İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Պիտի Գայ Պահը Վերականգնելու Արցախի Իրաւունքներն Ու Ամբողջական Սահմանները».

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Դրօշակ»-ի յունուար 2021-ի թիւին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը` երկու մասերով:

«ԴՐՕՇԱԿ».- Այս հարցազրոյցով պիտի ուզէինք կատարել անցնող տարուայ ընդհանուր ամփոփումը, սակայն մեր երկրին ու ժողովրդին պատուհասած ողբերգութիւնը, ցաւօք, թելադրում է կենտրոնանալու որոշակի իրադարձութիւնների վրայ: 2020 թուական մուտք գործեցինք, երբ միջին արեւելեան մեր համայնքները կ՛անցնէին բազում ցնցումներից, եւ հայութեան կողմից շարունակւում էր այդ բեռը ինչ որ չափով թեթեւացնելու ջանքը: Աւելի մեծ հոգսեր ու անելիքներ պարտադրեց «Քորոնա» ժահրը: Իսկ արդէն աշնանը գլխներիս պայթեց թուրք-ազրպէյճանական լծակից զոյգին հրահրած պատերազմը: Բնականաբար լարուած ճիգ ու ջանքի տարի եղաւ կուսակցութեան համար: Անշուշտ ողջ արուածը ներկայացնելու համար ասելիքը շատ ծաւալուն կարող է ստացուել, այնուամենայնիւ, եթէ հնարաւոր է ընդհանուր գծերով ներկայացրէք ՀՅԴ-ի նախաձեռնած եւ իրականացրած աշխատանքները:

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Այո՛, 2020-ը եղաւ պատուհասներու տարի: Այս տարին մուտք գործեցինք լիբանանեան տնտեսական ծանրացող տագնապին ու Սուրիոյ մէջ յամեցող պատերազմին հետեւանքներուն առթած վնասը դիմակայելու եւ այդ երկու երկիրներու մեր կարեւոր գաղութներուն բեռը թեթեւցնելու վճռակամութեամբ: Ասոր վրայ աւելցաւ «Քորոնա»-ի համաճարակը, որ ցնցեց միջազգային տնտեսութիւնը եւ մեծապէս խանգարեց մարդկութեան առօրեան: Օգոստոսին պատահեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, որ կրկին ցնցեց լիբանանահայութիւնը: Եւ տարին փակեցինք մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն պարտութեամբ, երբ կորսնցուցինք Արցախի Հանրապետութեան մեծ մասը, եւ համայն հայութիւնը մատնուեցաւ սուգի, յուսահատութեան եւ զայրոյթի: Հողային մեծագոյն կորուստներու կողքին մեր սրտերուն վրայ կը ճնշէր նաեւ հազարաւոր թանկագին նահատակներու եւ վիրաւորներու պարագան, որ ոչ նուազ ողբերգութիւն էր մեր ժողովուրդին համար:

Մեր ազգային կեանքն ու առօրեան պատուհասած այս անակնկալ պատերազմին զուգահեռ, սակայն, 2020 թուականը մեզի եւ մեր հաւաքական կեանքին համար խիտ ծրագրումներու եւ լարուած աշխատանքի տարի էր: Տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն քանի մը հատը յիշենք.

-2020-ի գարնան տեղի ունեցան Արցախի խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնները, եւ հայոց երկրորդ հանրապետութեան մեջ ձեւաւորուեցաւ նոր իշխանութիւն. ՀՅԴ-ն ԱԺ-ի մէջ ունեցաւ պատգամաւորական նոր խումբ, եւ հակառակ յաղթող կողմի գործադրած խախտումներուն ու պետական միջոցներու շահագործման բազմաթիւ պարագաներուն, որոշեցինք ընդունիլ արդիւնքը` Արցախի կայունութեան եւ անվտանգութեան հրամայականները նկատի առնելով.

– որպէս երկարատեւ ու հետեւողական աշխատանքի արդիւնք, Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցը յատկանշուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի 2 պալատներուն կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումով: Նոյնպիսի ջանքերու շնորհիւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանը.

– անընդհատ թափով շարունակուեցան աշխատանքները Արցախի անկախութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Հայաստանին ու Արցախին յատկացուող օգնութիւններու մեծացման ուղղութեամբ. աննախընթաց յաջողութիւն էին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին եւ Ծերակոյտին կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումի անհրաժեշտութեան մասին ընդունած բանաձեւերը.

