İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Յունաստանի Դեսպանը

Ուրբաթ, 29 յունուար 2021-ի առաւօտուն, Լիբանանի մէջ Յունաստանի Հանրապետութեան նոր նշանակուած դեսպան Էքաթերինի Ֆունթուլաքի այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ յատկապէս Լիբանանի հայ համայնքին:

Վեհափառ հայրապետը անհրաժեշտ բացատրութիւնները տուաւ դեսպանին` ներկայացնելով Լիբանանի հայ համայնքին կառոյցները եւ անոր քաղաքական դերակատարութիւնը: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ սփիւռքի հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Արցախի պատերազմին, շրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան, հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ Յունաստանի հայութեան առնչուած հարցեր:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.