական, կրթական, միութենական եւ մշակութային արժէքները եւ անոնց ներքոյ համախմբել ժողովուրդը եւ բնականոն կեանքի նախադրեալներ ստեղծելով շարունակել իր գոյութիւնը:

  • Արցախեան պատերազմէն առաջ քանի մը առիթներով Հայաստանի Հանրապետութիւնը օգնութեան ձեռք երկարեց Սփիւռքի իր ազգակիցներուն՝ հո՛ն ուր պէտք էր, ինչպէս Լիբանան, Սուրիա: Հիմա Հայաստանն ու Արցախը բոլորիս կարիքը անչափ շատ ունին. Հալէպահայերն ալ նախանձելի վիճակի մը մէջ չեն: Ձեր կարծիքով մենք պարտաւո՞ր ենք, աւելի ճիշդ, կրնա՞նք որեւէ ձեւով օգնել մեր հայրենիքին:

  • Մենք՝ իբրեւ Սուրիահայ համայնք, երախտապարտ եւ շնորհակալ ենք հայրենիքին՝ իր մատուցած բոլոր բարիքներուն համար, յատկապէս Սուրիոյ դաժան պատերազմի տարիներու ընթացքին:

Հայաստանն ու Արցախը, այսօր, ճգնաժամային օրերու մէջ ըլլալով անվերապահօրէն մեր բոլորին աջակցութեան եւ օժանդակութեան կարիքը ունին, ներառեալ հալէպահայերուսը անվարան: Թէեւ Սուրիոյ դիմագրաւած տնտեսական ահաւոր առկայ իրավիճակին, մենք ամէն ձեւով թէ՛ բարոյական, թէ՛ նիւթական մասնակցութեամբ եւ մեր կարելիութեան սահմաններուն ընձեռած պայմաններով փորձեցինք օգնութեան ձեռք երկարել (Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ճամբով եւ միշտ պատրաստ ենք օժանդակելու հայրենիքի եւ Արցախի մեր ազգակիցներուն, որպէսզի այս ահաւոր ազգային աղէտէն կարենանք պատուախնդրութեամբ դուրս գալ եւ վերականգնիլ իբրեւ լիիրաւ ազգ:

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
– Մեծարգոյ Վերապատուելի, դուք որպէս համայնքապետ եւ ազդեցիկ անձնաւորութիւն կը հաւատաք մեր գաղութի ապագային, ինչի՞ վրայ կը հիմնուի Ձեր լաւատեսութիւնը: Ըստ Ձեզի, որո՞նք ենք Սուրիահայ գաղութին ներկայի առաջնահերթութիւնները:

  • Իբրեւ Համայնքապետ կը հաւատամ գաղութի ապագային եւ իմ լաւատեսութիւնը չեմ կորսնցուցած, մասնաւորաբար Հալէպի ազատագրումէն ետք, եւ ահա մօտաւորապէս չորս տարիէ ի վեր, գաղութը լծուած է մոխիրներէ վերականգնելու տքնաջան աշխատանքին:

Պատերազմի տարիները ապացուցեցին թէ սուրիահայութիւնը ունի անզիջող պատկանելիութիւն, իր տունը սեպած ասպնջական Սուրիոյ եւ հիմա՝ երբ աննախընթաց տնտեսական պատերազմը վրայ հասաւ՝ ունինք վստահութիւն, որ մեր ժողովուրդը պիտի չընկրկի եւ մենք պատրաստ ենք անոնց բազմապիսի գոյութենական կարիքները ապահովելու:

Կը հաւատամ, որ չկայ մէկ տեսակի լաւատեսութիւն: Լաւատեսութիւնը կարելի է դիտարկել ռազմավարական լաւատեսութիւն եւ իրատեսական լաւատեսութիւն դրոյթներով, որ հիմնուած է առկայ գիտելիքներու ըմբռնումին եւ հարկաւոր ընտրութիւններ կատարումին ըստ այնմ: Հետեւաբար, մեզ շրջապատող գիտելիքներու եւ տեղեկատուութեան յարափոփոխ իրադարձութիւններուն մէջ մենք մեզ կը տարուբերենք մեր որդեգրած լաւատեսութեան ուղղուածութեան մէջ, միշտ կառուցողական եւ դրականութիւն սփռող ազդակները առկայ պահելով, մեր վերականգնումի ու բարեկարգչական, ազգային (ընդլայնուած ըմբռնողութեամբ՝ իր մէջ ներառելով, կրթական, մշակութային, մարզական ոլորտները) ու եկեղեցական անյետաձգելի առաքելութիւններուն մէջ:

Ի հետեւողութիւն անցեալի իմ իւրացուցած փորձին ու գիտութեան համոզուած կ՛ըսեմ, թէ լաւատեսութիւնը դժուարութիւնները յաղթահարելու իւրայատուկ ոճ է, ունենալով յստակ նպատակներ, որոնք դրական ազդեցութեամբ կը ձեւափոխեն խնդիրներու կացութիւնը: Անշուշտ, այդ պէտք է հիմնաւորուի դրական եւ ոչ բացասական տեղեկատուութեան վրայ: Լաւատեսութիւնն է, որ դրական ներգրաւածութիւն կը յառաջացնէ եւ նախայարձակ կ՛ընէ մեզ մեր ծառայութեան եւ կենցաղին մէջ:

Ոչ սովորական, մեզ կլանող այսօրուան ընկերաքաղաքական դրուածքը ի միտի պահելով, կը հաւատամ, որ սուրիահայ գաղութին ներկայի առաջնահերթութիւններն են՝

1) Հայապահպանման գործընթացի Շարունակութիւնը: Դժբախտաբար արտագաղթի հետեւանքով կը պակսի նաեւ հայապահպանման առաքելութեան մաշտաբը: Հայապահպանման գործընթացը կը բնորոշեմ որպէս հաւատքի առաքելութիւն ու ազգային ծառայութիւն: Այսօր անհրաժեշտ է մեր ներքին ազգային կեանքը կազմակերպել եւ զօրեղ հիմերու վրայ դնել. մեր ներազգային ուժականութիւնը հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով: Հայ դպրոցը կը հանդիսանայ մեր գոյութիւնը երաշխաւորող երեւելի եւ գործնական առարկան: Ուստի հարկաւոր է աւելիով հզօրացնել զայն իր մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութիւններուն մէջ, մեր մշակութային արժէքները լայնօրէն տարածել մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, ազգային պահանջատիրութեան նոր թափ տալ , ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման մեր գործօն մասնակցութիւնը բերել: Այս առաջնահերթութիւնները մեր Հայկական իրականութեան կեանքին ու առաքելութեան ուղեգիծը պիտի կազմեն:

2) Մայրենի Լեզուի Պահպանման Առաքելութիւնը:

Այսօրուան մեր հիմնահարցերէն կարեւորագոյնը՝ մայրենիին հանդէպ մեր անտարբերութիւնն է: Լեզուն ոչ միայն տարբերակիչն է ազգին, հապա անոր գոյութեան հիմնաքարը: Ժամանակի հոլովոյթով սփիւռքի մէջ եթէ կորսնցնենք լեզուն, պիտի վտանգուի ազգը: Պէտք չէ դիտել լեզուն պարզապէս հաղորդակցութեան միջոց, այլ ժամանակի կտրուածքով կուտակուած մտածողութիւն եւ գիտելիք, որ մեր ազգային ինքնագիտակցութեան հիմնաքարն է: Հետեւաբար, մեր առաջնահերթութիւններէն է հայ լեզուի ուսուցողութիւնը եւ դասաւանդութիւնը մեր հայկական վարժարաններուն, եկեղեցիներուն եւ կազմակերպութիւններուն օրակարգերուն վրայ:

3) Տնտեսական Վերականգնումը:

Սուրիոյ մէջ վերջին տարիներուն ծայր առած տնտեսական սուր տագնապին եւ սուրիական թղթոսկիին արեզրկումին հետեւանքով ժողովուրդին վիճակուեցան կենցաղային սուր պայմաններ, բնականոն կեանքի ամենապարզ կարիքները ապահովելու լուրջ դժուարութիւն: Սակայն հաւատալով որ իւրաքանչիւր տագնապ կրնայ նաեւ առիթ հանդիսանալ նոր հնարքներու, նոր միջոցներու որոնման եւ տիրող կացութիւնը բարելաւելու միտումով Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը Սուրիոյ վերաւորակաւորման եւ վերաշինութեան համընդհանուր ծրագիրին բաժին բերելով նախաձեռնեց երիտասարդութեան տնտեսական վերականգնումի եւ մարդուժի պատրաստման բարգաւաճման ծրագիր: Անոնք ապագայի կերտման ճամբուն վրայ խրախուսուելով, տարբեր մասնագիտութեանց ուսմունք եւ պիտանի գոյքերը ստանալով սկսան նոր արհեստներ եւ աշխատանքներ ի գործ դնել:

4) Առաջնորդութեան մարտահրաւէրները Միջին Արեւելքի մէջ:

Հայ անհատը, այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, պէտք ունի առաջնորդութեան: Առաջնորդութիւն՝ իր անհատական ու հոգեւոր կեանքին մէջ:

Առաջնորդութիւն՝ իր եկեղեցական, միութենական, համայնքային, ազգային, կրթա-դաստիարակչական ու վարչական կեանքերուն մէջ: Առաջնորդութիւնը պէտք է ընդգրկէ ընդհանուր ծրագիր՝ ուր մեր «պատգամ»ը՝ իր եկեղեցական, միութենական ու համայնքային կեանքերով կը դառնայ խօսուն եւ ընկալելի: Հայ Եկեղեցին հրաւիրուած է իր պատգամը վերստուգելու, վերատարազելու, ե՛ւ նոր օրերու ե՛ւ վաղուան պահանջքէն թելադրուած պատգամելու, հաւատարիմ իր հիմնադիր հայրերուն նախաձեռնած առաքելութեան, ծառայելով ազգային վերանորոգ եւ բարեխնամ ռազմավարութեան տիրոյթին:

  • Անչափ շնորհակալ ենք Ձեզի Վերապատուելի, Ձեր անկեղծ եւ անմիջական ու իրապէս շահեկան այս հարցազրոյցին համար: Յաջողութիւն Ձեր ծրագիրներուն, որոնք կը հաւատանք, մեծապէս օգտակար պիտի դառնան նախ եւ առաջ մեր գաղութին:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 30 Յունուար 2021


CIVILNET

Yorumlar kapatıldı.