– բազմաբնոյթ աշխատանքներու ծիրին մէջ, զգալի տեղ յատկացուեցաւ համավարակին յարուցած ընկերային-տնտեսական վատթար իրավիճակը մեղմելու քայլերուն: Ծաւալուն այդ աշխատանքներուն մէջ կը տեղաւորուէր Հայաստանի կարիքաւոր ընտանիքներուն բաշխուող օժանդակութեան «Օգնիր հայրենակցիդ» ծրագիրը: Այս ծրագիրը իրականացաւ ՀՅԴ համաշխարհային երիտասարդական կառոյցներու ջանքերով, եւ Հայաստանի ՀՅԴ ՆԱՈՒՄ-ի եւ ՀԵՄ-ի անմիջական գործադրութեամբ.

– Նոյն համավարակի, տնտեսական տագնապներու եւ Պէյրութի պայթումի աղէտին ենթարկուած Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութիւնն ալ հանդիսացաւ մեր ուշադրութեան կիզակէտը: Սուրիոյ պարագային անհրաժեշտ էր նաեւ շարունակել աշխատանքները պատերազմի պատճառած վնասները յաղթահարելու ուղղութեամբ: Կուսակցութեան կողքին, մեր երիտասարդական եւ ուղեկից միութիւնները, նամանաւանդ ՀՕՄ-ը, անցան ժրաջան աշխատանքի` հասնելու տարաբնոյթ ցնցումներէ տուժած լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան անմիջական կարիքներուն. խիստ գնահատելի էր նաեւ այն համահայկական զօրաշարժը, որ ստեղծուեցաւ հայրենի պետութեանց, հայ եկեղեցւոյ ու յարանուանութեանց եւ սփիւռքակեդրոն բոլոր համահայկական կառոյցներու կողմէ, որոնք միասնաբար կարողացան միլիոնաւոր տոլարներու օժանդակութիւն հասցնել լիբանանահայութեան.

– մշակուեցաւ յատուկ ծրագիր հայկական բանակին օժանդակելու նպատակով եւ ի գործ դրուեցաւ յուլիսեան պատերազմէն ետք: Այդ ծրագիրը ընդարձակուեցաւ աշնան, Արցախեան պատերազմին ընթացքին.

– աշխատանքային ծրագիր ալ կազմուած էր Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100-րդ տարելիցին ընդառաջ. աշխատանք մը, որ կը շարունակուի այսօր եւս.

– Արցախի հարցի հետապնդման գծով նախատեսուած Հայ դատի առցանց խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ 2020-ի դեկտեմբերին, քննարկելու համար պատերազմէն ետք Արցախի հարցի քաղաքական աշխատանքներու նոր ծիրը:

Միաժամանակ նշենք, որ նախատեսուած տարաբնոյթ աշխատանքներու մէկ բաժինը կարելի չեղաւ իրականացնել «Քորոնա»-ի պարտադրած սահմանափակումներուն պատճառով, կամ ալ իրագործուեցաւ այլ ձեւաչափով: Անոնցմէ գլխաւորներուն առանձին կ՛անդրադառնանք:

«ԴՐՕՇԱԿ».- 2020-ի սեպտեմբերի 27-ին, Արցախի դէմ լայնամասշտապ յարձակումից ժամեր անց, ՀՅԴ-ն յայտարարեց, որ կոչ է անում մէկ կողմ դնել ներքաղաքական տարակարծութիւնները եւ համազգային միասնութեամբ լծուել հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Հէնց ժամեր անց էլ Դաշնակցութեան առաջին վաշտը ճանապարհուեց մարտադաշտ, իսկ որոշ ժամանակ անց վերջինիս միանալու էին կուսակցութեան միւս վաշտերը: ՀՅԴ-ի ներգրաւուածութիւնը չսահմանափակուեց այս, առանց այն էլ ծանրակշիռ դերակատարութեամբ: Աշխուժ աշխատանքներ են ձեռնարկուել զանազան բնոյթի օժանդակութիւնների կազմակերպման ու դրանց խրախուսման, զանգուածային միջոցառումների կազմակերպման, քաղաքական-դիւանագիտական եւ այլ ուղղութիւններով: Մի փոքր ներկայացրէք նաեւ այս աշխատանքը:

Յ.Տ.Խ.- Պատերազմի բռնկումէն անմիջապէս ետք, ՀՅԴ-ն իր ուղեկից միութիւններnվ ու համակիրներով ծաւալեց հայրենիքի օժանդակութեան լայն տարողութեամբ աշխատանք` հետեւեալ չորս ուղղութիւններով.

