İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՄԵՂՐԻԿ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 18 Յունուար 2021 թուակիր նամակով ցաւակցութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին։

Կիլիկեան Ս. Աթոռոյ վաստակաշատ միաբաններէն եւ Դպրեվանուց Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Ս. Եպիսկոպոս Բարիքեանի վախճանման առթիւ գրի առած ցաւակցագիրին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադառնալով “Հոգելոյս Սրբազանի, հակառակ յարաբերաբար երիտասարդ տարիքին, ետին թողած երեսուն եւ երկու ամեայ հոգեւոր ու վարչական ծառայութեան՝ ի սպաս դրուած Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ իր խնամքին յանձնուած ժողովուրդին հոգեւոր մխիթարութեան”, ըսաւ.

“Մեր յիշողութեան մէջ դարմ է Հոգելոյս Սրբազան Հօր Մայրավանքին մէջի ծառայութիւնը՝ երբ այցելեցինք Անթիլիաս։ Եւ, ինչպէս Ձեր Վեհափառութիւնը իր դամբանականին մէջ յիշեց, Հոգելոյս Սրբազանը համակ ծառայութիւն էր, ուր եւ ինչ պաշտօնի վրայ ալ ըլլայ։

Լաւ գիտենք, թէ Ան որքան սիրուած էր եկեղեցական դասու առընթեր Դպրեվանեցի սաներէն։ Իր ամէն դասակարգի հաւատացեալէ վայելած ժողովրդականութիւնն ու յարգանքը ցուցիչն է, թէ ան պահած էր իր նախորդներուն գիծը”։

Նորին Ամենապատուութիւնը, Իր, Պատրիարքական Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովի, Հոգեւորականաց Դասու, համայնքային եւ թաղային մարմիններու վարիչներու եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի, ցաւակցութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան եւ Կիլիկեան Ս. Աթոռի միաբանութեան եւ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։

Աղբիւր։ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔՈՅ https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın