İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 1000 Կարիքաւոր Ընտանիքներու Նիւթական Աջակցութիւն Կը Կատարէ

Երէկ Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ գրառումը կատարեց դիմատետրի վրայ.

«Այսօր հոգեկան գոհունակութեան օր մըն էր ինծի համար: Արդարեւ, կաթողիկոսարանին կողմէ հերթաբար եւ յաճախ լուռ ու լուսարձակներէ հեռու կերպով կատարուող օժանդակութիւններու շարքին, այսօր կրցանք համայնքային կառոյցներու ճամբով 1000 կարիքաւոր ընտանիքներու նիւթական աջակցութիւն կատարել: Երկրէն ներս ստեղծուած տնտեսական ահաւոր դժուարութիւններուն դիմաց պիտի շարունակենք, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, մեր զաւակներու կարիքներուն առաւելագոյն չափով հասնիլ:

Ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաջնահերթ պարտաւորութիւններէն մէկն էհետեւելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին: Եկեղեցին կոչուած է հաւատարիմ ըլլալու իր քրիստոսատուր կոչումին:

Իմ բարձր գնահատանքս կ՛ուզեմ յայտնել այն բոլոր ազգայիններուն ու մարմիններուն, որոնք օգտակար կը հանդիսանան մեր ժողովուրդի կարիքներուն` Հայաստանի, Արցախի ու Լիբանանի մէջ եւ բոլոր գաղութներէն ներս:

Հայրաբար անգամ մը եւս կը յիշեցնեմ նիւթական կարելիութիւններով օժտուած ազգայիններուն. Աստուծոյ կողմէ ձեզի պարգեւուած բարիքներէն բաժին հանեցէք մեր եկեղեցւոյ, մեր կառոյցներուն ու ընտանիքներուն»:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.