İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Այսօր Ընթացք Կ՛առնէ Զարիֆի Ազրպէյճան, Ռուսիա, Հայաստան Եւ Վրաստան Շրջապտոյտը

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ շրջանային այցելութեան ծիրին մէջ այսօր պիտի մեկնի Թուրքիա, Ռուսիա եւ անդրկովկասեան երեք երկիրներ:

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնըԻրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէն մէջբերելով կը հաղորդէ, որ Զարիֆի գլխաւորած պատուիրակութեան քաղաքական եւ երկկողմ յարաբերութիւններուն առչնուող խորհրդակցութիւններուն նուիրուած շրջագայութիւնը պիտի սկսի երկուշաբթի օր:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը Թուրքիայէն բացի պիտի այցելէ նաեւ Ազրպէյճան, Ռուսիա, Հայաստան եւ Վրաստան:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.