İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Անկրկնելի Հալէպը. Վեհանձն Արաբներ

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Արցախեան քառասունչորս օրերու պատերազմի նախօրեակին, Թուրքիոյ բռնատէրի օսմանեան սուլթանական կայսրութիւնը վերականգնելու բացայայտ ախորժակներու մասին, քաղաքական լուրերու ունկնդրութեան պահուն, դէպի Լիպիա առաքուած զօրքերու առիթով, իւրաքանչիւր հայրենասէր սուրիացիի սիրտ կը խոցէր «Սուրիացի վարձկաններ» յորջորջումը լսելով:

Բոլորիս համար յստակ էր, որ այդ արարածները Սուրիոյ մէջ ապրած թուրքմէն փոքրամասնութենէն կը սերին, որոնք ուռճացան քսանմէկերորդ դարու առաջին տասնամեակին, անոնք կը հովանաւորուէին թուրք պետութեան կողմէնիւթական օժանդակութիւններ ստանալով, յատկապէս հիւսիսի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Այս տարրը շուրջ երկու դարեր առաջ, Օսմանեան կայսրութեան օրերուն բերուած էր Ասիոյ խորերէն:

Սփիւռքի ծննդատունը Սուրիոյ անապատը եղաւ, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողները իրենց առաջին գուրգուրանքը գտան այդ հողին վրայ, շունչ առին եւ անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին հինգ կամ վեց սերունդներ աշխարհ եկան, բազմացան եւ ցրուեցան երկրագունդի չորս դին:
Դրացի թուրք ոսոխը, որ կանգնած է Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, այդ երկիրներու տարածքներէն խլած հողերուն վրայ, մոնկոլական եւ թաթարական բնազդներով, միշտ խորթ աչքով դիտած է հայրենամերձ մեր գաղութները եւ շուրջի երկիրներու իրարու հանդէպ բարի դրացնութիւնը` որոմ սերմանելով եւ կրօնական զգացումներու հրահրումին վրայ հիմնելով իր ախորժակները:

Որպէս սուրիահայկրկնակի է մեր վիշտն ու ցաւը, հայրենիքի ողբերգութեան կ՛աւելնայ մեր ծննդավայրի անուան ցեխարձակումը «Սուրիացի վարձկաններ» որակումը լսելով:

Շուտով կը բոլորենք Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած պատերազմին տասնամեակը: Ցեղասպան թուրքի գլխաւորութեամբ եւ միջազգային տեսակաւոր շահերու քաղաքական «քոքթէյլի» արդիւնքն էր Սուրիոյ քայքայումի ծրագիրը:

Սուրիահայութիւնը, մասնաւորաբար Հալէպ, կ՛ապրի իր պատեանին մէջ, յարգալիր ու երախտագէտտեղացի արաբներուն նկատմամբ, նեղ շրջանակ մը կազմելով, միշտ քայլ մը հեռու քաղաքական հաշիւներէ:
Այս յարաբերութիւններու ընթացքին իւրաքանչիւրս ականատեսը եղած ենք յատկանշական դէպքերու, ուր արձանագրուած են զանազան արաբ անձնաւորութիւններու վեհանձն կեցուածքները:


Յիսունչորս տարիներ առաջ` 1967-ին, կրթական նախարարութեան որոշումով պետական տնօրէններ գործուղուեցան հայկական վարժարաններ, եւ անոնք կողք-կողքի կը պաշտօնավարէին դպրոցի տնօրէնին հետ: Անոնք ընդհանրապէս դրական տրամադրութիւններ ունէին: Հայկական վարժարաններուն մէջ հաստատուած կարգապահութիւնը կը թեթեւցնէր անոնց պատասխանատուութիւնը, որ ընդհանրապէս պետական կրթական ծրագրի իրագործման հսկողութեան մէջ կը կայանար:

Կրթական շրջանակներու մէջ երանելի էին հայկական վարժարաններ գործուղուած տնօրէնները, որոնց աշխատանքի ժամանակամիջոցը սահմանափակ էր, այսուհանդերձ սակաւաթիւ էին դժուարութիւններ յարուցող տնօրէնները:

Բազմաթիւ են ազնիւ, քաղաքավար, յարգալիր, խաղաղասէր նկարագիրով այն կրթական մշակները, որոնք հայասիրութեան զգացումներով կ՛օժտուէին իրենց առաքելութեան աւարտին:

Հայոց լեզուի ուսուցումը պետական կրթական ծրագիրէն դուրս մնալով` ուսանողի յաջողութեան միջին նիշին մէջ ներառուած չէ: Այս երեւոյթը պատճառ է, որ կարգ մը աշակերտներ անտարբերութեամբ վերաբերին հայերէնի դասապահերուն հանդէպ. այստեղ դերակատարութիւն ունի նաեւ գիտակից եւ հայրենասէր ծնողը:

Ճեմարան երբ նոճիներ կային

Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի մեր ուսանողութեան օրերուն հաճելի էր ճեմել նոճիներու շարքէն յառաջացած շաւիղներուն միջեւ, յատկապէսբարեխառն եղանակներուն, ուր յաճախ ազատ պահերուն ուսուցիչներ եւ աշակերտներ զբօսանքներու ժխորէն հեռու խաղաղ մթնոլորտը կը վայելէին:

Պետական տնօրէն ըսթեզ (պարոն, Ա.) Սամմանը սովորութիւն ունէր դասապահերու ընթացքին բակին մէջ գտնուող աշակերտներուն մօտենալու եւ հարց տալու անոնց դասարանէն դուրս գտնուելուն պատճառին մասին: Առիթով մը, հայերէնի դասէն բացակայող աշակերտի մը պատասխանը ստանալէ ետք, ըսթեզ Սամման կը յորդորէ ուսանողը` վերադառնալ դասարան եւ կը խրատէ, որ յարգանք ու սէր ունենայ իր մայրենի լեզուին հանդէպ, շեշտելով, որ այս կրթարանի նպատակը հայոց լեզուի ուսուցումն է: «Ձեր ծնողները եւ ազգին պատասխանատուները նիւթական հսկայական յատկացումներ կ՛ընեն քու բացակայած դասապահերդ իրենց զաւակներուն շնորհելու համար», ըսած էր ան:

Զարմանալի զուգադիպութեամբ զտարիւն եւ մեծահոգի արաբ ըսթեզ Սամմանը կը կրէր Հայոց ցեղասպանութեան բորենիներէն` Ապտիւլ Համիտի անունը:


Թապքա քաղաքը

Սուրիոյ երկրագործութեան եւ ըմպելի ջուրի մատակարարման գլխաւոր աղբիւրը Հայկական Բարձրաւանդակէն բխած Եփրատն է, որուն վրայ Թապքա շրջանին մէջ 1968 թուականին հիմը դրուեցաւ ամբարտակի մը, հոն կառուցուեցաւ նաեւ արդիական քաղաք մը, որ հետագային կոչուեցաւ «Ալ-Սաուրա», որ արաբերէնով «Յեղափոխութիւն» կը նշանակէ:

Այդ օրերուն բազմաթիւ արհեստաւորներ Սուրիոյ զանազան շրջաններէն, յատկապէս Հալէպէն, կայք հաստատեցին հոն` ռուս մասնագէտներու հետ կողք-կողքի աշխատելով սուրիական հայրենիքի կառուցման ի խնդիր:
Մտերիմ ընկերոջս հայրն ալ միացաւ այդ փաղանգին, հացի խնդիր էր: Բայց, բարեբախտաբար, շաբաթավերջին Հալէպ այցելութիւնը շոգեկառքով երկու ժամ տեւողութիւն ունէր:

Ամբողջ տասնամեակ մը անոր ընտանիքը հինգշաբթի երեկոյեան իրենց հօր հերթական ժամանումին կը սպասէր. օրին մէկը այդ սովորութիւնը ընդհատուեցաւ հեռաձայնային ցնցիչ լուրով մը, թէ` հայրը արդէն հիւանդատարով հասած է Հալէպ, հիւանդանոց:

Եօթանասունականներու աւարտին էր, երիկամներու լուացման գիւտը տակաւին չէր հասած մեզի: Այսպիսի անակնկալ եւ ցաւալի պայմաններու մէջ ընկերոջս հայրը, տակաւին հանգստեան տարիքին չհասած, սուգի մատնեց իր հարազատները:

Թաղման արարողութենէն օրեր ետք մեր պարտաւորութիւնն էր երթալ Թապքա, ջրամբարի բնակեցման տնօրէնութեան յանձնելու հանգուցեալին բնակարանը:

Տան մէջ անձնական իրերը հաւաքելու ընթացքին դրամատնային խնայողական տետրակին մէջ նկատեցինք մօտիկ անցեալին ծախսուած պատկառելի գումար մը: Եղանակը ձմեռնամուտ էր, ընկերս անմիջապէս կռահեց եղելութիւնը…

Սուրիոյ մէջ հացահատիկի մշակումը տարրական զբաղումն է ոչ միայն հողին հետ ապրող մշակներուն, այլ շատերու, որոնք նիւթական ներդրում կը կատարեն ցանողին` իրենց գումարին համապատասխան շահ մը ապահովելով, կը վստահին Աստուծոյ տալիք անձրեւներուն: Այս արդար վաստակը, առանց համաձայնագիրի, փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած է:

Այցելեցինք հանգուցեալին աշխատանքի վայրը` հոն հարց տալու եւ գտնելու համար մեզի անծանօթ գործընկերը:

Մեր ինքնաշարժը հազիւ մօտեցաւ ընդարձակ կառատան դարպասին, կողքի խուցէն դուրս եկաւ հաւատացեալի մօրուքով, անապատի արեւէն կոշտացած մորթով ծերունազարդ պահակը: Երբ տեղեկացաւ մեր այցելութեան պատճառին մասին, նախ Աստուծոյ ողորմութիւնը հայցեց ննջեցեալին հոգւոյն, յետոյ գոհունակութիւն յայտնելով Ալլահինըսաւ, որ ես ալ ձեզ կը փնտռէի, որովհետեւ հայրդ մօտս «ամանաթ» մը ունի, դրամատան տետրակին մէջի գումարը նոյնութեամբ յիշելով տեղեկացուց, որ արդէն հողին տակն է եւ կը սպասէ գարնան բարեբեր ցորեանի ծովերուն, որպէս արդար ժառանգորդի` որդւոյն շահաբաժինը վճարելու համար:

Մեզի կը մնար շնորհակալութիւն յայտնել եւ ապաւինիլ այդ վեհանձն մարդուն խոստումին: Ձմրան անձրեւները օրհնաբեր էին, բերքը` շահաբեր, ընկերոջս հանգուցեալ հօրը բախտը յետմահու ժպտաց եւ շօշափելի գումար մը ժառանգ թողուց:


Սուրիական անապատը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի Գողգոթան եւ մեր սուրբ նահատակներու գերեզմանը, մեր մեռելները մարմնի մէջ տարածուած արեան երակներու պատկերին նման սփռուեցան անծայրածիր աւազներուն վրայ: Պատահեցաւ, որ այդ հայորդիներէն ոմանք ապրեցան ֆիզիքապէսծառայելով տեղացիներուն մէջ որպէս հովիւ ու աղախին, ապա հոգեփոխուեցան դառնալով հարս ու փեսայ: Դառն ճակատագիր մը` «Ցկեանս նահատակներ»-ու, ինչպէս բնորոշած էր լուսահոգի գրագէտ Ճորճ Աբէլեանը:

Տասնամեակներու ընթացքին այդ որբերը փնտռուեցան, երախտաւորներ ձեռնարկեցին անոնց բացայայտումին եւ արեան կանչին:

Բազմաթիւ են սակայն այն դժբախտները, որոնք մնացին իրենց սահմանուած դառն ճակատագիրի պայմաններուն մէջ:
Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան օրերուն, այսպէս կոչուած հիւսիսային նահանգը` Սուրիան, կը ղեկավարուէր փարաւոններու երկրէն հասած պատասխանատուներու կողմէ:

Ականջալուր եղած եմ երէց ընկերոջս հետեւեալ սրտաճմլիկ պատումին:
Ան մէկն էր այն խումբ մը հայերէն, որոնք զրպարտութեան մը որպէս հետեւանք` յայտնուած էին բանտային կալանքի մէջ:

Սուրիոյ անապատի սիրտին վրայ կանգուն են աշխարհահռչակ պատմական Փալմիր քաղաքի աւերակները` իր Զենոպիա թագուհիին հետքերով, իսկ կողքին կը գործէր տխրահռչակ բանտ մը:

Բնականաբար կեանքը այնքան ալ հաճելի չէր այնտեղ` խիստ բանտապահներուն հսկողութեան տակ: Անոնցմէ մին դէպի Տէր Զօր իր ծնողաց արձակուրդէն վերադարձին, բոլորուին շրջուած վերաբերմունք կ՛ունենայ հայ տղոց նկատմամբ:

Կը սկսի հոգատարութեան, ապա` մտերմութեան նոր փուլ մը, այն աստիճան, որ անոնք յանդգնութիւն կ՛ունենան հարց տալու այս ընթացքին մասին:

Բանտապահը անկեղծօրէն կը տեղեկացնէ, որ երբ իր մօր պատմած է հայ բանտարկեալներու հարցին մասին, կինը բացայայտած է իր հայկական ծագումը եւ պատուիրած է որդւոյն եղբայրական վերաբերմունք ունենալ անոնց հետ, այլապէս «Կաթս հարամ կ՛ընեմ քեզի» ըսած է հայ մայրը:
Նման դէպքերու եւ պատահարներու մասին գրականութիւն մշակուած է: Որբերը մեր նախահայրերն են այսօր, իսկ անոնց հաւաքին ձեռնարկողները եւ զանոնք թուրքերու ճիրաններէն խլողներըմեր ազգին անյայտ հերոսները: Վեհանձն արաբներ յաճախ օժանդակած են անոնց: Բազմաթիւ են անհետ կորսուած որբուկները, ոմանք գտնուած են, սակայն արդէն հաշտուած իրենց ճակատագիրին հետ: Ցեղասպանութեան հետեւանքներէն` մեր որբերը, հարիւրամեակէ մը ի վեր հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան խճանկարին վրայ կոտտացող վէրքերէն են, որոնք տակաւին չեն սպիացած:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.