ա.- Մարդուժի տրամադրում. 2016-ի ընդհարումներուն արդէն յայտնի էր դարձած կամաւորական ջոկատներու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը. ուստի, մենք նախաձեռնեցինք պահեստազօր ստեղծելու գործին, որպէսզի մարզուած մարդուժ տրամադրենք հայոց բանակին, երբ վտանգուին Հայաստանի ու Արցախի սահմանները: Այդ նախաձեռնութիւնը ապա ստացաւ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան հանգամանք եւ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան գործակցութեամբ թափ առաւ աշխատանքը:

Սեպտեմբեր 27-ին, թուրք-ազրպէյճանական-վարձկան հրոսախումբի յարձակումէն անմիջապէս ետք, մեր վաշտերու պատրաստուած տղաքըտարբեր խումբերով, մեկնեցան Արցախի ռազմաճակատ եւ, բոլորին վկայութեամբայդ կամաւորները ունեցան պատուաբեր եւ խիստ կարեւոր ներդրում Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան մէջ: Տուինք բազմաթիւ զոհեր, որոնց յիշատակին առջեւ ակնածանքով կը խոնարհինք, եւ ունեցանք բազմաթիւ վիրաւորներ, որոնց բժշկական եւ ընկերատնտեսական կարիքները պարտինք կարգաւորել համակուսակցական ճիգով: Հրադադարէն ետքն ալ մեր տղաքը լծուեցան Սիւնիքի պաշտպանութեան գործին:

Պահեստազօրի աշխատանքը կը շարունակուի այսօր ալ, որպէսզի միշտ ունենանք պատրաստ մարդուժ ի հարկին աջակցելու համար հայոց բանակին, մանաւանդ այս վերակազմաւորման շրջանին:

բ.- Քաղաքական աշխատանք. Մեծ թափ առին մեր մարմիններու, Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ճամբով տարուող քաղաքական շփումները եւ իրազեկման արշաւը: Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ու անկախութեան ճանաչման արշաւը արձանագրեց լուրջ յառաջխաղացք մանաւանդ Եւրոպայի մէջ. աշխարհով մէկ բարձրացաւ բողոքթուրք-ազրպէյճանական-վարձկաններ հրոսախումբի պատերազմական ոճիրներուն, ցեղապաշտական հայատեաց դրսեւորումներուն, փանթրքական եւ նոր օսմանեան նկրտումներուն եւ միջազգային օրէնքներու ոտնահարումներուն դէմ. շարք մը երկիրներու մէջ նախաձեռնեցինք օրէնքներու կամ կառավարական որոշումներու նախագիծերու կասեցնելու համար զինամթերքի հոսքը դէպի Ազրպէյճան. յատուկ յարաբերութիւններ մշակեցինք ՄԻՆՍՔ-ի համանախագահող երկիրներու, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Եւրոպական միութեանօրէնսդիր օղակի, գործադիր իշխանութեան եւ դեսպանութիւններու հետ. դատապարտեցինք Ազրպէյճանի եւ յատկապէս Թուրքիոյ դերը հայութեան դէմ սանձազերծուած հայատեաց ցեղապաշտական արշաւին եւ նորօսմանեան ծրագիրներ առաջ քշելնուն մէջ. եւ վերջապէս միջազգային քաղաքական շրջանակներուն բացատրեցինք Թուրքիոյ` հարաւային Կովկաս թափանցելու ճիգերը եւ Արցախեան բանակցութիւնները կասեցնելու կործանարար դերը:

գ.- Քարոզչական եւ ցուցական գործունէութիւն. Ազրպէյճան եւ Թուրքիա աշխարհով մէկ կազմակերպեցին քարոզչական ապատեղեկատուական գրոհ արդարացնելու համար իրենց յարձակողապաշտ միտումները. պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, եւ մինչեւ այսօր, կազմակերպուած սուտերով ողողեցին եւ կ՛ողողեն միջազգային մամուլը, հեռատեսիլը, ձայնասփիւռի ալիքները, կայքէջները եւ ընկերային ցանցերըծաւալելով արհեստավարժ, համադրուած եւ մեծածախս քարոզչութիւն: Այդ գրոհին հակադարձելու եւ հայկական տեսակէտները ներկայացնելու համար մեր բոլոր հնարաւորութիւններով կազմակերպեցինք բազմաշերտ արշաւ: Առաւել շղթայազերծեցինք ցուցական արարքներ համաշխարհային մայրաքաղաքներու մէջԹուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու դիմաց: Անհրաժեշտ էր մեր թշնամիներուն ցոյց տալ, թէ միակամ է աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ հաստատակամ իր հայրենիքի պաշտպանութեան մտադրութեան մէջբոլոր ճակատներու վրայ: Եւ հայութիւնը կարողացաւ իսկապէս բռնցքուիլ մէկդի դնելով բոլոր ներքին տարակարծութիւնները, որպէսզի նպաստէ պատերազմին յաջող ելքին:

