İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ժամանակակից Հեքիաթ` Մեծերու Համար

ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

Այս օրերուս մեծերն ալ պէտք ունին հեքիաթ լսելու:

Ահաւասիկժողովրդական աւանդազրոյց մը, որ կը կոչուի «Կրակ ու Ջուր»: Յիշող կա՞յ պատմասաց Ալիծ Աղպապեանը, որ ժամանակին մէկ հայկական վարժարանէն միւս հայկական վարժարանը երթալով հայկական հեքիաթներ կը պատմէր փոքրերուն: Կ’անդրադառնա՞նք երբեմն, թէ ան որքա՛ն հաւատքով, գուրգուրանքով փարած է հայ մշակոյթը մանկահասակներուն ծանօթացնելու աշխատանքին եւ իր անձնական միջոցներով ձեռնարկածհայերէն պատմուածքներու Ծիլ ու ծառ մատենաշարի հրատարակման: «Կրակ ու Ջուր» աւանդազրոյցը մաս կը կազմէ այդ շարքին եւ զայն պատմել սկսելէ առաջ շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել տիկին Ալիծին անձնական համոզումներուն հաւատարիմ մնացած ըլլալուն եւ ինզինք գաղափարի մը նուիրած ըլլալուն համար: Ան կը հաւատայ, որ փոքրիկները հայերէն պատմուածքներ լսելով պէտք է մեծնան, եւ անվհատ կը շարունակէ բառ ու երգ մատուցել ապագայի մեծերուն: Բայց միտքէն անցա՞ծ է արդեօք, որ իր պարզացուցած եւ մատչելի հայերէնով մատուցած պատմութիւնները կրնան շա՛տ յարմար ըլլալ նաեւ մեծերուն:

Երեւակայութեանս թափ տալով եւ որոշ փոփոխութիւններ մտցնելով պատմութեան մէջ` ես պատմեմ, իսկ դուք մտովի ունկնդրեցէ՛ք.

«Ժամանակին Կրակն ու Ջուրը քոյրիկ-աղբարիկ էին: Միասին կը խաղային, աւազէ դղեակներ կը շինէին ու կը քանդէին, պահուըտուք կը խաղային, իրարու ետեւէ կը վազէին. մէկ խօսքով, միասին շատ բաներ կ’ընէին եւ գոհ էին իրենց կեանքէն:

Օր մըն ալ, ինչպէս երբեմն կը պատահի քոյրերու եւ եղբայրներու միջեւ, գժտուեցան: Պատճա՞ռը` ամէն մէկը ինքզինք գովելու սկսած էր եւ ինքզինք դիմացինին հետ կը բաղդատէր. կը մէջբերեմ.

– Զօրաւո՛ր եմ,- կ’ըսէր Կրակը:

– Ես քեզմէ աւելի՛ զօրաւոր եմ,- կ’ըսէր Ջուրը:

– Ես խոտը կ’այրեմ,- կը յոխորտար Կրակը:

– Ես ալ կրակը կը մարեմ,- կը պատասխանէր Ջուրը:

– Լեռները կրակի կու տամ,- կ’ըսէր Կրակը:

– Ես ալ ամպերէն կ’իջնեմ ու բոցերդ կը մարեմ,- կը պատասխանէր Ջուրը:

Օր մը այնքա՛ն բարկացան, որ որոշեցին չխօսիլ իրարու հետ եւ բաժնուեցան: Կրակը բարձրացաւ լերան գագաթը, Ջուրը մնաց անոր ստորոտին: Անցաւ երկա՜ր ժամանակ: Իւրաքանչիւրը ծառերու, քարերուն, երկնքի աստղերուն դիմատետրեան լեզուով բարկացկոտ ու նոյնիսկ անկիրթ բառեր կը ղրկէր եւ արձագանգ ստանալովկ’ուրախանար: «Օ՜խ» կը մտածէր Կրակը. «Աստղերը հետս են, ինծի պէս կրակ ու բոց եւ այնքա՛ն մօտ ինծի»: «Ա՜հ» կը մտածէր Ջուրը. «Սա թուփը շա՛տ պէտք ունի ինծի. ջուր կու տամ իրեն կը կանաչնայ. ինչո՞ւս պէտք` եղբայր-մեղբայր, մինակս շատ ալ լաւ մէջէն կ’ելլեմ»:

Անցան օրե՜ր, շաբաթնե՜ր: Ու թէեւ դեռ բարկութիւնը կը յամենար իրենց մէջ, կարօտի պէս բան մըն ալ կը կրծէր իրենց հոգին: Կը յիշէին իրենց մանկութեան օրերը, երբ պապա Կրակին եւ մամա Ջուրին հետ պտոյտի կ’երթային եւ անտառին չար գազանները թակարդի մէջ բռնելու ձեւերու մասին կը խորհէին միասին: Պապան կ’ըսէր. « եթէ իրակա՛ն հաւատք ունենաք, ամէն բանի մէջ կը յաջողիք», իսկ մաման կը շեշտէր կարեւորութիւնը ազնուական մնալու, միշտ զիրար յարգելու եւ իրարու նեցուկ ըլլալու: Հիմա ո՛չ պապան կար, ո՛չ մաման: Կրակն ու Ջուրը առանձին-առանձին կը կարօտնային զիրենք. կ’ուզէին, որ վերայայտնուէին յանկարծ եւ խորհուրդ տային: Ի զուր: Մայրամուտին, երբ հորիզոնը կը բոցավառէր, Կրակը կը կարծէր տեսնել հայրը, բայց ան լուռ էր. կարծես կ’ուզէր, որ ի՛նք լուծէր իր հարցերըի՛ր ողջմտութեամբ: Առտու կանուխ աղջամուղջին, երբ մշուշը կը պատէր դիմացի լիճը, Ջուրը կը կարծէր տեսնել մայրըկապոյտ, գրեթէ թափանցիկ շղարշներով պարուրուած. «Մա՛մ, ի՞նչ ընեմ, ինչպէ՞ս ընեմ: Կ’ուզեմ հաշտուիլ եղբօրս հետ, բայց հպարտ եմ, ինքն ալ ինձմէ պակաս չէ. ի՞նչ պէտք է ընեմ, ըսէ՛»: Կապոյտ կերպարանքը յուշիկ քայլերով կը սահէր ջուրին երեսին ետին ձգելով ծաղիկի ճերմակ թերթեր. կարծէք ըսել կ’ուզէր. «Մեծ էք այլեւս, մեր տեղը առեր էք, մտածեցէ՛ք մեծի պէս…»:

Ո՞վ զիջեցաւ ամէնէն առաջչեմ գիտեր. կարեւոր ալ չէ: Կարծեմ երկուքն ալ նոյն ատեն զիջեցան եւ անդրադարձան, որ իրարու պէտք ունին անտառի գազանները իրենց հողէն դուրս պահելու համար: «Խե՞նթ ենք ի՛նչ ենք» բացագանչեցին միաձայն: Եւ ահա օր մը, երբ Կրակը ասդին-անդին այրելէ ետք յոգնա՜ծ նստած էր քիչ մը հանգիստ ընելու, Ջուրը մօտեցաւ իրեն եւ վայրկեան մը դադրեցաւ հոսելէ. այնքա՜ն պաղած էր սրտնեղութենէն, որ… սառոյցի վերածուած էր գրեթէ:

– Քոյրի՛կ, այս ի՛նչ վիճակ է, սառեր ես, եկո՛ւր` քեզ տաքցնեմ:

Եւ ան քիչ մը հուր տուաւ քնքո՜ւշ շոյանքով:

– Աղբարի՛կ,- ըսաւ քոյրը:- Հապա քո՞ւ վիճակդ. ինքզինքդ հալեցուցեր ես ու մաշեր. եկո՛ւր` քեզ զովացնեմ:

Եւ ան ջուր տուաւ եղբօրը մեղմի՜կ հոսանքով:

Այսպէս, աղբարիկն ու քոյրիկը հաշտուեցան»:

Հոս կը վերջանայ աւանդազրոյցը, բայց ի՞նչ արգելք կայ, որ մենք շարունակենք զայն` մեր երեւակայութեան եւ ներաշխարհի մղումներուն թափ տալով:

Ուրեմն շարունակեմ:

Կէսօր էր, արեւուն ճառագայթները կը սողոսկէին անտառի ծառերուն արանքներէն եւ արծաթ գիծեր կը ղրկէին ամէն կողմ: Կրակն ու Ջուրը կը քալէին կողք-կողքի եւ մերթ ընդ մերթ խօսք մը կը փոխանակէին, երբ յանկարծ արծաթ շողերուն մէջէն ծերունի մարդ մը դէպի զիրենք սկսաւ յառաջանալ: Ո՞վ էր արդեօք: Երկվայրկեան մը իրենց թուեցաւ, որ տասնիններորդ դարու ակնոց կը կրէր. երկվայրկեան մը ետք ակնոցը չքացած էր եւ լայնատարած ճակատ մը սուր նայուածքի մը հովանին ըլլար կարծես. յաջորդ երկվայրկեանին նոյնանման ճակատին տակ կը գծուէր սուր ու երկար քիթ մը` հանգչած նոյնքան սուր ու մօրուքաւոր կզակին վերեւ:

Դէմքը անդադար կ’այլակերպուէր այսպէս. միայն մէ՛կ բան հաստատ կը մնար յարափոփոխ դիմապատկերին վրայ. այն ալ խորու՜նկ տխրութեան ստուերն էրթանձր մշուշի պէս նստած ճակատին:

Կորաքամակ ծերունին գաւազանի մը յենած` հազի՜ւ կրնար քայլերը առաջ նետել: Քանի՞ տարեկան էր արդեօք, իննսո՞ւն. հարի՞ւր, հարիւր երեսո՞ւն, կարելի չէր գուշակել:

Տխուր-տխուր մօտեցաւ ու շնչահատ` ըսաւ. «Պարպած ե՜ն»:

Քոյր ու եղբայր զարմացած նայեցան իրարու. «Ի՞նչը պարպած են»:

Ծերունին երկա՜ր նայեցաւ անոնց իր մոխրագոյն ու մշուշոտ նայուածքով եւ դժուարութեամբ արտաբերեց. «Էութի՜ւնը պարպած են» ու շարունակեց տնքալով յառաջանալ: Ջուրը, որուն մարմինը աւելի ճկուն էր, քան եղբօրը, նազելի շարժումով մը ջրային շրջանակ մը կազմեց խորհրդաւոր ալեւորին շուրջ եւ հարցուց. «Հայրի՛կ, ի՞նչ է էութիւնը, ի՞նչ կ’ըսէք, չենք հասկնար»:

– Էութի՛ւնը, ջրածի՛ն, ան է, որ իմաստ կու տայ արարքիդ: Երբ նպատակդ իրակա՛ն նպատակ է, մնացեալ ամէն ինչը անկարեւոր կը դառնայ, որովհետեւ ան, որուն կը ձգտիս, քու գոյութեանդ իմա՛ստն է:

Կրակ ու Ջուր իրարու նայեցան կարկամած: Տարտամօրէն կը յիշէին մամային ու պապային խօսքերը: Անոնք ալ դժուար իրագործելի նպատակի մը հասնելու մասին խօսած էին ժամանակին. «Առանց յոյսի եւ առանց յուսահատութեան»… բառերը կը զնգային Կրակին բոցէ ականջներուն մէջ հիմա:

Ծերունին վայրկեան մը կեցաւ, խորո՜ւնկ շունչ քաշեց եւ շշնջաց. «Մոռցեր ե՜ն»:

Քոյր ու եղբայր հարցուցին. «Ի՞նչը մոռցեր են»:

– Պատմութի՛ւնը, ճշմարտութի՛ւնը, առաքինութի՛ւնը… մոռցեր ե՜ն:

Ու շարունակեց.

