İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Վաստակաւոր Դերասան Ու Բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեան

Հայաստանի մէջ 68 տարեկանին ուղեղային կաթուածի իբրեւ հետեւանք մահացաւ դերասան, բեմադրիչ, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Վիգէն Ստեփանեանը:

Վիգէն Ստեփանեան 1973 թուականին ընդունուած է Երեւանի Կ. Սթանիսլաւսքիի անուան թատրոնին կից դերասանական բաժանմունք, ուր մինչեւ 1977 թուական աշխատած է իբրեւ դերասան: 1977-1989 թուականներուն իբրեւ դերասան աշխատած է Երեւանի Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ: 1988-1992 թուականներուն ուսանած է Երեւանի գեղարուեստական-թատերական հիմնարկի բեմադրութեան բաժինին մէջ:

1989 թուականին հիմնած է «Արձագանգ» թատրոն-աշխատանոցը, որ 1991 թուականին հիմք դարձաւ «Մեթրօ» թատրոնին, եւ մինչեւ 1994 թուական Ստեփանեան եղած է թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարն ու տնօրէնը:

1994-2003 թուականներուն գործած է Լիբանանի մէջ` Համազգայինին հետ: Եղած է Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի հիմնադիր եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ: Դասաւանդած է Լիբանանի Ազգային վարժարաններուն եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին մէջ: Մեծ է անոր վաստակը լիբանանահայ դերասանական-բեմադրական մարզին մէջ, որովհետեւ Վիգէն Ստեփանեան իր ներդրումը ունեցաւ ապագայ սերունդ պատրաստելու առումով:

2003 թուականին` վերադառնալով Հայաստան, կրկին ստանձնած է «Մեթրօ» թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարի պաշտօնը: 2007 թուականին իբրեւ հրաւիրուած դերասան եւ բեմադրիչ աշխատած է տարբեր թատրոններու մէջ:

2014 թուականի հոկտեմբերին Վիգէն Ստեփանեան նշանակուած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի բեմադրիչ: Իբրեւ բեմադրիչ համագործակցած է նաեւ Հայաստանի Համազգային թատրոնին հետ:

Խաղացած է աւելի քան 100 դերեր տարբեր թատրոններուն մէջ, բեմադրած է 43 ներկայացումներ տարբեր երկիրներու մէջ եւ տարբեր լեզուներով, դերեր ստանձնած է աւելի քան 50 ժապաւէններու մէջ, խաղացած է աւելի քան 60 պատկերասփիւռի առնչուող ներկայացումներու մէջ: Երեք տարի շարունակ եղած է «Երեւան-Էրեբունի» տօնակատարութեան գլխաւոր բեմադրիչը: Գրած եւ բեմականացուցած է աւելի քան 10 թատրերգութիւն:

Վիգէն Ստեփանեանի մահով հայկական դերասանական-բեմադրական մարզը կը կորսնցնէ վաստակաշատ արուեստագէտ մը, որ տակաւին մեծ աշխատանք ունէր կատարելիք:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.