İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Վազգէն Մանուկեան Հանդիպում Ունեցած Է Խումբ Մը Քաղաքագէտներու Եւ Փորձագէտներու Հետ

Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակ, Արցախի հարցի հետագայ ճակատագիր, շրջանային աշխարհաքաղաքական զարգացումներ. օրակարգային այս հարցերը երէկ` ուրբաթ, 29 յունուար 2021-ին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը քննարկած է խումբ մը քաղաքագէտներու եւ փորձագէտներու հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը:

Քննարկուած է պատերազմէն ետք Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական ճգնաժամը, որուն հանգուցալուծման վերաբերեալ մասնագէտները տարբեր տեսակէտներ յայտնած են: Ըստ որոշ տեսակէտներու` քաղաքական դաշտի ռազմավարութիւնն ու գործողութիւնները պէտք է մշակուին հասարակութեան մէջ ընկերաբանական լուրջ հետազօտութիւններու եւ վերլուծութիւններու հիման վրայ: Այս ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուած է այն հարցին, որ ընկերային ցանցերը յաճախ կը կառավարուին եւ կը ստեղծեն իրականութեան ոչ հաւաստի պատկեր:

Միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի մէջ 2018-ի իշխանափոխութեան եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններու խորքային պատճառներուն, իշխանութեան, պետական համակարգին, ընդդիմութեան, քաղաքական կուսակցութիւններու հարցերուն եւ այդ համակարգերը կայացնելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ:

Կարեւոր նկատուած է Հայաստանի մէջ ազգային օրակարգի ձեւաւորման, ազգային ինքնութեան հարցերը առաջնային դարձնելու եւ անոնց շուրջ հասարակութիւնը համախմբելու անհրաժեշտութիւնը:

Անդրադառնալով արցախեան տագնապիններկաները կարեւոր նկատած են հարցին վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշման եւ քայլերուն յստակացումն ու աշխուժացումը մտահոգութիւն յայտնելով վերջին ժամանակաշրջանին տագնապը երկրորդ գիծ մղելու միտումներուն առնչութեամբ:

Քննարկուած են շրջանին մէջ Թուրքիոյ աշխուժութեան լոյսին տակ Հայաստանի կողմէ անհրաժեշտ քայլեր եւ ռազմավարութիւն մշակելու անհրաժեշտութիւնը, Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու յստակ օրակարգ ձեւաւորելու խնդիրը, Ռուսիոյ եւ բնական այլ դաշնակիցներու հետ համագործակցութեան հեռանկարները:

Կարեւոր նկատուած է աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն համահունչ արտաքին քաղաքականութիւն իրականացնելու եւ շրջանային հաւանական վերադասաւորումներու պարագային շահեկան վիճակի մէջ գտնուելու հարցը, որ կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար եւ կարելի է լուծել միայն այն պարագային, երբ պետութեան մէջ առկայ ճգնաժամն ու խնդիրները յաղթահարուին:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.