İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպ-Լոյսին հետ յո՞յսն ալ չքացաւ…

Մանուէլ Քէշիշեան

-Քեզի հեռաձայնեցի՞ն:

-Ո՛չ, քեզի:

-Ինծի ալ դեռ չհեռաձայնեցին, բայց Պօղոսին հեռաձայնած են եղեր:

Նոր տարիէն առաջ սկսած այս խօսակցութիւնը մինչեւ հիմա ալ յաճախ կը լսուի Հալէպի մէջ, մարդիկ փողոցը զիրար բարեւելէ ետք, այս հարցումը կ’ուղղեն իրարու:

Ամէն տարեվերջ Կաթողիկէ Համաշխարհային Եկեղեցիներու Բարեսիրական Միութիւնը (CARITAS) իր նպաստընկալներուն օգնութեան քարթերը ետ կ’առնէ անոնցմէ, յաջորդ տարեսկզբին կրկին վերադարձնելու համար: Վերջին երկու տարիներուն այս գործողութիւնը կը կատարուի նպաստընկալներու թիւի որոշ կրճատումով, որն ալ մտահոգութեան պատճառ կը դառնայ. բոլորը կը մտմտան.«Ի՞նչ պիտի ըլլայ վիճակս եթէ իմ անունս հանեն ցանկէն»: Այս տարի իրադրութիւնը աւելի մտահոգիչ դարձաւ, նկատի ունենալով, այն որ առաջ ԳԱՐԻԹԱՍ-ը նիւթական օգնութիւնները կը տրամադրեր քանի մը կազմակերպութիւններու խողովակով, ապա այս տարի որոշած է միայն եկեղեցիներու միջոցով կատարել օգնութիւնները, այսինքն այլեւս իւրաքանչիւր նպաստընկալ ընտանիք իր պատկանած համայնքի եկեղեցիէն պիտի ստանայ ԳԱՐԻԹԱՍ-ի կողմէն իրեն յատկացուած գումարը:

Մարդիկ իրար անցած են. ուրեմն, եթէ կրճատումներ ըլլան միութիւններէն փոխանցուած ցանկերէն պիտի ըլլան հաւանաբար, եկեղեցին իր նախկին ցանկը բնականաբար պիտի պահէ:

-Մենք ձեզի կը հեռաձայնենք,- ըսած էին միութենական պատասխանատուները իրենց նպաստընկալներուն:

Յունուար ամսուայ կէսէն աւելին անցաւ եւ դեռ մարդիկ կը սպասեն: հոսկէ հոնկէ կը լսեն, որ քանի մը անձերու հեռաձայնած են, եւ սպասումը կը վեrածուի տարակուսանքի:

Յետո՞յ: Յետոյ այն որ մարդիկ ապրուստի միջոց հայթայթելու համար իրենց աշխատանքին չափ կ’ապաւինին օգնութիւններու:

-Հապա ի՞նչ ընենք, -.կը գոչէ պաշտօնեայ մը.- Քու ամսականդ քեզի կը բաւէ՞:

Անշուշտ չի բաւեր, ոեւէ մէկուն ամսական աշխատավարձը իրեն չի բաւեր: Աշխարհի մէջ կա՞յ անկիւն մը ուր ընտանիք մը ապրի 20-30 տոլարով: Չէք հաւատար, չէ՞, որ Հալէպի մէջ ուսուցիչի մը աշխատավարձը զէրոյի հաւասար է, չէք կրնար երեւակայել, չէ՞, որ ընտանիք մը երկու աշխատող անձ ունենալով հանդերձ, չի կրնար ամսուայ կէսն իսկ մարդավարի ապրիլ: Ինչպէ՞ս պիտի կարենաք պատկերացնել, որ հացն իսկ գոյացած հերթերու պատճառաւ, փուռէն գնելու համար քանի մը ժամ կարգի պէտք է կենաս կամ կրկնակի, եռակի, քառակի վճարես: շատ դժուար է պատկերացնել, թէ ելեկտրակաութիւնը օրական 3-4 կամ 2-3 ժամ անկանոն պիտի ունենաս եւ ստիպուած տասնապատիկ, քսանապատիկ, երեսնապատիկ աւելի պիտի վճարես, որպէսզի ելեկտրածին (generator)ներու շնորհիւ հեռատեսիլ դիտես, մանաւանդ այս օրերուն, երբ ամէն վայրկեան կը վախնաս, որ Հայաստանէն եւ Արցախէն գէշ լուր մը պիտի առնես: Իսկ Հայաստանէն եկած լուրերը լաւ խապրիկներ չեն, չեն ուրախացներ քեզ, ընդհակառակն աւելի կը տխրեցնեն, թէեւ, ինչպէս որ դուք չէք կրնար մեր տխուր վիճակը պատկերացնել, մենք ալ չենք կրնար հայրենիքի մէջ կատարուած ողբերգութեան ահագնութիւնը ամբողջութեամբ զգալ կամ գիտակցիլ, որքան ալ ըսենք, խօսինք, պոռանք, որ հինգ, վեց կամ եօթ հազար զոհ տուած ենք, ութ հազար քառակուսի քիլօմեթր հող գրաւած են մեզմէ, հարիւրէ աւելի գերիներ կան, հազարաւոր վիրաւորներ, որոնց վաղը Երեւանի փողոցներուն մէջ մէջ պիտի հանդիպինք արհեստական ոտքերով կամ ձեռքերով: Չենք կրնար այս ամէնը երեւակայել կամ հաւատալ, որ այս ողբերգութիւնը իրականութիւն է… ո՞վ կրնայ հաւատալ, Հայաստանի մէջ ապրողը կրնա՞յ հաւատալ:

Քաղաքականութիւնը զիս չի հետաքրքրեր, բայց որպէս մարդ կ’ուզեմ պոռալ.-Ինչո՞ւ… կը պահանջեմ, որ որպէս մարդ մէկը կարենայ ինծի պատասխանել: Ես կը սարսափիմ զաւակ կորսնցուցած ճչացող մօր նկարն իսկ դիտելէ, բայց չեմ ուզեր, որ ոեւէ մէկը աչքը փախցնէ եւ չտեսնել ձեւացնէ այս ողբերգութիւնը: Հո՛ս, Հալէպի մէջ կը զգամ, որ ես ալ յանցակից եմ, ես ալ, մեղքի իմ բաժինս ունիմ, ես ալ պէտք է «բան» մը ընեմ հայրենիքիս վերականգնումին համար:

Կը ներէք, գիտեմ, որ այս ըսածներս խօսքի սահմանէն անդին չեն անցնիր եւ իրականութեան մէջ օդին մէջ կը մնան եւ միմիայն գիտակցուած խաբկանքով ինքզինքս մխիթարելու կը ծառայեն, եւ անկե՞ղծ արտասանուած խօսքեր են, թէ՞ սուտ, միեւնոյնն է, որեւէ բան պիտի չփոխեն դառն, շատ դառն իրականութենէն:

Վերադառնամ Հալէպ, ուր ամէն ինչ գորշ է, ուր հացը, մազութը, փիւթակազն ու պէնզինը սահմանափակ քանակով մեր հերթին սպասելով, ընտանեկան յատուկ քարթերով կը գնենք: Ասոնց կ’աւելնայ նաեւ շաքարը՛ բրինձն ու ձէթը, երբ որ պետութիւնը կարենայ ապահովել: Այս վիճակը պիտի մնայ նոյնը, որովհետեւ ժողովուրդին մեծ մասը սնանկացած է, որովհետեւ պետութիւնը սնանկացման դուռին կանգնած է, իսկ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ միլիարդատէրեր մենք, ապագայի հանդէպ անյոյս ենք:

Յոռետե՞ս եմ: Ո՛չ, իրատես եմ, ինչպէս միշտ: Իրականութենէ փախուստ տալը եւ ջայլամութիւնը ի՞նչ պիտի փոխէ մեր կեանքէն, աւելի շա՞տ դրամ պիտի շահինք, մեր շահածը աւելի լա՞ւ պիտի ապրեցնէ մեզ: Աւելի շա՞տ մազութ պիտի ունենանք եւ մեր փոքրիկները տա՞ք տուներու մէջ պիտի մեծնան, թէ՞ պիտի ամչնանք ձեռքերնիս ամէն պատահած տեղ երկարելէ օգնութեան ակնկալիքով:

