İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Թենիս. Մարկարիթա Գասպարեան Կը Մասնակցի Աւստրալիոյ Բաց Ախոյեանութեան

Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Մարկարիթա Գասպարեանին առիթ տրուած է մասնակցելու Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի բաց ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:

Հայ մարզիկը Աւստրալիա պիտի մեկնի իբրեւ «Լաքի լուզըր»:

Նշենք, որ զտումի մրցումներուն 26 տարեկան Գասպարեան երկու յաղթանակ արձանագրելէ ետք պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Այս տարի Աւստրալիոյ կրան շլեմի մրցաշարքի ախոյեանութեան մեկնարկը պիտի տրուի 8 փետրուարին:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.