İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Եւրոպական Միութիւնը Եւ Սորոսը. Ազգերն Ու Ժողովուրդները Ապազգայնացնելու Հիմնադրամ Եւ Ծրագիր

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ա.- «Ռուսիա Այսօր» լրատուական գործակալութիւնը (RT, Russia Today) իրերայաջորդ` 28 եւ 29 նոյեմբեր 2020-ին անդրադարձաւ Լեհաստանի եւ Հունգարիոյ բարոյական-ազգայնական անշեղ կեցուածքներուն, որոնց թարգմանաբար կ՛անդրադառնամ ստորեւ.

Առաջինին խորագիրն է. «Հունգարիան եւ Լեհաստանը ճիշդ կը համարեն աւանդական արժէքները դրամէն առաջ դնելը, եւ Եւրոպական Միութեան սեռափոխութեան իրաւունքները խթանելու բռնապետական ծրագիրին կը դիմադրեն» (1):

«Սեռափոխութեան խորշանք չէ Հունգարիոյ եւ Լեհաստանի փափաքըճանչնալ միայն տղամարդոց եւ կանանց (ոչ նաեւ 6 այլ «սեռերու») իրաւունքները եւ պահպանել անոնց աւանդական, պահպանողական կեանքի ձեւը: Սակայն այս մէկը բախումի մէջ կը դնէ զանոնք Եւրոմիութեան կողմէ առաջարկուող LGBTIQ վեց տեսակի սեռային ոչ աւանդական վիճակներու (միասեռական կին կամ` տղամարդ, երկսեռական, սեռափոխական եւ 2 այլ վիճակ, որոնց հայերէնը չգտայ) նոր օրէնքներուն հետ:

«Եւրոմիութիւնը կ՛ուզէ դաս տալ Հունգարիոյ եւ Լեհաստանինստիպելով իր նոր առաջարկած ծրագիրը «խթանել սեռային հաւասարարութիւնը» այս ազգերուն կոկորդն ի վար: Այս կը նշանակէ, որ եթէ կառավարութիւն մը պաշտպանէ այն տեսակէտը, որ կան միայն երկու սեռեր` կին եւ տղամարդ, անոնք կը մեղադրուին Եւրոմիութեան «արժէքները» ոտնահարելու մէջ եւ կը դիմագրաւեն լուրջ տնտեսական պատժամիջոցներ:

«Եւրոպական յանձնաժողովը, որ վերջերս ներկայացուց իր «Առաջին Եւրոմիութեան ռազմավարութիւնը այս վեց սեռային խմբաւորումներուն հաւասարութեան համար», պարզապէս շահագրգռուած չէ մի՛այն ժողովուրդը պաշտպանելով խտրականութենէն: Ատոր նպատակն է օրէնք ընդունիլ, որ նախատեսուած է «Պաշտպանել ծիածանի ընտանիքներու (այսինքն` այս 6 խմբաւորումներուն պատկանող որեւէ ձեւի զոյգերուն) իրաւունքները, որպէսզի անոնց ծնողական եւ նոյն (տեսակաւոր) սեռի ընկերութիւնը ճանչցուին ամբողջ միութեան տարածքին»:

«Այս հարցերուն վերաբերեալ օրէնսդրութիւն հաստատելովկարելի է համարել, որ իւրաքանչիւր անհատ կամ կառավարութիւն, որ կը մերժէ գործել նորաստեղծ օրէնքին համապատասխան, կը մերժէ օրինական պետութիւն ըլլալ: Եւ որեւէ ժողովուրդ, որ կը մերժէ իր օրէնքի գերակայութեան սահմանումը, ինքնաբերաբար կը նկատուի իբրեւ հակաժողովրդական մերժուած պետութիւն, որ կը մերժէ Եւրոմիութեան արժէքները:

«Եւրոմիութեան այս մարտավարութեան գլխաւոր նպատակն է Հունգարիոյ եւ Լեհաստանին առիթ տալընդունելու նոր օրէնքը, կամ լուրջ պատիժ ստանալ: Պրիւքսելի յանկարծակի շտապումը, աղէտալի համաճարակին ընթացքին, սեռայինի հետ առնչուող այս ռազմավարական փաստաթուղթերը հրատարակելու նպատակ ունէր օգտագործելու այս հարցը Լեհաստանը եւ Հունգարիան պատժելու համար, որ Եւրոմիութեան սակաւապետութիւնը անհնազանդ վարք կը համարէ: Եւրոմիութեան այս խաչակրութեան թիրախն են չգործակցող արեւելեան Եւրոպայի երկիրներըքրէականացնելու համար այնպիսի վարմունքներ, որոնք այդ հասարակութիւնները բնական կը համարեն: Օրինակ, Հունգարիոյ մէջ կին եւ տղամարդ յարաբերութիւնը միայն բնական կը նկատուի, որ, սակայն, ատիկա Եւրոմիութեան կողմէ մշակութային ոճիր կը համարուի:
«Հունգարիոյ եւ Լեհաստանի կառավարութիւնները նշած են, որ իրենք խստօրէն կը պաշտպանեն տղամարդոց եւ կիներու հաւասարութիւնը, սակայն միեւնոյն ժամանակ իրենք կը մերժեն Եւրոմիութեան պահանջները
սեռային (ամէն 7 տեսակի) հաւասարութեան սրբացումը:

