İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Գ. Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը Լիբանանի Հայկական Դպրոցներուն 700 Համակարգչային Սարքեր Նուիրեց

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը, Լիբանանի հայ կրթական հաստատութիւններուն աջակցելու իր ռազմավարութեան համաձայն, երկրին 17 հայկական դպրոցներուն նուիրեց 650 գրասալիկներ (tablet) եւ 50 համակարգիչներ:

Պսակաձեւ ժահրին պատճառով, առցանց ուսուցումը դարձաւ կրթական գործունէութեան կարեւոր բաղադրիչը ամէնուրեք: Այնուամենայնիւ, Լիբանանի մէջ դպրոցական տարիքի հազարաւոր աշակերտներ դժուարութիւն ունին ամբողջական կերպով հետեւելու առցանց դասերուն՝ համապատասխան սարքաւորումներու բացակայութեան պատճառով:

Երկրին տնտեսական ճգնաժամին եւ անկայունութեան գումարած 2020ի Օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումը հայ համայնքին զգալի վնասներ եւ նիւթական կորուստներ պատճառեց, որուն հետեւանքով բազմաթիւ ընտանիքներ եւ դպրոցներ աշակերտներուն անհրաժեշտ սարքեր տրամադրելու միջոցները չունին:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կը շարունակէ համագործակցիլ Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններուն հետ: Համակարգչային սարքերու նշեալ նուիրատուութիւնը մասնիկն է կրթական հատուածին ուղղուած զանազան ծրագիրներուն: Հիմնարկութիւնը կ՛աջակցի նաեւ արեւմտահայերէնի աշխուժացումը հետապնդող տարբեր նախաձեռնութիւններու:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.