İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Այսօր Երկինքը Կը Ցնծայ… (Ի Յիշատակ Վաղամեռիկ Հոգեւոր Հայրիկիս` Հոգելոյս Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի)

ՍԱՐԳԻՍ ՍՐԿ. ԿԻՏԱՆԵԱՆ

Այսօր երկինքը կը ցնծայ, որովհետեւ իր գիրկը առաւ հաւատարիմ սպասաւոր մը. Մեղրիկ եպիսկոպոս Բարիքեան ոչ եւս է:

Եւ երբ մութը երկիրը կը պատէ, միւս կողմը երկինքը կը ցնծայ, որովհետեւ «հանգիստ կը գտնէ» (Սղ. 62) հաւատարիմ, խնամակալ, ծառայասէր, բծախնդիր, անշահախնդիր եկեղեցական մը. եկեղեցական մը, որ իր վախճանումով ցնցեց երկիրը տիեզերաց` մեկնելով ի յաւիտենականութեան:

Մեղրիկ սրբազանը բառին ամբողջական իմաստով գլխագիր ՄԱՐԴ էր:

Մարդոց միջեւ բացարձակ խտրութիւն չէր դներմեծին հետ մեծ, պզտիկին հետ` պզտիկ:

Ան իր կեանքը նուիրած էր հայ եկեղեցւոյ եւ իր դարաւոր ժողովուրդին` իր ազդեցութիւնը ձգելով իր կեանքէն անցած իւրաքանչիւր անձի վրայ:

Ազատե՛ց երիտասարդներ մահուան հոսանքէ,
ցանեց հաւատք անհաւատներուն մէջ, ուժ տուաւ տկար անձերուն, մխիթարեց սգաւորները, ընկեր եղաւ մենակեացներուն, հայրորբերուն, ուսուցիչ աշակերտներուն, բժիշկ` հիւանդներուն, ձեռքը երկարեց աղքատներուն, հաւատարիմ եղաւ իր մեծերուն:

Եւ երբ այսօր անոնք բոլորը կը սգան, երկինքը կը ցնծայ. որովհետեւ այսօր հայր Մեղրիկ ԻրենՔրիստոսի հետ է դրախտին մէջ (Ղս. 23:43):

Եւ երբ այսօր աշխարհը ծով արցունք կը թափէ, երկինքը կը ցնծայ, որովհետեւ արժանաւոր ծառայ մը, որ լսեց եւ հաւատաց, յաւիտենական կեանքին արժանացաւ եւ պիտի չդատապարտուի (Յվ. 5:24):

Եւ երբ այսօր Հայաստանեայց եկեղեցին ամբողջութեամբ ցնցուած է, երկինքը կը ցնծայ, որովհետեւ երկինքի քաղաքացի մը եւս աւելցաւ (Փլ. 3:20):

Բնականաբար, կորուստը մեծ է հայ եկեղեցւոյ, սակայն ժառանգութիւնը մեծ է դրախտին մէջ:

Սիրելի՛ հոգեւոր հայրս, հանգչիր խաղաղ, թող որ քու ցանած հատիկներդ հնձուին առատ, հնձուին ծաղկուն եւ հնձուին հաստատ:

16 յունուար 2021
Թորոնթօ


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.