դ.- Հանգանակութիւններ. Համահայկական հանգանակութիւնները մեծ յաջողութեամբ ընթացան ու աւելի փոքր տարողութեամբ դրամահաւաքներ այսօր ալ կը շարունակուին: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը անմիջապէս արձագանգեց նիւթական ապահովելու Հայաստանի եւ Արցախի կոչին եւ տրամադրեց աւելի քան 170 միլիոն տոլարի գումար «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին:

Հանգանակութեան նպատակն է հասնիլ Արցախեան պատերազմին իբրեւ հետեւանք խնդիրներ դիմագրաւած զինւորականներու եւ կամաւոր ազատամարտիկներու բժշկական-ընկերային-տնտեսական-բնակարանային, ինչպէս նաեւանապաստան եւ անօթեւան ընտանիքներու ապրուստի էական կարիքներուն: Անթոյլատրելի է անշուշտ, որ այդ գումարները յատկացուին այլ նպատակներու, պարզապէս ֆինանսաւորելու համար պետութիւնը: ՀՅԴ-ն ժողովուրդին կոչ ուղղեց անվերապահ մասնակցելու այդ հանգանակութեան: Ուրախութեամբ նկատեցինք, որ աշխարհասփիւռ մեր մարմինները, միաւորները, ուղեկից միութիւնները (մանաւանդ ՀՕՄ-ը), հաստատութիւններն ու համակիրները անվերապահօրէն կատարեցին իրենց «պարտք»-ը եւ լայն բացին իրենց քսակները:

Այս բոլորը կատարուեցաւ, հակառակ այն իրողութեան որ Սեպտեմբերեան պատերազմին նախորդող մէկ տարուան ընթացքին այլ հանգանակային նպատակներու համար շարունակաբար դիմած էինք մեր ժողովուրդին` հասնելու համար Միջին Արեւելքի, եւ մասնաւորաբար Լիբանանի ու Սուրիոյ տագնապահար հայութեան բազմաթիւ կարիքներուն:

Ինչպէս արդէն անդրադարձայ, այսօր ալ կը շարունակուին հանգանակութեամբ գումարներ ապահովելու աշխատանքները: Բնականաբար հիմա պիտի կեդրոնանանք Արցախի վերաբնակեցման ծրագիրներուն եւ Հայաստանի մէջ ապաստանած, թէ Արցախ վերադարձած անօթեւան ժողովուրդին ընկերատնտեսական կարիքներուն վրայ:

«ԴՐՕՇԱԿ».- Յայտնի է, որ պատերազմական օրերին, գործակցութեան նպատակով, շփումներ են եղել նաեւ Հայաստանի վարչապետի հետ: Միւս կողմից այսօր Դաշնակցութիւնը պահանջում է Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Եթէ կարելի է անդրադարձէք եւ այս հարցերին:

Յ.Տ.Խ.- Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը միշտ ձգտած է կապ պահել երկրի բարձրագոյն ղեկավարին հետ, որպէսզի կարծիքներու ուղղակի փոխանակում կատարուի, կարողանայ առաջին աղբիւրէն տեղեկութիւններ ստանալ եւ միաժամանակ փոխանցել իր տեսակէտներն ու կեցուածքները: Վարչապետին հետ երկար ժամանակէ ի վեր այդ հաղորդակցական կապը չկար, բայց պատերազմական օրերուն եւ անոր ճիշդ նախորդող շրջանին, մենք քանի մը հանդիպումներ ունեցանքհիմնականին մէջ փոխանցելու համար մեր մտահոգութիւնները եւ լսելու պատերազմական զարգացումներու պաշտօնական վերլուծումը: Պատերազմի ընթացքին փոխանցած էինք նաեւ, որ, հակառակ մեր ունեցած հիմնական տարակարծութիւններուն, մենք պատրաստ ենք այլ հարցեր մէկ կողմ դնել եւ կեդրոնանալ հայ պետականութեան ու բանակի օժանդակութեան խնդրին վրայ, Արցախի պատերազմին ապահովելու համար հայութեան յաղթանակը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մեր առաջին հանդիպումներուն փոխանցած էր իր գնահատանքը, որ Դաշնակցութիւնը առաջին օրէն մարդուժով մասնակցած էր պատերազմին եւ նաեւ համահայկական-համաշխարհային առումով քաղաքական, քարոզչական եւ հանգանակային աշխատանք կը տանէր, որպէսզի հայանպաստ ելք ունենայ պատերազմը: Դժբախտաբար, սակայն, այդ հանդիպումներու ընթացքին եւ անկէ դուրս անկեղծ եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններու փոխանցում չեղաւ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ, նոյնիսկ երբ այդ ներկայացուցիչները կ՛ընդունէին, թէ իրավիճակը շատ աւելի վատ էր, քան հրապարակային պաշտօնական տուեալները:

Մենք ալ, անդրադառնալով հանդերձ որ պաշտօնական տեղեկութիւնները չէին համապատասխաներ իրական կացութեան, ընդունելով նաեւ, որ պատերազմական իրավիճակ էր, ռազմական դրութիւն գոյութիւն ունէր եւ պարտաւոր էինք չհակասելու պետական-պաշտօնական տեղեկատուութեանց, մնացինք զուսպ. անշուշտ շատ ծանր կը կշռէր մեր խղճին վրայ այն հանգամանքը, որ հայկական կողմը ունէր բազմաթիւ զոհեր, մեծ թիւով վիրաւորներ եւ պատերազմի հայանպաստ ելք չէր ուրուագծուեր: Բան մը, որ կը ժխտուէր իշխանութեան կողմէ եւ կ՛ըսուէր, որ մենք այլընտրանք չունինք` բացի մինչեւ վերջ պայքարելէ:

Պատերազմի ընթացքին ի յայտ եկան մեծ դժուարութիւններանկազմակերպ վիճակ, զօրակոչի անկանոն յայտարարութիւններ, քաղաքական անտեղի միջամտութիւններ եւ ռազմաճակատի վրայ լուրջ ձախողութիւններ: Մեզի համար անընդունելի էր այն իրողութիւնը, որ ունէինք բարձրաստիճան փորձառու սպաներ, որոնք որքան ալ տարակարծիք ըլլային այս իշխանութեան կեցուածքներուն նկատմամբ, իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած էին օժանդակելու պատերազմի գործողութիւններուն եւ իրենց ունեցած հեղինակութիւնն ու կարողութիւնը տրամադրելու հայ բանակին: Պատասխանը միշտ եղած էր նոյնը կտրուկ մերժում: Յամենայնդէպս, արդիւնքը արդէն յստակ է, պատերազմի ընթացքի մասին տակաւին կան շատ մութ կէտեր, որոնց ակնարկած էր նոյնիսկ Արցախի նախագահը իր ուղերձին մէջ, եւ որոնք վստահաբար պիտի բացայայտուին:

Այս բոլորը ստեղծեց ներազգային շատ վատ մթնոլորտ: Պատերազմի աւարտէն ետք, երբ յստակացաւ ազգային աղէտին տարողութիւնը, մեզի համար բացայայտ դարձաւ, որ որեւէ ելք չկայ այս կացութենէնբացի հող յանձնած եւ ծանր պարտութեան առաջնորդած Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականէն եւ այս իշխանութեան հեռացումէն: Պարզ է, որ պարտուած ու պարպուած վարչապետը, ամէն ինչ յանձնելու տրամադրութեան մէջ գտնուող անձը, ազգը սուտերով ապակողմնորոշած ղեկավարը չի կրնար որեւէ հայանպաստ կեցուածք ապահովել միջազգային ուժերէն, կամ իսկապէս դիմադրել մեր թշնամիներուն Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի բոլոր նկրտումներուն. էական է վայրկեան առաջ փոխարինել զինք, որպէսզի ազգային գաղափարախօսութեան հիմքերով ամուր վարչապետ մը` շրջապատուած փորձառու եւ կարող ուժերով, ստեղծէ ատակ, ազգանուէր դէմքերով կառավարութիւն, ստանձնէ սանձը այս երկրին, կարողանայ յոյսը վերադարձնել մեր ժողովուրդին եւ ձեռք բերէ հայանպաստ արդիւնքներ չարաբաստիկ Յայտարարութեան անորոշ կէտերուն վերաբերեալ եւ ապագայ բանակցութիւններու ընթացքին:

(Շար. 1)


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.