«… Հունգարիոյ մնայուն ներկայացուցչութեան անդամ մը ըսաւ. «Սեռ հասկացողութեան սահմանելը կ՛իյնայ անդամ պետութիւններու բացառիկ իրաւասութեան տակ, որ պէտք է յարգուի… Ուրեմն Եւրոմիութեան վաւերագրերը միայն պէտք է պարունակեն վերագրումներ, որոնք ընդունելի են իւրաքանչիւր անդամ պետութեան, հիմնուած իրաւական հաստատ հիմերու վրայ` համախոհական սահմանումներ»:

«Սակայն Եւրոմիութիւնը համախոհութիւն չի փնտռեր: Ո՛չ ալ պատրաստ է հանդուրժել կարծիքներու բազմազանութիւն եւ աւանդութիւններ` սեռային յարաբերութեան եւ ընտանեկան կեանքի վերաբերեալ: Ան կը հաւատայ, որ միայն ինքը որոշելու իրաւասութիւնը ունի այս մտերմիկ եւ բարոյական հարցերուն մէջ:

«Եւրոմիութիւնը յոյս ունի, որ դրամական տրամադրումը կապելով իր յղացած LGBTIQ-ի վարքի ընդունման հետկը կարենայ ստիպել Հունգարիոյ եւ Լեհաստանին ընդունիլ գաղութային հպատակներուն տրուած հրահանգի մը նման: Վերջերս այս ժողովուրդներուն առաջնորդներուն կատարած յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ գոնէ առ այժմ այս մարտավարութիւնը արդիւնք պիտի չտայ: Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը պատճառաբանած է, որ բարոյական արժէքները դրամէն աւելի կարեւոր են:

«Իրականութեան մէջ Եւրոմիութիւնը մտահոգ է, որ միայն Հունգարիան եւ Լեհաստանը չեն, որ կը մերժեն այս հրահանգը: Միլիոնաւոր մարդիկ Եւրոպայի մէջ այս օրէնքը իբրեւ իրենց կենցաղին ականահարում կը նկատեն: Անոնք խորապէս կը փափաքին, որ իրենց կառավարութիւնները քաջութիւնը կ՛ունենան դիմադրելու Պրիւքսելի այս կայսերական փառամոլութեան»:

Բ.- Երկրորդ յօդուածին խորագիրն է«Հունգարիոյ մշակութային յանձնակատարը կայծ կու տայ վիճաբանութեան վառօդի տակառին Եւրոպան նկարագրելով իբրեւ Ճորճ Սորոսի` կազով մահուան սենեակը» (2) (ակնարկութիւնը նացիներու կողմէ լեհերու եւ հրեաներու թունաւոր կազով զանգուածային մահուան արգելոցներուն մասին է*):

«Զիլարտ Տիմիթըր (Szilard Demeter), որ նախարարական յանձնակատար եւ Պուտափէշտի Փեթոֆի գրական թանգարանի տնօրէնն է, գործածեց խիստ գրգռիչ լեզունկարագրելու համար հունգար-ամերիկացի դրամատէր Ճորճ Սորոսը եւ անոր ենթադրեալ ազդեցութիւնը Եւրոմիութեան քաղաքականութեան վրայ: «Եւրոպան Ճորճ Սորոսի կազով մահուան սենեակն է» գրեց պետական մշակութային յանձնակատարը առաջնորդող յօդուածի մը մէջ (հունգարական «Օրիկօ» առաջատար լրատուական կայքէջին մէջ*): «Թունաւոր կազ կը հոսի (Սորոսի) բազմամշակութային բաց հասարակութեան պատեանէն, որ մահացու է եւրոպական կենցաղին համար»: Ան շարունակելովՍորոսը «Ազատամիտ բռնակալ» որակեց, պնդելով, որ այս գործարարին «Ազատա-արիան բանակը իրեն աւելի կ՛աստուածացնէ, քան Հիթլերինը»:

«Յօդուածը գրուած է իբրեւ նախատինք ՊրիւքսելիԼեհաստանի եւ Հունգարիոյ նկատմամբ աճող թշնամանքի դաշինքին մէջ իրաւական կանոններու եւ մարդու իրաւունքներու ենթադրեալ խախտումներուն կապակցութեամբ:

«Ըստ Տիմիթըրի, հունգարացիները եւ լեհերը Եւրոպայի «նոր հրեաներն» են: Երկու երկիրները արգելակած են Եւրոմիութեան համավարկին շարադրանքը, որ կրնար զերծ պահել պսակաժահրի (Covid-19) օժանդակութեան յատկացուած գումարները այն երկիրներէն, որոնք ժողովրդավարական չափանիշները չյարգելու մէջ կը մեղադրուին: Վարշաւիան եւ Պուտափեշտը դատապարտեցին այս պայմանը իբրեւ հալածանք` ուղղուած իրենց ընկերային պահպանողական կառավարութիւններուն:

«Մինչ Հունգարիոյ կառավարութիւնը բացայայտօրէն Սորոսի ազատամիտ նպատակներով, անոր դրամական հարուստ միջոցներով քարոզչութեան դէմ կ՛արտայայտուէր, ներառեալ` Եւրոմիութեան խնդրայարոյց ներգաղթի բաց քաղաքականութիւնը, որ ճգնաժամի առաջնորդեց, կը թուի, թէ Տիմիթըրի յօդուածը շատերուն համար կարմիր գիծը անցած է:

«Առաջնորդող յօդուածը զայրոյթ յառաջացուց Հունգարիոյ Միացեալ հրէական միաբանութեան կողմէ, որ յօդուածը որակեց «անճաշակ» եւ «աններելի»: Նոյնպէս, Պուտափեշտի մէջ Իսրայէլի դեսպանատունը իր զայրոյթը յայտնեց. «Մարդկութեան պատմութեան մէջ տեղի ունեցած ամենավատ յանցագործութիւնը կամ անոր հեղինակները որեւէ ժամանակակից բանավէճի, որքան ալ որ կարեւոր ըլլայ, կարելի չէ զուգահեռը համարել»:

«Սորոսը, ինքն ալ հրեայ, Հունգարիոյ մէջ մեծցած է եւ` Ողջակիզումէն վերապրած: Սակայն շատեր կը պնդէին, որ Տիմիթըրի փոխաբերութիւններուն հակադարձութիւնը անտեղի էր: Հիթլերի հետ բաղդատականը «Դեմոկրատ քաղաքագէտները ամէն օր Թրամփի համար կը գործածեն նոյն փոխաբերութիւնները», ըսաւ դիտորդ մը:

«Վարչապետ Վիքթոր Օրպանը տարիներ շարունակ պայքարած է Սորոսի դէմ` իր կառավարութեան կողմէ օրէնսդրութիւն ընդունելով, որ միլիառատիրոջ կողմէ տնտեսուող համալսարանն ու բարեգործութիւնը երկրէն դուրս մղեց»:

Ինչպէս յայտնի է, Սորոսը եւ իր կազմակերպութիւնները վտանգաւոր ներկայութիւն են նաեւ Հայաստանի մէջ (3), եւ այսպէս կոչուած «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» անոր եւ իր հետեւորդներուն ձեռքին գործն է: Սորոս բացարձակապէս ազգային, աւանդական, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան դէմ է եւ կը ձգտի ապազգայնացած եւ առանց պատկանելիութեան աշխարհաքաղաքացիներ պատրաստել:

Հայաստանի բոլոր իշխանութիւնները «ափ մը տոլարի համար» եւ «ցանկացած ներդրում» բնաբանով մեր երկիրը մտցուցին ամէն տեսակ յոռի գաղտնի ու յայտնի կազմակերպութիւններ, ընկերութիւններ եւ ընկերակցութիւններ, որոնք իր գագաթնակէտին հասցուց ներկայ ազգակործան իշխանութիւնը, որ հայոց պատմութեան դասագիրքերը թրքացուց, պարտադիր հայերէն նիւթերը համալսարանական ծրագիրէն վերցուց եւ մեր ազգային եկեղեցւոյ դէմ պայքար մղեց` ստանալով Սորոսի բարենիշը:

Սակայն քանդեց ու կործանեց Արցախը եւ Հայաստանը, սուգի մատնեց հայ ազգը ամբողջութեամբ:

Որեւէ բանականութիւն ունեցող հայ, մանաւա՛նդ` սփիւռքի ազգային բովէն անցած անձ, որ այս ազգակործան իշխանութիւնը կը պաշտպանէր եւ կը պաշտպանէ տակաւին, շատ յստակ դարձաւ, որ անոնք ալ Սորոսի հիմնադրամէն օգտուողներ են:

Մենք անհրաժեշտ կարիքը ունինք Վիքթոր Օրպանի նման ազգայնական վարչապետի մը եւ անոր կառավարութեան, որ երկրէն դուրս դնէ Սորոսն ու միւս բոլոր ապազգային կազմակերպութիւնները, վերադառնալու հզօր ազգ, հայրենիք եւ բանակ կերտումին:

5 դեկտեմբեր 2020
haroutchekijian.wordpress.com

(1) https://www.rt.com/op-ed/508046-hungary-poland-eu-trans-rights/
(2) https://www.rt.com/news/508146-soros-hungary-nazi-hitler-comparison/
(3) www.youtube.com/watch?v=R1KqWkKMFLg


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.