– Մոռցեր են խօսիլը, զիրար մտիկ ընելը, զիրար հասկնալը… մոռցեր ե՜ն: Մնացեր է սպառնալիքը, պատիժը, զիրար այպանելը…

Ծերունին նստաւ ժայռի մը վրայ ու տնքաց:

Կրակն ու Ջուրը շրջապատեցին զինք.

– Պապի՛կ, ըսէ՛` ի՞նչ կրնանք ընել, որ ցաւդ մեղմանայ:

Ջուրը ըսաւ. «Ես կրնամ լա՜ւ մը լուալ միտքդ ու հոգիդ»:

Կրակը ըսաւ. «Ես կրնամ այրել բոլո՜ր ցաւերդ եւ մոռացութեան տալ ամէն բան. կ’ուզե՞ս հուրերս, հա՛յրիկ»:

Ծերունին խոր հառաչեց, գլուխը բացասական ձախ ու աջ օրօրեց, քիչ մը մտածեց ու ըսաւ.

– Շա՜տ հեռու տեղերէ եկայ եւ պէտք է վերադառնամ հոն, ուր ընկերներս զիս անհամբեր կը սպասեն. ահաւասիկ` նամակ մը, զոր բոլորը գրած են, պիտի դնեմ այս ժայռին տակ ու վերադարձի ճամբաս բռնեմ: Յոյսս դո՛ւք էք, ընկերներ: Կը խոստանա՞ք, որ միայն անհետանալէս ետք պիտի կարդաք պատգամս:

Կրակն ու Ջուրը նախ իրարու նայեցան, կարծես վստահ ըլլալու համար որ վստահութիւն ունէին իրարու հանդէպ. յետոյ միասին բացագանչեցին.« անշո՛ւշտ»:

Ալեհեր ծերունին գրպանէն հանելով գունաթափ թուղթ մը, դժուարութեամբ ծռեցաւ եւ ժայռին տակ զետեղեց ընկերներուն պատգամը: Յետոյ ճիգ ըրաւ խրոխտ կեցուածք ընդունելու, շտկեց այդ պահուն խոհուն աչքերը ծածկող կլոր ակնոցները եւ հրաժեշտ առնելով ըսաւ.

– Դո՛ւն, Կրա՛կ, Վահագնի՛ ծնունդ, հսկէ՛ կիրքերուն վրայ, այրէ՛ վնասակարները եւ կայծ տո՛ւր տեսլականի ներշնչումին:

– Ջո՛ւր ջրածին, Նարի ծնունդ, մարէ՛ վնասակար կիրքերը եւ ամոքէ՛ վէրքերը:

Ու հեռացաւ:


Արեւը շատո՜նց տկարացած էր, երբ քոյր ու եղբայր միաժամանակ ծռեցան եւ ժայռին տակէն հանեցին թուղթը: Ու թէեւ Կրակը ակամայ քիչ մը այրեց նամակին անկիւնները, ու թէեւ Ջուրը ակամայ թրջեց եւ անընթեռնլի դարձուց որոշ գիրեր, բայց անոնք կրցա՛ն վերծանել ծերունիին եւ ընկերներուն գրութիւնը:

Մագաղաթի նմանող էջին ձախ կողմը, տերեւներու կողքին դրուած, խնամուած գիրով նախադասութիւններ կային:

Առաջին տերեւին քովինը կ’ըսէր. «Անձերու շուրջ մի՛ հաւաքուիք, այլ` գաղափարներու»:

Կրակը գլուխը քիչ մը քերեց եւ աւելի այրեցաւ, բայց շարունակեց.

Երկրորդ տերեւը« Խուսափեցէ՛ք կաղապարներու մէջ մնալէ, մանաւա՛նդ քառակուսի կաղապարներու»:

Ջուրը փռնգտաց եւ աւելի՛ թրջուեցաւ. ինք ո՜ւր, քառակուսիներըո՜ւր. ինք հոսող ջուր էր ազատ եւ անկաշկանդ. բայց շարունակեց.

