İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Եկեղեցիներու Միութեան Առցանց Աղօթքին

Կիրակի, 24 յունուար 2021-ին տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն` «Աղօթքի շաբաթ եկեղեցիներու միութեան համար», կազմակերպութեամբ Միջեկեղեցական երկխօսութեան յանձնախումբին:

1908 թուականէն ի վեր հաստատուած գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի, աշխարհի տարածքին եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ միատեղուելով, յունուարի երրորդ շաբթուան ընթացքին կը կատարեն եկեղեցիներու միութեան աղօթք: Այս տարի, «Քորոնա» ժահրին ստեղծած ոչ բնական պայմաններուն պատճառով յիշեալ արարողութիւնը կատարուեցաւ առցանց դրութեամբ: Յիշենք, որ 2019-ին վերոնշեալ աղօթքի արարողութիւնը տեղի ունեցած էր Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պատգամ մը ուղղած էր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն եւ ժողովուրդին:

Այս տարի աղօթքի մասնակցեցան աւելի քան 42 ներկայացուցիչներ: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ` արաբերէն աղօթքի ընթերցումով, Սարգիս աբղյ. Աբրահամեան:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.