Հալէպը իր տարտերը ունի, Հալէպցին նաեւ ուրախանալու առիթներ շատ ունի, մենք կ’ուրախանանք, իմանալով որ բոլոր դպրոցականներուն տաք վերարկուներ պիտի տրուին, կ’ուրախանանք, երբ մեր կարգը գայ տարեկան յատկացուած հարիւր լիթր մազութը ստանալու, կ’ուրախանանք, երբ ամէն անգամ ելեկտրականութիւն գայ, երբ փիւթակազի շիշ մը գնելու մեր կարգը մէկուկէս ամիսէն գայ, փոխանակ 2-2,5 ամիսէն գալու, չէ՞ որ պետական գինը 2700 է, իսկ դուրսը՝ ութ կամ տաս անգամ աւելի սուղ:

Կրցա՞ք պատկերացնել մեր վիճակը: Չեմ կարծեր:

Լա՛ւ, մէ՛կ բան նկատի առէք: Եթէ թաքսի կը նստիս, մէկ աշխատավարձ թաքսիի պէտք ունիս, իսկ թաքսի պէտք է նստիս, որովհետեւ խճողուած հանրակառքերը Գորոնայի բոյն են:

Քալելով գնա՛,- պիտի ըսէք, եւ պատասխան պիտի ստանաք.

-Այո՛, մարդիկ յաճախ կը քալեն՝ նոյնիսկ երբ հիւանդ են եւ երթալիք տեղերնին դարմանատուն մըն է…

Եթէ օրական երկու տուփ կը ծխես, ամէնէն աժան սիկարէթի համար մէկուկէս աշխատավարձի պէտք ունիս:

-Քի՛չ ծխէ,- պիտի հրամայէք:

-Այո՛, շատեր, որոնք նոյնիսկ առողջական պատճառներով չէին կրցած հրաժարիլծխելէ, հիմա նիւթականի չգոյութեան պատճառաւ կը ստիպուին չծխել, կամ կը բաւականան օրական ասկէ-անկէ քանի մը սիկարէթ մ…

Մէկ աշխատավարձ ճէնէրաթորի վարձք պէտք է վճարես: Նոր հագուստ պէտք չէ գնես, արդէն, հին գործածուած հագուստներ վաճարող խանութներու թիւը օրէ օր կը շատնայ… Ուտելիքդ ի՞նչ պիտի ընես, զաւակներդ, այո՛, այո՛, զաւակներդ ինչպէ՞ս պիտի կերակրես… ասոր ալ պատասխանը դուն տուր:

Ըսելիքներս այս անգամուան համար վերջացան. վերջակէտ դրի եւ «Ադամեան» թատերախումբի տաքուկ սենեակէն ելայ: Ակումբի երբեմնի եռուզեռը չկայ այլեւս: Քանի մը պատասխանատուներ կային միայն: Բարեւեցինք իրար.

-Ինչպէ՞ս էք, տղաք.- հարցուցի:

-Եթէ ըսենք՝ լաւ ենք, պիտի հաւատա՞ք:

Պիտի չհաւատայի… աւելի լաւ է սովորական այս հարցումը չհարցնես Հալէպի մէջ:

-Ցտեսութիւն,- ըսի:

-Հայաստանէն ի՞նչ լուր, գոնէ Հայաստանէն լաւ լուր մը տուր, պարոն:

Գլխու անորոշ շարժում մը ընելով դուրս ելայ ակումբէն: Երեկոյեան ժամը ութն էր: Փողոցները մութ ու դատարկ էին:

Լոյսին հետ յո՞յսն ալ չքացած էր…

Ամէն պարագայի պէ՞տք է յոյսի նշոյլ մը պահել, չէ՞ որ երկրին վսեմաշուք նախագահը կը յայտարարէ.

-Քաղաքացին իրաւունք ունի արժանապատիւ կերպով ապրելու:

Հալէպ, 20 Յունուար 2021


https://www.civilnet.am/news/2021/01/20/%D5%80%D5%A1%D5%AC%D5%A7%D5%BA-%D4%BC%D5%B8%D5%B5%D5%BD%D5%AB%D5%B6-%D5%B0%D5%A5%D5%BF-%D5%B5%D5%B8%D5%9E%D5%B5%D5%BD%D5%B6-%D5%A1%D5%AC-%D5%B9%D6%84%D5%A1%D6%81%D5%A1%D6%82/416694

Yorumlar kapatıldı.