Երրորդ տերեւը«Չի՛ բաւեր ըսել «Մենք մեծ ընտանիք ենք». վարուեցէ՛ք մեծ ընտանիքի մօտի՛կ անդամներու պէս»: Հոս` Կրակն ու Ջուրը իրարու նայեցան, եւ Կրակը աւելի շիկնեցաւ, ու Ջուրը աւելի կապոյտ դարձաւ: Յիշեցին անցեալ ամսուան քէնը եւ քիչ մը ամչցան:

«Ներքին թշնամի մի՛ փնտռէք ձեր մէջ: Թշնամին դուրսն է», գրուած էր չորրորդ տերեւին կողքին: Քոյր ու եղբայր յիշեցին անտառին գազանները, որոնք ամէն օր, ամէն վայրկեան կը սպառնային իրենց հողին, ժայռերուն, բլուրներուն գոյութեան եւ քիչ մը աւելի ամչցան:

«Մի՛ պատժէք զիրար, այլ եղէք իրարու հաւասար», կը պատգամէր հինգերորդ տերեւին կողքինը:

– Ի՞նչ ըսել կ’ուզէ այս մէկը. չհասկացայ,- հարցուց Ջուրը:

– Ըսել կ’ուզէ, որ եթէ ես քեզմէ զօրաւոր եմ, չի նշանակեր որ քեզ պէտք է այրեմ:

– Նորէն մի՛ սկսիր,- ըսաւ Ջուրը:- Ես ալ կրնամ ըսել, որ եթէ ես քեզմէ զօրաւոր եմ, չի նշանակեր, որ քեզ պէտք է մարեմ:

– Իրաւունք ունիս, Ջո՛ւր, բերնէս փախաւ: Մենք հաւասար ենք. հիմա կը հասկնա՞ս. ըսել կ’ուզէ` չենք կրնար օրէնքի եւ իրաւունքի անունով, բայց առանց իրաւասութեան հաւասարութիւնը խախտել:

«Թէեւ ամէն մարդ իր իրականութիւնը ունի եւ իր հաւատացածը ճիշդ կը նկատէ, սակայն մէ՛կ ճշմարտութիւն կայ, որուն պէտք է ձգտիլ», կ’ըսէր վեցերորդ տերեւին կցուած պատգամը:

Անտառին շոճիներու սօսափիւնը լսուեցաւ: Իւրաքանչիւրը նախ առանձին սկսաւ տարուբերել կանաչաւուն գլուխըկարծես նշան տալով քովիններուն, որ միանան սկսելիք համանուագին, եւ յետոյ բոլո՜ր ծառերը մօտեցուցին-հեռացուցին իրենց շարժող գլուխները խարշափ-խարշափ «ճշմարտութիւն» շշնջալով:

– Կրա՛կ,- հարցուց Ջուրը,- բան մը եւս կը չարչրկէ միտքս. ինչո՞ւ վերածուած ենք փոխաբերական հեքիաթի հերոսներու:

– Որովհետեւ,- ըսաւ Կրակը,- որովհետեւ… ծերունիին ըսածին պէս` մարդիկ միա՛յն կաղապարուած, վերէն տրուած գաղափարներ կրնան գրել եւ ազատ չեն այլեւս: Իսկ ան, որ ազատ կարծիք կը փորձէ տալ, չարախօս վերաբերմունքի կ’արժանանայ…

Հեռուն, անտառին արեւելեան կողմը գայլերը կ’ոռնային, վախազդու աչքերով բորենիները կը պատրաստուէին իրենց սուր ակռաներով նորանոր դիակներ համտեսելու, օձերը կը սուլէին եւ ֆշշալով կը գալարուէին` նոր թակարդներ լարելով:

Թշնամին կը յառաջանար դէպի հող, ազատ կարծիք, ճշմարտութի՛ւն:

Կրակը պոռաց` ԿՐԱ՛Կ:

Ջուրը ըսաւ` ԿՈՂՔԻԴ ԵՄ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.